«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնին նշանակուած է Հայկակ Արշամեանը: Այս մասին, ըստ «Արմենփրես»-ի, յայտնած է հիմնադրամի մամուլի պատասխանատու Անուշ Մարտիրոսեանը:
Հայկակ Արշամեան ծնած է 1971-ին Երեւան: Մասնագիտութեամբ պատմաբան է, պատմական գիտութիւններու թեկնածու։
Ան որպէս ծրագիրներու համակարգող աշխատած է Երեւանի մամուլի ակումբին եւ Տարածաշրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ: Ան աշխատած է նաեւ «Թրանսփէրընսի Ինթերնէյշընլ Հայաստան» կազմակերպութեան մէջ, իսկ 2018-ի Յուլիս 2-ին նշանակուած էր ՀՀ վարչապետի խորհրդական:






