Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

«Հուռա»-ներէն Անդին

ՃԷՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին ազգովին հաստատեցինք մեր անկախութիւնը: Որպէս անկախութեան նուէր ստացանք երկիր մը, որ մինչ այդ կը կոչուէր խորհրդային Հայաստան: Անիկա կերտուած էր մեր ժողովուրդի պատմութեան «ոչ անկախ» 70 տարիներուն կամ այն ժամանակաշրջանին, երբ կը գտնուէինք Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ: Մեր ստացած ժառանգը հարուստ էր ոչ միայն կառոյցներով ու շինութիւններով, այլեւ պետական հզօր հիմնարկներով, գիտական զարգացած հաստատութիւններով, տնտեսութեամբ ու արուեստններու փայլուն եւ ամբողջական տեսականիով: Եւ եթէ մեր ստացած այս հարստութեան գումարէինք հարուստ եւ հայրենանուէր սփիւռքի հզօր եւ բացառիկ կարողութիւնը, ապա միանշանակ այսօր մեր երկիրը համաշխարհային բոլոր դասակարգումներու ցանկերուն առաջատարը պէտք էր որ ըլլար: 

Բայց ի՞նչ եղաւ: Եւ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ: 

Խորհրդային 70 տարիներուն կառուցուած Հայաստանը նուազագոյնը մէկ երրորդով մը պէտք էր զարգանար, ճոխանար ու աւելնար անկախութեան 27 տարիներուն, սակայն ոչ միայն այդպէս չեղաւ, այլեւ մեր ունեցածէն շատ ու շատ բան հասցուցինք կորսնցնել՝ իրարայաջորդ ագահ իշխանութիւններուն ամառանոցները, սեփական պիզնեսներն ու շքեղ ապարանքները բիւրապատկելու հաշուոյն: Մեծ եւ հզօր գործարանները այսօր չկան, արդիւնաբերական հիմնարկներուն մեծ մասը ամայի մնացած է անարդար սեփականաշնորհման պատճառով, եւ, ամենացաւալին, Խորհրդային Հայաստանի երեք միլիոն մարդահամարը այսօր չորս միլիոնի փոխարէն կը հաշուէ երկու միլիոն անկախ Հայաստանի քաղաքացի: Նիւթական կորուստներուն զգալի մասը, հարցերն ու խնդիրները յեղափոխական տրամաբանութեամբ լուծելու հետեւանքն էր՝ «հինը մաքրեցէ՛ք, ոչնչացուցէ՛ք, մեզի պէտք չեն նախնիներուն կեղտն ու նեխը, մենք նորը պիտի շինենք եւ մաքուրը»: Հետեւաբար, հինը ոչնչացաւ, իսկ նորը ի յայտ չեկաւ:

Անցած եղածի բացատրութիւններուն մեծ մասին բոլորս քիչ թէ շատ ծանօթ ենք: Այս գրութեան նպատակը այդ բացատրութիւններուն անդրադառնալը չէ երբեք: Ուրեմն ինչո՞ւ այսպիսի տխուր նօթաներ այս ուրախ օրով. հաւանաբար, որովհետեւ մտահոգ մարդը ուրախ նօթայով չ’երգեր: Իսկ այսօր ես մտահոգ ըլլալու լուրջ պատճառ ունիմ: Հայրենիքս այսօր սիրոյ թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին մէջ է, որքան ալ անհրաժեշտ, արդարացի եւ հրամայական համարեմ այս ինքնամաքրման գործընթացը, եւ անոր յաղթական ընթացքով եւ յաջողութիւններով ուրախանանք, այնուամենայնիւ, զիս կը մտահոգէ բոլոր յեղափոխութիւններուն հիմնական լոզունքը հանդիսացող գաղափարը՝ «հինը մաքրեցէ՛ք, ոչնչացուցէ՛ք, մեզի պէտք չեն նախնիներուն կեղտն ու նեխը, մենք նորը պիտի շինենք եւ մաքուրը»: 

 Յարգելիներս, մենք իրաւունք չունինք հրաժարելու մեր հեռու կամ մօտիկ անցեալէն եւ անոր հասոյթէն, նոյնիսկ եթէ ոչ որակեալ ըլլայ ան: Յիշենք, որ Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը դեռեւս կը բնակի խորհրդային Հայաստանի կառուցած երդիքին տակ, որմէ «ոչ որակեալ» ըլլալուն պատճառով առանց այլընտրանք մը ունենալու հրաժարիլը լաւ բանի չի հասցներ: 

Մեզի «յեղափոխութենէ» աւելի «եղափոխութիւն» պէտք է: Թող անունն ալ «թաւշեայ» ըլլայ, եւ թող որ մենք զայն «դուխով» երգենք: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին