«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կրթութեան նախարարութեան բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնատարներ շրջայց կատարած են երկու պետական դպրոցներու մէջ ուսումնական նոր տարեշրջանի մեկնարկը նշելու համար: Այս մասին կը հաղորդեն Ազգային լրատուական գործակալութենէն:
Կրթութեան նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն Ֆատի Եարաք միջնակարգ կրթութեան տնօրէն Ժամալ Պաղտատի եւ նախարարութեան լրատուութեան խորհրդատու Ալպերթ Շամուունի ուղեկցութեամբ այցելեց Ժպրան Ղասսան Թուէյնի բարձրագոյն դպրոցը Էշրեֆիէի մէջ եւ Ռիատ Ալ Սոլհ բարձրագոյն դպրոցը Պշարա Խուրիի մէջ:
ԱԱԳ-ը հաղորդեց, որ Եարաք քաջալերած է աշակետները մասնակցելու արտադպրոցական միջոցառումներու եւ փոխանցած է կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Համատէի ողջոյնները:






