Երկուշաբթի, 02. 03. 2026

spot_img

ՀՀ Նախագահը Ֆրանսայի Մէջ Մասնակցած Է Միտքերու Գագաթաժողովին (Summit of Minds)

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սեպտեմբեր 22-ին մասնակցած է Շամոն քաղաքին մէջ ամէն տարի տեղի ունեցող Միտքերու գագաթաժողովին (Summit of Minds): Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի գրասենեակէն:

28 երկրի 300 ներկայացուցիչ բազմակողմ քննարկում ծաւալած են ժամանակակից աշխարհին մէջ ներդրումային ու ռազմավարական որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւններու ընդլայնումին եւ անոնց մէջ մարդու դերակատարութեան շուրջ։

Անոնք անդրադարձած են համաշխարհային տնտեսական միտումներուն, ներդրումներու եւ տնտեսական ռազմավարութեան վրայ անոնց ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ խօսած են այսօրուան եւ վաղուան աշխարհի արագութեան եւ անկայունութեան յարմարելու, անորմէ օգտուելու հնարաւորութիւններուն մասին: 

Գագաթաժողովի ծիրէն ներս ելոյթ ունենալով որպէս գլխաւոր բանախօս՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր տեսակէտն ու մօտեցումները ներկայացուցած է քննարկուող թեմաներուն եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին