Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Քուէարկած Թերթիկը Լուսանկարելն Ու Տարածելը Արգիլուած Է Օրէնքով. ՄԻՊ Գրասենեակը Կ’իրազեկէ

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը արձանագրած է ընկերային ցանցերու վրայ առկայ գրառումները, ըստ որոնց՝ քուէարկողներուն կը պարտադրուի կամ կոչ կ’ըլլայ լուսանկարելու քուէարկած քուէաթերթիկն ու այդ կերպ ապացուցելու քուէարկութեան ստոյգ արդիւնքը:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը, ՄԻՊ գրասենեակը կը յիշեցնէ, որ այդպիսի գործընթացը կը խախտէ ընտրական իրաւունքը։

«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անհրաժեշտ կը համարէ բոլոր քաղաքացիներուն յիշեցնել, որ քրէական օրէնսգիրքը յանցանք կը համարէ քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելու նպատակով ընտրողին քուէարկութեան արդիւնքը յայտնելուն հարկադրելը, քուէարկութեան արդիւնքը բացայայտելու նպատակով քուէարկած քուէաթերթիկը ստուգելը, քուէարկութեան խցիկ (սենեակ) մուտք գործելը, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան գաղտնիութիւնը այլ կերպ խախտելը: Այս արարքը կը պատժուի տուգանքով` 500․000-700․000 դրամի չափով, կամ ազատազրկումով` 2-5 տարի ժամկէտով:

Անկէ բացի՝ քուէարկողին կողմէ բաց` երրորդ անձանց (բացառութեամբ քուէարկողին օգնող անձին) համար քուէարկութեան արդիւնքը տեսանելի ձեւով քուէարկելը, ինչպէս նաեւ շահադիտական նպատակով քուէարկութեան գաղտնիութիւնը քուէարկութեան արդիւնքը բացայայտող փաստաթուղթի լուսանկարահանումով կամ տեսաձայնագրումով ստացուած տեղեկութեան հրապարակման միջոցով խախտելը կը պատժուի տուգանքով՝ 100․000-200․000 դրամի չափով»,- նշուած է ՄԻՊ աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնի տարարած հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին