Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Էդուարդ Շարմազանովը Պելառուսի Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած Է Ազրպէյճանին Զէնք Վաճառելու Հարցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպտեմբեր 24-ին Մինսքի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Պելառուսի Հանրապետութիւններուն Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի 11-րդ նիստը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ի թիւս շարք մը հարցերու, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը անդրադարձած է նաեւ ՀԱՊԿ գործունէութեան ու տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն՝ մասնաւորապէս նշելով.

«Հայ-պելառուսական միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները կը կարեւորուին ՀԱՊԿ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին մեր երկու պետութիւններու անդամակցութեամբ: Անվտանգութեան հարցերը կը շարունակեն առանցքային ըլլալ մեր տարածաշրջանին համար: Տակաւին 2000 թուականին մեր պետութիւնները Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի ծիրէն ներս ընդունած են հռչակագիր, որուն համաձայն կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ռազմասարքային համագործակցութիւնը պէտք է կրէ առաջնային բնոյթ, սակայն գաղտնիք չէ, որ ՀԱՊԿ անդամ որոշ պետութիւններ զէնք կը վաճառեն Ազրպէյճանին: Հարկ կը համարեմ ընդգծել, որ Ազրպէյճանը այդ վաճառուած զէնքով կրակած է, կը կրակէ եւ հաւանաբար պիտի կրակէ ՀԱՊԿ անդամ Հայաստանի ուղղութեամբ: Սա մտահոգիչ է:

Պէտք է նշեմ, որ վերջին շրջանին ազրպէյճանական ուժերը յաճախակի կրակ կ’արձակեն Հայաստանի սահմանակից շրջաններու խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ, ինչը միջազգային բոլոր կարգերուն կոպտագոյն խախտում է: Կը կարծեմ՝ մեր գործընկերները պէտք է դատապարտեն նման ապակառուցողական քաղաքականութիւնը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին