Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Ոստիկանութիւնը Ընտրութիւններէն Առաջ Ճշգրտած Է Ընտրողներու Ցուցակները

ՀՀ ոստիկանութիւնը Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ ճշգրտած է ընտրելու իրաւունք ունեցող անձանց ցուցակները: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Սեպտեմբեր 23-ին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշեց ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ անցագիրերու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեանը:

«Ոստիկանութեան կողմէ կազմուած եւ քուէարկութեան օրէն առաջ 20-րդ օրը հրապարակուած են քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող անձանց ցուցակները: Ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ այցելութիւններ կատարուած են բնակարանները՝ ցուցակները ճշգրտելու նպատակով, հաւաքագրուած են 614 մահացած անձանց վերաբերեալ տուեալներ, որոնք հանուած են ցուցակներէն: Նախնական ցուցակները հրապարակելու ժամանակ ընտրողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 840 հազար 124, իսկ վերջնական ցուցակները հրապարակելու ժամանակ՝ 848 հազար 343, որմէ 7741-ը Հայաստանի քաղաքացի չհանդիսացող անձեր են»,- նշեց Բիչախչեանը:

Մնացական Բիչախչեանը նաեւ յիշեցուց, թէ ովքե՛ր կրնան քուէարկել այս ընտրութիւններուն:

«Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունին՝ մինչեւ քուէարկութեան օրը Երեւանի մէջ առնուազն վեց ամսուան հաշուառում ունեցող ՀՀ քաղաքացիները եւ մինչեւ քուէարկութեան օրը Երեւանի մէջ առնուազն մէկ տարուան հաշուառում ունեցող ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող անձեր: Եթէ քաղաքացիի հաշուառումը Երեւանի մէջ վեց ամիսէն պակաս է, ապա ան միայն երկու պարագաներու կրնայ մասնակցիլ ընտրութեան. եթէ հաշուառուած է զինուորական պարտադիր ծառայութիւն անցընելէ ետք կամ բնակչութեան պետական գրանցում հաշուառուած է ազատազրկման ձեւով պատիժը կրելէ ետք»,– ըսաւ ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին