Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութիւնը Ուրբաթ կոչ ըրաւ ընդդիմադիր կողմերուն փոխզիջումի երթալու, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմաւորել նոր կառավարութիւնը: Յայտնենք, որ, հակառակ վարչապետի պաշտօնակատարի ներդրած ջանքերուն, կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի վերացումը քանիցս անյաջողութեան մատնուեցաւ, ինչ որ ակնյայտօրէն լուրջ վտանգ կը սպառնայ բոլոր պետական կառոյցներուն:
«Եկէ՛ք, անտեսենք աննշան հաշիւները եւ երթանք փոխզիջումի, որով պիտի կարենանք ի կատար ածել ազգային միասնական կառավարութեան կազմաւորումը: ԸՅԿ-ը միշտ կոչ ըրած է փոխզիջումի երթալու, սակայն ի հարկէ ընդունելի սահմաններու մէջ»,- ԸՅԿ-ի խորհրդարանական ժողովրդական համախմբումի պլոքէն «Voice of Lebanon» ռատիոկայանին ըսաւ երեսփոխան Հատի Ապուլ Հոսն:






