Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Երեւանն Ու Ստեփանակերտը Արտաքին Քաղաքականութեան Հարցերուն Մէջ «Կը Ճշդեն Ժամացոյցները»

Սեպտեմբեր 17-ին աշխատանքային այցով Արցախ ժամանած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը շարք մը հանդիպումներ ունեցած է: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումին քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Քննարկումներու օրակարգի առաջին կէտին մէջ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան թեման է: Զօհրապ Մնացականեանը կը կրկնէ այն ինչ աւելի կանուխ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը յայտարարած էր՝ Արցախի հարցին մէջ որոշիչը պէտք է ըլլայ արցախցիներու ձայնը: «Արցախի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորումը կը վերաբերի առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղին, եւ վերջնական որոշումն ու որոշիչ ձայնը այս հարցին մէջ կը պատկանի Արցախին: Եւ առանց խորհրդակցելու, առանց միասին աշխատելու՝ մենք չենք կրնար որեւէ լուրջ յառաջընթաց գրանցել»,- ընդգծած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:

         Նոյն թեմային շուրջ քննարկումներ ծաւալուած է նաեւ Արցախի խորհրդարանին մէջ՝ Աշոտ Ղուլեանի եւ Զօհրապ Մնացականեանի մասնակցութեամբ: Զօհրապ Մնացականեանը նշած է, որ  Արցախի հարցին գծով այժմ կարեւորագոյն խնդիրը անվտանգութեան եւ կարգավիճակի ապահովումն է: «Լեռնային Ղարաբաղը հակամարտութիւն չէ, Լեռնային Ղարաբաղը մարդիկ են,- նշած է Զօհրապ Մնացականեանը:- Արցախցիները, մարդիկ, ստոյգ՝ 150 հազար, իրենց անուններով, առօրեայով, ընտանիքներով, հոգերով, յոյսերով, նպատակներով, ինչպէս իւրաքանչիւր ժողովուրդ, կը կերտեն իրենց ապագան եւ կեանքը: Կը ցանկամ աւելի ընդգծել այն հանգամանքը, որ երբ կը խօսինք Արցախի անվտանգութեան եւ կարգավիճակի մասին որպէս մեզի համար գերակայ խնդիրներ, նկատի ունինք մարդոց»: Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը խնդիրին անվտանգութեան տեսակէտէն անդրադարձած է. Ազրպէյճանը կը մեծցնէ հայութեան հանդէպ զաւթողականութեան աշխարհագրութիւնը, եւ թիրախին արդէն միայն Արցախը չէ: «Որեւէ նախադրեալ չ’երաշխաւորեր, որ Ազրպէյճանը տրամադրուած է խաղաղ կարգաւորումի: Առաւօտեան տեղեկութիւն ստացանք, որ Նախիջեւանի կողմէն ալ գնդակոծուած է Հայաստանի տարածքը»,- իր մօտեցումները օրուան փաստերով հիմնաւորած Աշոտ Ղուլեանը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք լայնամաշտաբ զօրավարժութիւններուն, որուն սցենարով ՀՀ-ը կը հռչակուի հակառակորդ, Արցախի վրայ յարձակումը՝ գործողութիւններու ծրագիր: Զօհրապ Մնացականեան կ’ընդգծէ՝ Երեւանը կողմնակից է բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ հաւատարիմ է ԵԱՀԿ ՄԽ շրջանակներուն մէջ խաղաղ կարգաւորման իր յանձնառութիւններուն: Բայց անոնք կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ բոլոր կողմերը այդ յանձնառութիւններուն հաւատարիմ մնան: «Այն ինչ կատարուած է այս շրջանին, որեւէ կերպ չի նպաստեր նման միջավայրի ձեւաւորման՝ թէ՛ հռետորաբանութեան առումով, թէ գործողութիւններու առումով,- շեշտած է Մնացականեանը:- Սա դատապարտելի է եւ անընդունելի, երբ մենք ունինք լարուածութեան նշաններ, ունինք խաղաղ բնակիչները թիրախաւորելու գործողութիւններ»:

         Միջգերատեսչական կապերուն վերաբերող հարցերը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ քննարկուած են: Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ հիմնախնդիրին խաղաղ կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ: Մասիս Մայիլեանը Զօհրապ Մնացականեանին յանձնած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան 25-ամեակին նուիրուած յուշամետալը:

Հայկական Երկու Հանրապետութիւնները Կը Ճշդեն Տարբեր Իրավիճակներու Ատեն Իւրաքանչիւրի Ընելիքները

Սեպտեմբեր 18-ին աշխատանքային այցով Արցախ ժամանած է ՀՀ վարչապետը՝ բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ: ՀՀ վարչապետը եւ Արցախի նախագահը հանդիպած են Գետաւանի մէջ: ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաները Արցախ ժամանած են նորակառոյց Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհով: Նախագահ Բակօ Սահակեանն ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարճատեւ զրոյցէ ետք զինուորականներուն մօտ շտապած են: Նիկոլ Փաշինեան կ’ընդգծէ այցի օրակարգի յատկապէս ռազմական բաղադրիչը: «Առաջին նպատակն իրավիճակին տեղում ծանօթանալն է, զինուորների ծառայութեան պայմաններին ծանօթանալը, օպերատիւ վիճակի մասին պատկերացում կազմելը»,- լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետը:

Շարունակուող բարեփոխումներուն շնորհիւ՝ առաջնագիծին վրայ փոփոխութիւնները ակներեւ են: Սարքային համալրումը թոյլ կու տայ հակառակորդը դիտարկելու, անհրաժեշտութեան պարագային ալ կանխարգիլիչ հարուած հասցնելու: Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներու եւ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետի ուղեկցութեամբ՝ նախագահ Սահակեանն ու վարչապետ Փաշինեան հետեւած են զօրամիաւորումի յատուկ նշանակութեան մէկ դասակի ցուցադրական պարապմունքին: «Մեր տղաները լուրջ պատրաստուած են: Պատրաստ են ոչ միայն նմանատիպ տեղանքի, այլեւ աւելի բարդ, բարձր լեռնային պայմաններու մէջ իրականացնելու այդ գործողութիւնները»,- կը վստահեցնէ միաւորումի հրամանատար գնդապետ Կարէն Շաքարեանը:

Ճանապարհը դէպի ամենաբարձրադիր դիրքերը կը տանի: Նոյն ինքն այդտեղ կը շտապեն Արցախի նախագահն ու ՀՀ վարչապետը: Ծովի մակարդակէն աւելի քան երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ մարտական հերթապահութիւն կ’իրականացնեն դիրքապահները: Չեն դժգոհիր: «Ծառայութիւնը կը տարուի դժուարին պայմաններու մէջ: Բայց քանի որ մեր անձնակազմը վարժ է ատոր, կը յաղթահարէ եւ կը կարողանայ ծառայութիւնը բնական տանիլ»,- կը նշէ գումարտակի հրամանատար Արարատ Քեխեանը:

Նախագահ Սահակեանն ու վարչապետ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարարներուն մասնակցութեամբ անգամ մը եւս յստակացուցած են հայկական զինուած ուժերու ընելիքները տարբերու իրավիճակներու ատեն: Այցը առիթ էր նաեւ դիրքապահներու ընկերա-կենցաղային պայմաններուն ծանօթանալու, մարտական հերթափոխի տղաներուն հետ շփուելու համար: Նիկոլ Փաշինեանը չի թաքցներ, որ դիրքապահներուն հետ յաճախակի կը հանդիպի, բայց ամէն անգամ ալ տպաւորութիւնները անմոռանալի կ’ըլլան: «Մենք հոգով-սրտով մնում ենք իրենց հետ: Գալուց առաջ էլ էինք իրենց հետ, հեռանալուց յետոյ էլ իրենց հետ կը լինենք: Էնպէս որ՝ պէտք է դուխով լինենք, որ մեր զոյգ պետութիւնների եւ ողջ ժողովրդի առաջ դրուած խնդիրները լուծենք»,- ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին