Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի հետ եւ Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը ծաղիկներ դրած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:






