Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սեպտեմբեր 22-ին մասնակցած է Շամոն քաղաքին մէջ ամէն տարի տեղի ունեցող Միտքերու գագաթաժողովին (Summit of Minds): Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի գրասենեակէն:
28 երկրի 300 ներկայացուցիչ բազմակողմ քննարկում ծաւալած են ժամանակակից աշխարհին մէջ ներդրումային ու ռազմավարական որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւններու ընդլայնումին եւ անոնց մէջ մարդու դերակատարութեան շուրջ։
Անոնք անդրադարձած են համաշխարհային տնտեսական միտումներուն, ներդրումներու եւ տնտեսական ռազմավարութեան վրայ անոնց ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ խօսած են այսօրուան եւ վաղուան աշխարհի արագութեան եւ անկայունութեան յարմարելու, անորմէ օգտուելու հնարաւորութիւններուն մասին:
Գագաթաժողովի ծիրէն ներս ելոյթ ունենալով որպէս գլխաւոր բանախօս՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր տեսակէտն ու մօտեցումները ներկայացուցած է քննարկուող թեմաներուն եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ:






