Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Հըզպալլայի Կարգավիճակը Ուղղակիօրէն Կ’առնչուի Սուրիոյ Եւ Տարածաշրջանին Մէջ Տիրող Իրավիճակին. Աուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Հըզպալլան Լիբանանի մէջ ռազմական որեւէ դեր չի խաղար կամ գործողութիւն չի ծաւալեր Իսրայէլի հետ սահմանային տարածքին,- ըսաւ Աուն «Le Figaro» ֆրանսական թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին եւ աւելցուց:- Կուսակցութեան ռազմասարքային սեփականութիւնը այսօր ուղղակիօրէն կապուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դեռեւս չհանգուցալուծուած ճգնաժամին:
Նշենք, որ Հըզպալլայի զինուժը կռիւ կը մղէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողքին: Հըզպալլայի գլխաւոր առաջնորդ Հասան Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ տարածքէն կուսակցութեան վերջնական հեռացումը կախուած է Սուրիոյ կառավարութեան կամքէն:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին