Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Ապու Տապիի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ՀՀ Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ

Սեպտեմբեր 21-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած է հանդիսաւոր ձեռնարկ, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին:

Ըստ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան՝ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արտակ Յովհաննիսեան: Ներկաները շնորհաւորելով ՀՀ անկախութեան տարեդարձի առթիւ` ան կարեւոր համարած է հայկական պետականութեան դերը հայկական ինքնութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին բանախօսութեամբ հանդէս եկած են Ապու Տապիի ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ Վարդգէս Արզումանեան, Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ տ. Վաչէ վրդ. Վաչէ Պալըքճեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորած է հայկական պետականութեան հետագայ զարգացումն ու հզօրացումը:

Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած է երգիչ Ռաֆֆի Հալէպլեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին