Ուրբաթ, 20. 03. 2026

spot_img

Արցախը Անկախութեան Նոյնքան Իրաւունք Ունի, Որքան Հայաստանը, Պելառուսը Եւ Ազրպէյճանը. Էդուարդ Շարմազանովը՝ Մինսքի Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ՝ Տիգրան Ուրիխանեանը եւ Տաճատ Վարդապետեանը, Սեպտեմբեր 24-ին Մինսքի մէջ հանդիպած է Պելառուսի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Վլատիմիր Անտրէյչենքոյի հետ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին կողմերը կարեւորած են հայ-պելառուսական միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համատեղ աշխատանքը, համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ, ԱՊՀ եւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովներուն: Անդրադարձ կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ԵԱՏՄ ծիրէն ներս:

ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն հարցերը՝ ընդգծելով, որ մեր երկրին համար առանցքային նշանակութիւն ունի անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն արդիւնաւէտ դիմակայումը: Այս թեմայի լոյսին տակ Էդուարդ Շարմազանովը անդրադարձած է ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ անգամ մը եւս հաստատելով հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ՝ երեք յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ:

«Բանակցութիւններուն յառաջընթացի միակ խոչընդոտը Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումն է: Այդ պետութիւնը կը մերժէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական իւրացումը, մինչդեռ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է երաշխաւորէ Արցախի ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքներուն իրագործումը: Արցախը անկախութեան նոյնքան իրաւունք ունի, որքան Հայաստանը, Պելառուսը եւ Ազրպէյճանը»,- ըսած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին