Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Իրանի Մէջ Սուգ Յայտարարուած Է Զօրահանդէսի Ժամանակ Ահաբեկչութեան Զոհերու Յիշատակին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրանի կառավարութիւնը Սեպտեմբեր 24-ը սգոյ օր յայտարարած է Ահվազ քաղաքին մէջ ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, համապատասխան յայտարարութիւնը յայտնուած է երկրի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ: «Ահվազ քաղաքի բնակիչներուն եւ բնակչութեան անվտանգութեան պաշտպաններուն վրայ Սեպտեմբեր 22-ին ձեռնարկուած ահաբեկչական գրոհը ցոյց տուաւ, որ Իրանի թշնամիները այլ նպատակ չեն հետապնդեր, քան Իրանն ու իրանցիները ոչնչացնելը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Սեպտեմբեր 22-ին Իրանի Ահվազ քաղաքին մէջ ահաբեկչական գործողութիւն տեղի ունեցած է զօրահանդէսի ժամանակ: Մարդոց վրայ կրակ բացած են անյայտ զինուած անձինք: Զոհուած է առնուազն 29 մարդ, իսկ 57 հոգի վիրաւորուած է, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին