Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

«Bloomberg» Հայաստանը Ներկայացուցած Է Իբրեւ Զբօսաշրջութեան Ոլորտի Մէջ Արագ Քայլերով Աճ Արձանագրող Երկիր

«Bloomberg» պարբերականը կազմած է Եւրոպայի մէջ զբօսաշրջութեան մէջ արագ քայլերով աճող երկիրներու տասնեակը, ուր ներառուած է  նաեւ Հայաստանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, պարբերականը զրուցած է  Cox & Kings  զբօսաշրջային ընկերութեան ամերիկեան մասնաճիւղի տնօրէն Ուորըն Չանկի հետ, որ բացայայտած է  Եւրոպայի մէջ այն 10 երկիրները, ուր զբօսաշրջութիւնը կը զարգանայ արագ քայլերով: Ուորըն Չանկ տասնեակը ներկայացուցած է` հիմնուելով երկիրներու մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի տարեկան աճի տուեալներուն վրայ:

Խօսելով Հայաստանի մասին` ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի տարեկան աճը կազմած է 18.65 տոկոս: Չանկ 2019-ի ճամբորդական հետաքրքրական ուղղութիւններէն մէկը կը համարէ Հայաստանը: Ան յայտնած է, որ Cox & Kings  ընկերութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին Հայաստանը Վրաստանի հետ կապող նոր երթուղի ներդնել: Ուղղութիւնը սպասարկող զբօսաշրջային ընկերութիւններու շարքին են Abercrombie & Kent, Ker & Downey եւ  TCS World Travel ընկերութիւնները, որոնք հաւաքական ուժերով կը գովազդեն Հայաստանի մասին խորհրդանշող այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են Արարատ լեռը, Հայաստանի սքանչելի մայրաքաղաք Երեւանը: Կը նշուի նաեւ, որ Abercrombie & Kent-ի միջոցով ճամբորդելու պարագային հիւրերը նաեւ կ՛այցելեն տեղական քոնեակի եւ գինիի գործարանները, կը հանդիպին գորգեր արտադրողներու հետ, կ’ունկնդրեն հոգեւոր երաժշտութիւն հին վանական համալիրներու մէջ, հայկական ընտանիքի հետ կը մասնակցին լաւաշ թխելու արարողութեան:

Հայաստան կը զբաղեցնէ պարբերականի ներկայացուցած տասնեակի վերջին տեղը: Առաջինը  Սան Մարինոն է, երկրորդը` Վրաստանը, իսկ երրորդը Իսրայէլն է: Տասնեակին մէջ են նաեւ Թուրքիան, Իսլանդիան, Մակեդոնիան, Ազրպէյճանը, Մոլտովան եւ Պոսնիա եւ Հերցեգովինան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին