*VOX POP կամ Vox populi լատիներէն հասկացողութիւն մըն է, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «Ժողովուրդին Ձայնը»: Ան տուեալ հարցի մը մասին ժողովուրդին կարծիքն է՝ ներկայացուած ո՛չ պաշտօնական կամ ներկայացուցչական կերպով, ժողովուրդին բաղկացուցիչ անդամներու կողմէ, զայն հեռասփռելու կամ հրատարակելու նպատակով:
Հայաստանի Անկախութեան Տօնին առիթով լոյս տեսնող մեր բացառիկին համար ուզեցինք մեր ընթերցողներն ալ մասնակից դարձնել անոր բովանդակութեան պատրաստութեան:
Առ այս կազմակերպեցինք VOX POP* մը, որուն միջոցաւ «Զարթօնք»ի ընթերցողներն ու բարեկամները իրենց խօսքը ըսին Անկախութեան Տօնի թեմայով:
Մեր հարցումները հետեւեալներն էին, որուն շուրջ ըստ երեւոյթին ստեղծուեցաւ խանդավառութիւն մը ու գնահատանք դասական գործելաոճէն դուրս այս հաղորդակցական եւ փոխգործակցական ձեւին համար, որ կը նպատակադրէ ընթերցողը, որ կրնայ լրագրող կամ անպայմանօրէն հրապարակագիր չըլլալ, մասնակից դարձնել թերթի արտադրութեան գործընթացին, իրենց ձայնն ալ, որ ի վերջոյ ժողովուրդին ձայնն է լսելի դարձնելու աւելի լայն հանրութեան:
- Քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ Անկախութիւն:
- Ինչպիսի՞ Հայաստան մը կը պատկերացնես կամ կ՛ուզես տեսնել մեր թուականէն քսան տարի ետք:
- Ի՞նչ կը թելադրես Հայաստանին:
- Ի՞նչ կ՛ակնկալես Հայաստանէն եւ ի՞նչ կը խոստանաս անոր (rights and duties):
Ստորեւ պիտի տանք իւրաքանչիւր հարցումը առանձին, իր տակը ամփոփելով տուեալ հարցումին համար մեզի հասած հետաքրքրական պատասխանները, որոնցմէ ոմանք արհեստավարժ գրիչներ են իսկ միւսները ոչ անպայման:.
Հարցում 1. Քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ Անկախութիւն
- Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է: Ազգի մը ազատ ապրելու, ստեղծագործելու, ինքնադրսեւորուելու եւ տնտեսապէս բարգաւաճելու առիթ եւ կարելիութիւն՝ հիմնուած ազգային, համամարդկային եւ բարոյական սկզբունքներու վրայ:
Յովիկ Էօրտեքեան
***
- Ըստ Oքսֆորտ համալսարանի համացանցային բառարանին՝ անկախութիւն բառը առաջին անգամ անգլերէն լեզուին մէջ օգտագործուած է 17-րդ դարու կէսին: Պատմական անկիւնէ դիտուած «անկախութիւն»-ը արդի հասկացութիւն մըն է, որ ծնունդ առած է Եւրոպայի մէջ եւ այդտեղէն տարածուած է աշխարհի տարբեր կողմերը: 18-րդ, 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն ժողովուրդներ իրարու օրինակին հետեւելով պայքարներ մղած են իրենց անկախութիւնը ձեռք ձգելու նպատակով, գլխաւորաբար ազատելու բռնատէր եւ կայսերապաշտ ուժերու լուծէն: Այսօրուան չափանիշին հետեւելով՝ ժողովուրդներ կը նշեն իրենց անկախութեան թուականները: Իմ համեստ կարծիքով՝ ուրիշ հասկացութիւններու նման «անկախութիւն»-ն ալ որոշ չափով իտէալական է, որովհետեւ գոյութիւն չունի բացարձակ անկախութիւն: Երկիրներ եւ ժողովուրդներ յաճախ կախեալէն իրենց շրջապատէն: Օրինակ՝ այս էր պարագան 1919-ին, երբ Փարիզի մէջ կը գումարուէր խաղաղութեան խորհրդաժողովը, եւ մեծ պետութիւններ իրենք զիրենք իրաւասութիւնը տուած էին որոշելու աւելի «փոքր» ազգերու ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու (ՄԱԿ եւ այլն) գոյութիւնը դարձեալ կը կաշկանդէ որոշ պետութիւններու արտաքին անկախութիւնը: Այս բոլորը ըսելէ ետք, կը շնորհաւորեմ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձը՝ մաղթելով, որ հայրենիքի իշխանութիւնները ջանք չեն խնայեր կասեցնելու օտար պետութիւններու միջամտութիւնը մեր արտաքին ու ներքին անկախութեան մէջ:
Պետրոս Թորոսեան
***
- Անկախութիւն կը նշանակէ հնարաւորինս նուազ կախեալ ըլլալ ուրիշներէ։
Հրաչ Սեփեթճեան
***
- Ներկայ դարուս, բացարձակ անկախ երկիր գոյութիւն չունի, մոլորակի բոլոր պետութիւնները ինչ որ չափով իրարու հետ փոխգործակցելու հրամայականի տակ կախում ունին իրարմէ: Սակայն ինծի համար անկախութիւնը այն արժէքն է, որ թոյլ կու տայ իմ պապենական հողիս վրայ ապրելու, ծաղկելու, ստեղծագործելու եւ ապագայ սերունդները դաստիարակելու ազգային մշակոյթով եւ տեսլականով:
Ճէնի Գրիգորեան–Բարսեղեան
***
- Բնութիւնը ստեղծում է մեզ անկախ:
Յետոյ մենք բանտարկուում ենք մեր ընտանիքներում, դպրոցներում, աշխատավայրերում:
Երբ կորցնում ենք մեր անկախութիւնը, մոռանում ենք նաեւ, որ բնութիւնն է մեզ ստեղծել եւ բնութեան մէջ է, որ մենք անկախ ենք: Ու սկսում ենք աղտոտել բնութիւնը:
Յետոյ արդէն մեր հոգու անկախութենէն բացի կորցնում ենք նաեւ մեր ֆիզիքական անկախութիւնը, դառնում ենք կախուած բժիշկներից ու դեղերից, որոնք մեզ նշանակում են, որ մեր ոչ անկախ օրերը գոնէ մի քիչ աւելի առողջ ապրենք մեր իսկ աղտոտած ջրերի, օդի ու հողի արանքում: Բայց ո՞ւմ է պէտք այդ առողջ, բայց բանտարկուած օրերն ու կեանքը:
Լաւ յիշում եմ, որ մի օր երբ հերթական շնորհակալութիւնս էի յայտնում բնութեանը գեղեցիկ օրուայ համար, լիբանանցի ընկերուհիս ասեց, որ նկատել է, որ մենք` հայերս, ինչ որ իւրայատուկ կապուածութիւն, սէր ունենք դէպի բնութիւն: Սկզբում համաձայնեցի: Յիշեցի մեր տօն օրերը, որոնք կապուած են բնութեան հետ՝ Տրնդէզ, Վարդավառ: Յետոյ կասկածեցի: Յիշեցի Հայաստանի հանքերը, որ աղտոտում են գետերը, հողերը, յիշեցի մեր աղբավայրը Երեւանում, յիշեցի աղբավայրը Պէյրութում ու աղտոտ Պէյրութ գետը: Ինքս էլ զարմացայ՝ ինչու ենք այսպէս վարուում՝ սիրում ու ատում մեզ ստեղծողին՝ բնութեանը: Ինչո՞ւ ենք մեր իսկ անկախութիւնը քանդում: Ինչի՞ն ենք սպասում իրապէս անկախ լինելու համար: Ո՞վ է գալու մեզ օգնի մաքրուել ու անկախանալ, եթէ ոչ մենք ինքներս:
Եւ ուրեմն ի՞նչ է անկախութիւնը, եթէ ոչ մաքուր բնութիւն, ներդաշնակ կեանք մարդու եւ բնութեան միջեւ: Եւ ուրեմն ժամանակն է արթնանալ անտարբերութեան քնից: Ժամանակն է նախ մաքրել մեզ ու մեր մտքերը, իսկ յետոյ նաեւ բնութիւնը: Քանի որ այդ ժամանակ է, որ մեր սերունդները Հայաստանում, թէ Լիբանանում (թէ այլուր) մեզ չեն ատի, այլ կը սիրեն ու շնորհակալ կը լինեն, քանի որ իրենք էլ կ’ունենան հնարաւորութիւն ապրելու մաքուր եւ անկախ՝ իրենց ապագայի հանդէպ լիայոյս:
Սոֆիա Մանուկեան
***
- Աշխարհին վրայ, համամարդկային քաղաքակրթութեան մէջ, մեծարժէք բառը, որ ինքնին առանձին երեւոյթ մըն է, որուն մէջ կայ խորաթափանց խորհուրդ։ Այդ բառը անկախութիւնն է:
Երեւութապէս անկախութիւնը ինքնին կը նշանակէ հզօր եւ գերհզօր մարմիններէ կախեալ չըլլալ, այլ ինքնավարութեամբ միայն եւ ինքնիշխանութեան տնօրինել ղեկավարել երկիր կամ հասարակութիւն։ Կասկած չկայ, որ նորարական նախաձեռնութիւնները եւ յեղափոխական նորաստեղծ գաղափարներու հարթակներու ստեղծումը պիտի սատարեն ներքին անկախութեան յաջողութեան եւ այդ յաջողութեանց արտածումը հզօր ու գերհզօր մարմիններուն: Նման գաղափարներ կը յառաջանան օգտաշատ պահելու համար երկիր, պետութիւն եւ իշխանութիւն։
Աւետիս Տիպան
***
- Անկախ մարդ կամ երկիր գոյութիւն չունի: Անկախութիւն կը նշանակէ ազատ որոշում:
Գրիգոր Թէրզեան
***
- Անկախութիւն… Որքան ընդարձակ, սակայն կարճամփոփ ու յստակ բովանդակութիւն ունեցող անուանում: Ինծի համար անկախութիւնը գաղափարախօսութեան անկախ էութիւնն է, այն ազատ թռչող միտքը, որուն տունդարձի ճամբան ոչ մէկ մարդ-երամ կրնայ շեղել: Անկախութիւնը այն հաստատ որոշումի ու ոտքի քայլն է, որուն շարժումները ինքնավստահ են ու վճռական: Աւելին, ազատութիւնը ամէնէն ուժեղ միջոցն է, որուն դիմաց ոչ մէկ թշնամի կրնայ խախտել ներքին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:
Մարիա Եագուպեան
***
- Անկախութիւնն իմ համար թղթի վրայ ստորագրուած հռչակագիրը չի, եւ ոչ էլ աշխարհի առաջ երեւակայական հանրապետութիւն ներկայացնող կառավարութիւնը:
Անկախութիւնն իմ համար ժողովրդի չարքաշ կեանքի մէջ գոնէ մէկ փշուր փոփոխութիւնն է, կենցաղի, կեանքի, կենսամակարդակի մէկ աստիճան բարձրացումը, հայրենիքով հպարտանալու առիթը, հայրենիքի կողմից պաշտպանուածութեան զգացումը, հայրենիքի համար մեռնելու ցանկութիւնը, հայրենիքի համար աշխատելու, ստեղծելու, արարելու մղումը:
Անահիտ Կօշկարեան
***
- Անկախութիւնը հայուն ամէնէն շատ երազած, չարչարած, խեղաթիւրած, չարաշահած, անով խաբկանքներ ապրած, գտած, կորսնցուցած ու վերագտած ըլլալու եղելութիւնն է: Այս դարը մեր երկրագունդը վերածած է միասնական ամբողջութեան մը՝ ՄԱԿ եւ այլ հատուածական խմբաւորումներու, ինչպէս՝ ՆԱԹՕ, ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆ, ԵՒՐԱՍԻԱԿԱՆ, ԱՐԱԲԱԿԱՆ եւ այլն, եւ ամէն երկիր, մեծ թէ փոքր, կախուածութիւն ունի ա՛յլ երկրէ մը կամ երկիրներէ: Ալ ո՛ւր մնաց անկախութեան հին դարերու հասկացութիւնը: Խաբէութիւն է, մարդկային հնարամտութեան մէկ արգասիքը, երբ նոյն երկրին մէջ ժողովուրդ-պետութիւն իրականութիւնը իրարմէ անկախ չէ եւ երբեմն թշնամական իսկ: Վերջապէս, անկախութիւնը սահմանային ապահովութենէն անդին, պիտի ըլլայ նաեւ ապահովութիւնը բարօր ապրելակերպի, որ ե՞րբ եւ ի՞նչպէս պիտի իրականացուի, ո՜վ գիտէ:
Պիտի իրականացուի միասնական ճիգերով, շրջահայեացութեամբ, ճկուն քաղաքականութեամբ եւ մասամբ նորին:
Սարգիս Փոշօղլեան
***
- Ինծի համար անկախութիւն կը նշանակէ ըլլալ ինքնաբաւ, այսինքն՝ կախեալ չըլլալ որեւէ այլ երկիրէ՝ ոչ սննդամթերքով, ոչ զէնքով եւ ոչ ալ ուրիշ ապրանքով:
Նիքոլայ Րոմաշուք Հայրապետեան
***
- Անկախ պետականութեան հիմնաքարերը երեք հատ են.
Ա. Սահմանագծում եւ բանակին կողմէ պաշտպանողական անվտանգութեան համար ռազմագիտական տուեալներու ապահովութիւն գալիք հարիւրաւոր եւ աւելի տարիներու դիմաց նորանոր գիտարուեստական միջոցներով։ Մեր պատմութիւնը յատկանշուած է ժամանակաւոր ոչ հեռաւոր նշանակէտերու յաղթանակներով շարունակական պաշտպանման թերութիւններով եւ տիրացուած հողային կորուստներով:
Բնական պայմաններուն՝ մէկ երրորդը պետական պիւտճէին այս ուղղութեամբ յատկացում ապահովելու ծրագրով․ արտահերթ պայմաններուն պիւտճէին եօթանասուն տոկոսը ապահովելով:
Բ. Ներքին ապահովութիւն եւ կարգ-կանոնի պահպանում։
Բնական պայմաններուն տասը տոկոսը տարեկան պետական պիւտճէին․ արտահերթ պայմաններուն մինչեւ քսան հինգ առ հարիւր տոկոսը նաեւ բանակին օգնութեամբ։
Գ. Քաղաքացիներու եւ ընկերութեան բարելաւման պայմաններու ծրագիր, պետական կառոյցներու ստեղծում եւ ընկերային կառոյցներու ծառայութիւն ու աշխատանքի պայմաններու առաւել կարելիութիւններու ընձեռում, ի վերջոյ կայուն տնտեսական շարունակական վիճակ:
Բնական պայմաններուն 50-60%՝ արտահերթ պայմաններոու հինգ առ հարիւր տոկոսը։
Շահէ Խ․ Գալուստեան
***
- Անկախութիւնը կենսական պահանջ է եւ պէտք իւրաքանչիւր ազատ ծնած մարդ էակի համար:
Սովետական շրջանին գտնուած եմ Հայաստան: Հրճուանքով երբ պատմած եմ անոր մասին, հայրս պատասխանած է, թէ ինք կը փափաքի տեսնել անկախ Հայաստան, ինքնավար ու ազատ հայրենիք Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Հիմա ունինք ազատ անկախ Հայաստան, թանգարան մը բաց երկնքի տակ, որ կը հրապուրէ բազմահազար զբօսաշրջիկները: Ան հիմա առաջատար գիտութեան, համատարած գրագիտութեան Հանրապետութիւն է: Այնքան զօրեղ է անկախ ու ստեղծագործ կեանքով ապրելու ժողովուրդի ձգտումը:
Սրբուհի Յակոբեան
***
- Independence to me is a basic human right. To be independent means to be free from fear and want. To have the freedom of opinion and speech as well as worship. All these protected by state of law. A state which is an equal member of the international community with sovereign borders and national security.
Greg Hagopian
***
- Անկախութիւնը հայ ազգին ապահովութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ:
Լարա Քուտուսեան
***
- Ծնուել եմ Խորհրդային Հայաստանում, հետեւել կոմունիստական ուղուն, ապրել յաւերժ վախենալով խօսել, բարձրաձայն կարծիք յայտնել եւ այլն։ Անկախութեան արժէքը իւրայատուկ է, գինը՝ թանկ. ազգային բանակ, հոգեւոր արժէքներ եւ չվախենալ հայկական ազգային սովորոյթներն ու աւանդոյթները պահպանելուց։
Օսան Բարսեղեան
***
Հարցում 2. Ինչպիսի՞ Հայաստան մը կը պատկերացնես կամ կ՛ուզես տեսնել մեր թուականէն քսան տարի ետք
- Շատ պարզ. զարգացող, հզօրացող, ժողովրդավար եւ արտերկրի հայութիւնը ոգեւորող եւ տուն կանչող հայրենիք մը, ուր կը տիրէ արդարութիւնը եւ հասարակական համերաշխութիւնը:
Յովիկ Էօրտեքեան
***
- Քսան տարի ետք կը պատկերացնեմ Հայաստան մը տնտեսապէս հզօրացած, իսկ թէ ինչպիսի՞ն կ՚ուզեմ տեսնել՝ Հայաստան եւ Արցախ մէկ պետութիւն։
Հրաչ Սեփեթճեան
***
- Կ’ուզեմ տեսնել փայլուն, հզօր, տնտեսապէս եւ բարոյապէս զարգացած, քաղաքակիրթ եւ հայու համար ապրելու եւ կեանքը վայելելու արժանի երկիր:
Ճէնի Գրիգորեան–Բարսեղեան
***
- Զուիցերիա, զօրաւոր բանակ եւ յառաջացած արհեստագիտութիւն:
Գրիգոր Թէրզեան
***
- Մեր երկրին գեղեցկութեան ու խորհրդաւոր ըլլալուն մասին շատեր կը խօսին եւ կը գովաբանեն զայն: Չեմ ուզեր այդ բոլոր խօսքերը կրկնել: Վստահ ենք, որ Հայաստանի ընդհանուր վիճակը աւելի ու աւելի պիտի յառաջդիմէ, սակայն փափաքս պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ տեսնել բոլոր հայութիւնը, աշխարհի չորս կողմը գտնուող սփիւռքահայութիւնը, ինչպէս նաեւ այն բոլոր հայաստանցի երիտասարդները, որոնք Հայաստանէն դուրս գտնուած էին տարբեր պատճառներով:
Մարիա Եագուպեան
***
- Ապագայի իմ Հայաստանը, յուսամ, հային տուն բերող Հայաստան է լինելու, ուր անկախութիւնը լոկ թղթին գրուած հռչակագիր չի լինելու, ոչ էլ աշխարհին ներկայացուող երեւակայական կառավարութիւն (ստիպուած եմ շեշտել երկրորդ անգամ գրելով): Յուսամ՝ ապագայի Հայաստանում քաղաքացին պաշտպանուած է լինելու ոչ թէ խօսքով, այլ օրէնքով, որ քաղաքացին պարտականութիւններից բացի կ’ունենայ եւ իրաւունք, որ Հայաստանի քաղաքացին կ’ապրի բարեկեցիկ եւբռնատիրական հոգեբանութիւնից զերծ Հայաստանում: Յուսամ, որ իմ կառավարութիւնը հասարակ քաղաքացուն կ’ընձեռնի Հայաստանի կեանքից հաճոյք վայելելու հնարաւութիւնը` այն է օրէնքի առաջ հաւասար կը լինեն բոլորը, աշխատանքին համարժէք կը լինի աշխատավարձը, աշխատավարձին համարժէք կը լինեն հարկերը, բժշկութիւնն ու ուսումը:
Անահիտ Կօշկարեան
***
- Այս արագընթաց ու յարափոփոխ աշխարհին մէջ, երբ ամէն չափ, չափանիշ, հասկացութիւն ենթակայ է անոր, մարգարէութիւններէն խուսափիլը լաւագոյնն է, մանաւանդ որ մարգարէութեան դարը անցած է: Կարելի չէ չյիշել Ա. Համաշխարհային պատերամէն ետք, երբ Թուրքիան պարտուած էր, Վ. Թէքէեան գրեց թուրքին ուղղուած քերթուած մը՝ «Պիտի իյնաս այս անգամ եւ ալ ի սպառ, անյարիր, ճանկռտելով հողը դեռ»: Իսկ ցարդ ան իր գործը կը շարունակէ իբրեւ ամբողջական արնախում եւ ընդարձակուելու միտում ունեցող ու պատերազմող երկիր: «Փափաքները գերի չեն դառնար», ո՛չ ալ մարգարէութիւններ կ’իրականանան: Ո՞ր հայը չ’ուզեր տեսնել երազատեսներու Հայաստանը՝ գէթ Սեւրի դաշնագիրով պայմանաւորուած: Ոսկէ գրիչը շուտ ժանգոտեցաւ: Աւա՜ղ:
Սարգիս Փոշօղլեան
***
- Մեր թուականէն քսան տարի ետք, կ’ուզէի, որ Հայաստանի բնակչութեան թիւը ներկայ ժամանակաշրջանի հակապատկերը ըլլար, այսինքն՝ Հայաստանի բնակչութեան թիւը գոնէ կրկնապատկուէր՝ բաղդատած Սփիւռքի հայութեան ընդհանուր թիւին: Մուտք դէպի ծով:
Նիքոլայ Րոմաշուք Հայրապետեան
***
- Քսան տարեթիւը ընդհանրապէս յատկանշական բնոյթ կը կրէ սերնդափոխութեան, տնտեսական նոր փուլի փոխանցումի եւ գիտարուեստական աշխարհի, ինչպէս նաեւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններու ընկերային կառոյցներու ոլորտներէն ներս: Մնայունը այս բոլորին մէջ հարիւրաւոր եւ աւելի տարիներու ժառանգական եւ մշակութային ինքնութեան պահապանումն է՝ սկսելով մասնագիտական դաստիարակութեամբը նոր սերունդներու եւ գիտակից առաջնորդութեամբը աւագանիներու:
Միջազգային չափանիշերու համապատասխան մասնակցութիւն ընձեռելու քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, տնտեսական, բնապահպանման, մարդասիրական, անվտանգութեան, սննդանիւթի, երկրագործական, երաժշտական, պատմական, ճարտարարուեստի, լրատուական, ելեկտրակայաններու, գիւղատնտեսական, ջրամատակարարման, փոխադրական եւ այլ ընկերային այլազան մարզերու մէջ։
Այս բոլորը իրագործելու համար թուաքանակի չափանիշը ներկայիս նուազագոյն տասնեւհինգ միլիոն ապագայի բնակչութեան ծրագրումը կազմելու է, որոնց նուազագոյն կէսը, ըլլան պետական հայրենական եւ վերատիրացած եւ ազատագրուած հողերու վրայ ազգակերտումի ազգանուէր հեռանկարով:
Շահէ Խ․ Գալուստեան
***
- Հայրենիքը կը սկսի մեր մայրերու երգած օրօրներէն, մեր այբբերանանէն, մեր հայ թերթերէն, ուրկէ ամէն օր կը տեղեկանանք մեր հայրենիքի մասին: Շնորհակալ ենք անոնց ժրաջան աշխատանքին համար:
Փափաքս է, որ ապագային տիրանանք բռնագրաւուած մեր հողերուն, ունենանք աւելի հզօր ու մեծ հայրենիք իմաստուն ղեկավարներով, որոնք երկիրը կը ղեկավարեն ճշմարտութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ արդարութեամբ:
Սրբուհի Յակոբեան
***
- Չեմ ուզեր պատրանքներ հիւսել, սակայն լաւ կ’ըլլայ, որ ժողովուրդը չխծբծէ ՀՀ իւրաքանչիւր քայլը, որպէսզի եղածն ալ վրայ չտանք:
Յարութ Կիւլիւզեան
***
- I want to see our motherland Armenia a highly developed and competing country
Greg Hagopian
***
- Կը ցանկամ 20 տարի ետք սքանտինավեան երկիրներուն նման Հայաստան ընկերային ապահովութիւն ունենայ եւ կաշառակերութիւնն ու կողոպուտը հնարաւորինս նուազագոյնի հասնին:
Լարա Քուտուսեան
***
- Իմ երազած Հայաստանում մարդիկ իրենց պաշտպանուած պիտի զգան ոչ միայն արտաքին թշնամուց, այլեւ անօրէն պաշտօնեայից։
Օսան Բարսեղեան
Հարցում 3. Ի՞նչ կը թելադրես Հայաստանին
- Հայաստանին թելադրելէ առաջ կը կարծեմ թէ՝ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է նախեւառաջ գործով մասնակցիլ երկրի հզօրացումին եւ յառաջդիմութեան: Ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցով պահանջել, թելադրել եւ ի հարկին փոխել իշխանութիւնները:
Յովիկ Էօրտեքեան
***
- Հայաստանին չեմ կրնար թելադրել, սակայն կը փափաքիմ որ ընկերային կեանքը բարելաւուի։
Հրաչ Սեփեթճեան
***
- Կը թելադրեմ Հայաստանին, որ պահպանէ եւ զարգացնէ այն մշակութային արժանիքները, զորս ժառանգած ենք մեր նախնիներէն, ու զանոնք արդիականացնելով ներկայ դարուս շունչին համապատասխան կենցաղի տեսքով մատուցէ իր զաւակներուն եւ ըստ պատշաճի փոխանցէ ապագային:
Ճէնի Գրիգորեան–Բարսեղեան
***
- Ոչինչ չեմ Թելադրեր:
Գրիգոր Թէրզեան
***
- Իսկ թելադրանքս հայրենիքիս այն է, որ ինք բաւարարուի իր մարդ-ուժով եւ պահէ իր անբծութիւնը, իր պատմական շքեղութիւնն ու բարոյական հարստութիւնը՝ առանց որեւէ մէկ ձեւով ենթակայ դառնալու նորաձեւութեան եւ ձեւակերպութեան, որովհետեւ այս վերջինները կրնան հակադարձութիւններու պատճառ դառնալ:
Մարիա Եագուպեան
***
- Թելադրանք ասելու իրաւունք չունեմ, բայց յուսալու, երազելու իրաւունքունեմ: Ուզում եմ յուսալ, որ բոլորս կը սիրենք Հայաստանը ամբողջութեամբ, ո՛չ մաս-մաս, ո՛չ ժամանակ առ ժամանակ, ո՛չ ընտրաբար: Ամբողջութեամբ` սկսած ամենացածր խաւում գոյութիւն քարշ տուող քաղաքացուց, աւարտած երկրի ղեկավարով, ամենածանր ու դժուար ժամանակաշրջանից մինչեւ անհոգ ու բարեկեցիկ ժամանակը: Այդ ժամանակ, վստահաբար, ամէն ինչ դէպի աւելի լաւը կը շարժուի, Հայաստանն աւելի լաւը կը դառնայ:
Անահիտ Կօշկարեան
***
- Կը փափաքէի, որ յաղթահարէ վեց հարիւր տարուան ստրկական հոգեբանութիւնը, որ երբեմն կը վերածուի գերակայութեան: Մէկ խօսքով՝ ԻՆՔԶԻՆՔ ԳՏՆԷ կամ «գլխի ընկնի» (Հ. Սահեան), որպէսզի կարենայ կշռադատել՝ զատորոշելու սուտը իրականէն, ժամանակաւորը անժամանակէն ու յաղթահարէ ինքզինք, «կեանքի, մահի այս ամեհի աղջամուղջէն» (Ե.Չ.) անցնի պայծառ առաւօտին կարմրավառ:
Սարգիս Փոշօղլեան
***
- Հայաստանին կը թելադրեմ Աստուածաշունչը, քրիստոնէութիւնը եւ հայերէն լեզուն ամէն գնով պաշտպանել եւ առանց վարանելու պէտք եղած զիջումները կատարել յիշեալ ազգապահպանգործերուն համար:
Նիքոլայ Րոմաշուք Հայրապետեան
***
- Արհեստավարժ եւ համադրուած վարչական ծրագիր՝ հիմնական նկատուած ազգային հաստատութիւններու եւ կուսակցութիւններու միջեւ ամրապնդելու համար ընկերային առողջ կառոյցի շարունակականութիւնը՝ առանց հակադրուելու եւ տարբեր գաղափարաբանութեան տէր ծալքերու մէջ մտնելու եւ հասանելի դարձնելու համար հանգիստի եւ բարգաւաճ կեանքի տարբեր մակարդակներու պայմանաւորում։ Յետադարձ դժուարութիւնները դարմանելու աշխատանքի պարագային առաւելագոյն գաղտնապահութեամբ եւ հետագայի դրական արդիւնքներ յաջողցնելու ուղիով կատարել։
Շահէ Խ․ Գալուստեան
***
- Կը թելադրեմ, որ ի բաց առնէ սպանդի տհաճ հոգեբանութիւնը:
Յարութ Կիւլիւզեան
***
- I can’t advise Armenia but I want to kindly advise it’s people to be more tolerant, less aggressive, and to have the best relations with fellow compatriots.
Greg Hagopian
***
- Լինել իրապէս անկախ ու ազատ։
Օսան Բարսեղեան
Հարցում 4. Ի՞նչ կ՛ակնկալես Հայաստանէն եւ ի՞նչ կը խոստանաս անոր
(rights and duties)
- Հայաստանէն ակնկալութիւնները պայմանաւորուած պէտք է ըլլան իւրաքանչիւր հայու եւ քաղաքացիի մասնակցութենէն՝ ազգային թէ քաղաքացիական պարտականութիւններու կատարումով: Օրէնքի գերակայութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ ժողովրդանուէր ղեկավարութիւն: Ասոնք են ակնկալութիւններս:
Յովիկ Էօրտեքեան
***
- Կ’ակնկալեմ Հայաստանէն, որ իր երդիքին տակ հաւաքէ իր բոլոր զաւակները ապահով, հաստատուն, ծաղկուն եւ հզօր երկրի տեսքով: Կը խոստանամ առաւելագոյնս գործել ներկայացուած հարցադրումներուն տուած պատասխաններս իրագործելու համար:
Ճէնի Գրիգորեան–Բարսեղեան
***
- Կ՛ակնկալեմ պարզապէս հայերուն թիւը Հայաստանի մէջ շատնայ եւ ըլլան ազատ այպէս, ինչպէս կ’ուզէին:Կը խոստանամ Հայ մնալ:
Գրիգոր Թէրզեան
***
- Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ իմ Հայաստանին կարող եմ խոստանալ, որ կը սիրեմ նոյն սիրով ինչ սիրել եմ մինչեւ հիմա, որից էլ բխում է Հայաստանիս համար աշխատելու, ստեղծելու, բարելաւելու, ծառայելու ու Հայաստանիս համար մեռնելու ցանկութիւնը:
Անահիտ Կօշկարեան
***
- Տակաւին լինելութեան ճամբուն վրայ գտնուող երկրէ մը ի՞նչ կարելի է սպասել կամ ակնկալել… Իսկ ինչ որ իբրեւ ժառանգ առած եմ ծնողներէս, («Տուիք ինծի սիրտ մը բարի, որ մարդկային սիրով խորունկ կ’արիւնի. աչքեր, որոնց ծիրին վրայ ծփացող նաւը կ’անհետի») փոխանցած եմ զաւակներուս: Սէ՛ր հայրենիքի հանդէպ, ի՛նչ գոյնի ալ ըլլայ ան, զի հաստատուն ոչինչ կայ. իսկ եթէ կայ, մեզի համար պէտք է ըլլայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՀԱՅՈՎ:
Սարգիս Փոշօղլեան
***
- Հայաստանէն կ’ակնկալեմ հաւասար եւ արդար իրաւունքներ մեր բոլոր հայրենակիցներուն համար, սահմաններու խիստ հսկողութիւն, ինչպէս նաեւ կայուն ու յաւերժական խաղաղութիւն բոլոր հարեւան երկիրներուն հետ: Կը խոստանամ նուիրել կեանքս:
Նիքոլայ Րոմաշուք Հայրապետեան
***
- Թէեւ հարցադրումը լայնատարած բնոյթ կը կրէ, հիմնական հայեցակէտը նախ առաջին Հանրապետութեան ստորագրած եւ ակամայ յանձնումը եւ զրկուիլը անկախութեան ընթացքին հաստատուած հողերու սեփականատիրութեան աշխատանքն է․- Կարս, Արտահան, Ախալքալաք, Ախալցխա, Սուրմալու, Նախիջեւան եւ աւելի հեռաւոր նպատակադրումով վերատիրացումը Վան, Էրզրում, Վասպուրականի տարածքներուն եւ նահանգներուն։ Հաշտութեան որոնումը Թուրքիոյ հետ իրագործելի դարձնել՝ ի հարկին որոշ մարզերու մէջ դաշնակցային համակարգ ստեղծելու որպէս քաղաքական անմիջական աշխատանք, գլխաւորաբար պատմական չափանիշերու անցեալի եւ ներկայի դիւանագիտական կշռոյթով, ռազմագիտական հեռանկարային կազմաւորումով եւ տնտեսական հիմնաւորումով:
Շահէ Խ․ Գալուստեան
***
- Կը սիրենք մեր հայրենիքը եւ կը հպարտանանք անով:
Յոյսով եմ, որ իւրաքանչիւր մարդ իր սեփական կեանքով ու գործով իր նպաստը կը բերէ հայրենիքի յառաջընթացին:
Սրբուհի Յակոբեան
***
- Կ’ակնկալեմ, որ մեզ չհիասթափեցնէ Հայաստանի այսօրուան կառավարութիւնը, որուն այնքան յոյսեր կապած ենք ազգովին: Կը խոստանամ ազգօգուտ գործերով սատար հանդիսանալ հայրենիքիս:
Յարութ Կիւլիւզեան
***
- I expect from Armenia to have better socioeconomic conditions and am ready to give whatever I can to achieve the desired goal.
Greg Hagopian
***
- Creation of conditions which eventually will lead our country towards prosperity and a bright future. This would be achieved only through a strong and solid infrastructure in every city and village, not just Yerevan.
Creating attractive opportunities for foreign investors which ultimately will open job opportunities for the youth, will stop emigration and will achieve a vibrant social atmosphere and population growth.
Market our strong IT and technological concepts and products is another must which will put our homeland in the upper ranks of that field.
All this to top marketing ethnic and religious traditions, tourism and culinary perfection.
Anonymous
***
- Ես փոքրիկ կին եմ, ակնկալիք չունեմ, թող միայն խաղաղութիւն լինի։ Խոստանում եմ կանացի իմ ուսերին տանել ինձ հասանելիք բեռը:
Օսան Բարսեղեան
***






