Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուրախութեամբ կը փաստէ, որ մայրաքաղաքին մէջ ընտրութիւնները, ընդհանուր առմամբ, անցած են լաւ տրամադրութեամբ, եւ որեւէ լուրջ միջադէպ չկայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` Փարիզի օդակայանէն Ֆէյսպուքի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ կ’ըլլան օրինակելի քուէարկութիւն, օրինակելի ընտրութիւններ: «Իհարկէ, կայ այսպիսի մի վիճակագրութիւն, որ նախորդ անգամ կայացած Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնների համեմատ ակտիւութիւնն այս անգամ 1-2 տոկոսով քիչ է, բայց ես յոյս ունեմ, որ մեր քաղաքացիներն ակտիւ մասնակցութիւն կը ցուցաբերեն, եւ քուէարկութիւնը եւ ձայների հաշուարկը կ’անցնեն սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտում»,- նշած է ան:
Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ ՀՀ քաղաքացիի ազատ կամարտայայտումին որեւէ բան չի կրնար սպառնալ: «Եւս մէկ անգամ կոչ եմ անում գնալ ընտրատեղամաս եւ քուէարկել, քանի որ միայն ձեր որոշումից է կախուած ընտրութիւնների վերջնական արդիւնքները: Ամէն ձայնը վճռորոշ է, եւ ամէն քաղաքացի իր խօսքը պէտք է ասի այս ընտրութիւններում»,- ընտրութիւններու աւարտէն ժամեր առաջ ընդգծած է Փաշինեան:






