Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

ՄԱԿ-ի ԱԽ-ն Պէտք Է Բաղկացած Ըլլայ Քսան Մշտական Անդամներէ. Էրտողան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերստին յայտարարած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արմատական բարեփոխումի անհրաժեշտութեան եւ ներկայ վիճակին մէջ համաշխարհային հարցերը լուծելու կազմակերպութեան անընդունակութեան մասին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այդ մասին ան ըսած է Նիւ Եորքի թրքական ու իսլամական համայնքներուն առջեւ ունեցած ելոյթի ժամանակ, ուր ժամանած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր  ժողովին մասնակցելու համար:

«ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի մշտական եւ ոչ մշտական անդամներու բաժանում պէտք չէ ըլլայ: Եթէ բարեփոխում իրականանայ, ապա կ’ըլլայ քսան մշտական անդամ, բոլոր մայրցամաքներուն եւ դաւանանքներուն ներկայացուցիչները: Միայն այդ ժամանակ ՄԱԿ-ը կը կարողանայ արդարացի գործել»,- Սեպտեմբեր 24-ին Էրտողանի խօսքը մէջբերած է «Hurriyet» թերթը: Թուրքիոյ առաջնորդը նշած է, որ ներկայիս համաշխարհային կազմակերպութիւնը ի վիճակի չէ լուծելու առկայ հակամարտութիւնները:

«Ութ տարիէ Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի ճգնաժամը: ՄԱԿ-ը կրցա՞ւ զայն կարգաւորել: Ո՛չ: Իսրայէլը կը շարունակէ ճնշումի քաղաքականութիւնը, թէեւ կան բանաձեւեր, զորս չի կատարեր ան»,- յայտարարած է Էրտողան, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին