Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Ազգային Ժողովի Ինքնալուծարման Մասին Տակաւին Կանուխ Է Խօսիլը. Արա Պապլոյեան

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան ԱԺ-ի ինքնալուծարման մասին խօսիլը կանուխ կը համարէ: 

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ անդրադառնալով Ազգային ժողովի ինքնալուծարման հարցին՝ Պապլոյեան նշեց, որ այս պահուն ստեղծուած են աշխատանքային խումբեր, որոնք պէտք է աշխատին օրէնսդրական փոփոխութիւններու ուղղութեամբ:

«Ազգային ժողովի ինքնալուծարման մասին խօսիլը դեռ վաղ է: Հետագայում քաղաքական ուժերը կ’անդրադառնան այս հարցին, իսկ գործընթացը դեռեւս շարունակուում է»,- եզրափակեց գերատեսչութեան նախագահը:

Օգոստոս 17-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ մինչեւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան սահմանադրական փոփոխութիւններ: Վարչապետին կարծիքով՝ փոփոխութիւններուն իմաստը կ’ըլլայ այն, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ տեղի կ’ունենան ոչ միայն վարչապետի հրաժարականի պայմաններուն մէջ, այլեւ խորհրդարանի՝ ինքնալուծարման մասին որոշում ընդունելու պարագային: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին