Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Տեղի Ունեցաւ Երեւանի Քաղապետական Ընտրութիւնները. Նախնական Տուեալներով Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Մասնակցած Է Ընտրողներու 43,65 Տոկոսը

Նախնական տուեալներով Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած է 370 հազար 323 քաղաքացի կամ ընտրելու իրաւունք ունեցողներու 43,65 տոկոսը: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուց ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:

«Կ’ուզեմ նշել, որ ասոնք տակաւին նախնական տուեալներն են, որոնք ստացուած են տարածքային ընտրական յանձնաժողովներէն ելեկտրոնային եղանակով: Կէս գիշերէն կը սկսի քուէարկութեան արդիւնքներու աղիւսակաւորումը: Ստանալէ ետք, արդիւնքները կէս գիշերէն կը սկսին հրապարակուիլ տեղամաս առ տեղամաս: Անոնց վերաբերեալ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ներկայացուին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ: Տեղեկութիւնները պարբերաբար կը թարմացուին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքին մէջ»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ըսաւ Մուկուչեանը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ, ի տարբերութիւն Երեւանի աւագանիի նախորդ ընտրութիւններուն, այս անգամ ընտրութիւններուն մասնակցած է 25 հազար 97 աւելի ընտրող: Երեւանի աւագանիի նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցութեան տոկոսը կազմած է 40,99%, այսինքն՝ քուէարկած է 345 հազար 226 քաղաքացի:

Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներէն մասնակցած է 38 հազար 878 քաղաքացի կամ 45,64  տոկոսը, Աւանի մէջ՝ 18 հազար 593  քաղաքացի կամ 46,49 տոկոսը,  Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ՝ 42 հազար 465 քաղաքացի կամ 43,36  տոկոսը, Դաւթաշէնի մէջ՝ 15 հազար 361  քաղաքացի կամ 46,92  տոկոսը, Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներէն մասնակցած է 37 հազար 983 քաղաքացի կամ 40,38  տոկոսը, Կեդրոնին մէջ՝ 41 հազար 318 քաղաքացի կամ 42,83  տոկոսը, Մալաթիա Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ՝ 45 հազար 935 քաղաքացի  կամ 42,22  տոկոսը,  Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ 45 հազար 17 քաղաքացի կամ 44,52 տոկոսը, Նորք Մարաշին մէջ՝ 5 հազար 109 քաղաքացի  կամ 47,01 տոկոսը, Նուպարաշէն վարչական շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներէն մասնակցած է 3 հազար 767  ընտրող կամ 45,38 տոկոսը, Շէնգաւիթի մէջ՝ 50 հազար 644 քաղաքացի կամ 44,48  տոկոսը, իսկ Քանաքեռ-Զէյթունի մէջ՝ 25 հազար 253  քաղաքացի կամ 42,81 տոկոսը:

Նշենք, որ Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ժամը 08:00-էն բացուած են Երեւանի բոլոր ընտրական տեղամասերուն դռները:

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած են 12 քաղաքական ուժ՝ 4 դաշինք եւ 8 կուսակցութիւն. Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Ռաֆֆի Յովհաննիսեան), «Լոյս» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Զէյնալեան), «Երեւանի հանրութիւն» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Անահիտ Թարխանեան), ԲՀԿ-ն (քաղաքապետի թեկնածու Նայիրա Զօհրապեան), «Իմ քայլը» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան), Հայկազունիներ կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Գէորգ Յովսէփեան), Երկիր ծիրանի կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոստանջեան), Ժողովրդավարական ուղի կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Մանուէլ Գասպարեան), ՕԵԿ-ը (քաղաքապետի թեկնածու Մհեր Շահգելտեան), ՀՅԴ-ն (քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան), Ռեֆորմիստներ կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Աւետեան), «Երեւանցիներ» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արարատ Զուրապեան):

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցած են 848 հազար 343 քաղաքացի: Քուէարկութիւնը շարունակուած է մինչեւ ժամը 20:00, որմէ ետք մեկնարկած է ձայներու հաշուարկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին