Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

«Հայ Եկեղեցւոյ Կեանքին Ու Առաքելութեան Մէջ Երիտասարդութիւնը Միշտ Պէտք Է Գրաւէ Առաջնահերթ Ներկայութիւն»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբին հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին Հոգշ. տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեան։

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին վեհափառ հայրապետը մօտէն իրազեկ դարձաւ երիտասարդական բաժանմունքին կողմէ ծրագրուած նոր աշխատանքներուն ու գործունէութեանց։ Հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, որ «երիտասարդութիւնը կը պատկանի մեր ներկային. հետեւաբար, Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ ան միշտ պէտք է գրաւէ առաջնահերթ ներկայութիւն։ Այս գիտակցութեամբ եւ այս մօտեցումով պէտք է ծրագրաւորել յառաջիկայ աշխատանքները՝ նկատի ունենալով մեր առջեւ յարուցուած նոր մարտահրաւէրները»,- ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքին ցարդ կատարած աշխատանքները եւ իր օրհնութիւնն ու հաւանութիւնը տուաւ յառաջիկայ աշխատանքներուն։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդական բաժանմունքը յառաջիկայ տարիներուն համար շուտով մեր երիտասարդութեան պիտի ներկայանայ նորանոր մեթոտներով պատրաստուած աշխատանքային ծրագիրներով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին