2018 Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշին աճը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ կազմած է 7,7 տոկոս:
ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տրամադրած տուեալներուն համաձայն՝ արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը աճած է 4,4 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը՝ 8,5, առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալը՝ 9,7 տոկոսով: Զգալի աճ արձանագրուած է ծառայութիւններու ոլորտէն ներս՝ կազմելով 18,9 տոկոս: Քիչ չափով նուազում կը նկատուի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս. մասնաւորապէս, գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքին ծաւալը 2017 Յունուար-Օգոստոսի համեմատ նուազած է 1 տոկոսով:
Ելեկտրականութեան արտադրութեան ոլորտէն ներս 2018 Յունուար-Օգոստոսի ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 1,3 տոկոսով, սպառողական գիներու հաշիւին ցուցանիշը աճած է 2,5 տոկոսով:
2018 Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը կազմած է 168.467 դրամ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 3,7 տոկոսով: Պետական հիմնարկներու մէջ, միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 1,8 տոկոսով, ոչ պետականինը՝ 3,7 տոկոսով:
Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալին աճը ընթացիկ տարուան առաջին 8 ամիսներուն կազմած է 26.4 տոկոս. մասնաւորապէս, արտահանումը՝ 16,5 տոկոս, ներմուծումը՝ 32 տոկոս:
Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ 2018 Յունուար-Օգոստոսին կազմած է 482,01:
Բոլոր բացարձակ ցուցանիշները ներկայացուած են ընթացիկ գիներով: