Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Նշանակուած Է Հայկակ Արշամեանը

 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնին նշանակուած է Հայկակ Արշամեանը: Այս մասին, ըստ «Արմենփրես»-ի, յայտնած է հիմնադրամի մամուլի պատասխանատու Անուշ Մարտիրոսեանը:

Հայկակ Արշամեան ծնած է 1971-ին Երեւան: Մասնագիտութեամբ պատմաբան է, պատմական գիտութիւններու թեկնածու։

Ան որպէս ծրագիրներու համակարգող աշխատած է Երեւանի մամուլի ակումբին եւ Տարածաշրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ: Ան աշխատած է նաեւ «Թրանսփէրընսի Ինթերնէյշընլ Հայաստան» կազմակերպութեան մէջ, իսկ 2018-ի Յուլիս 2-ին նշանակուած էր ՀՀ վարչապետի խորհրդական:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին