ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
«Թէ ուզում ես երգդ լսեն, ժամանակիդ շունչը դարձիր»
Ե․ Չարենց
«ԶԱՐԹՕՆՔ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Չի շղթայուի մարդու ոգին ո՝չ մի կապով արտաքին, եթէ դարի, ժամանակի զրահ ունի իր հագին․․․»:
Չարենցի վերոյիշեալ իմաստաւոր խօսքը կարճ ու սեղմ բառերով կ’արտայայտէ հայ կեանքի հասարակական-քաղաքական իրադարձութիւններու ոգին եւ միաժամանակ շրջանակուած պատկերը մեր նոր ու նորագոյն շրջանի պատմութեան։
Այդ կը նշանակէ, թէ ժամանակի զգացողութիւնը ոչ միայն կենսաբանական իմաստ ունի, այլեւ պատմական ժամանակի իմաստ։ Ի՞նչ եղած է ժամանակին, ի՞նչ պատահած է հայրենիքին հետ։ Այս առումով, կայ ժամանակի տարբեր ընկալում։ Մէկը՝ այդ ժամանակի այն օրուան փառքն է, պղպջակներու վրայ հիմնուած ճամբան է, որ մէկ օրէն միւսը փրփուրի պէս օդին մէջ կը ցնդի։ Միւսը՝ իր ժամանակին եւ իր օրերուն անկաշկանդ ու անխարդախ վկան է, որուն խօսքը կ’ապրի հետագայ տասնամեակներու եւ հարիւրամեակներու մէջ։
Ի՜նչ տուին անկախութեան անցնող տասնամեակները հայրենի ժողովուրդին, եթէ ոչ ծանր մորմոք, թախիծ ու հոգեկան անկում։
Ժողովուրդ, որ 1991-ին միասնական եւ միահամուռ ձայնով «այո՛» ըսաւ իր անկախութեան՝ կեանքի կոչելով Հայաստանի անկախ պետութիւնը: Հռչակուած անկախութիւնը դիմաւորեց մեծ յոյսերով ու երազներով, բայց տասնամեակ մը հազիւ բոլորած՝ յուսախաբութեան ալիքներ բարձրացան Հայաստանի տարածքին, երբ մութին մէջ կը գործէին օտար ուժերը։
Այդ տարիներուն, սփիւռքահայուն յատուկ մեր զգացական հայրենասիրութիւնը միշտ հակամէտ էր թերութիւնները սովորական եւ անցողիկ համարելու։ Անկախացած Հայաստանը նոր կը յայտնուէր քաղաքական միջազգային ասպարէզ։ Ժամանակի կարիք ունէր ինքզինք գտնելու, իւրացնելու պետական մտածողութիւնը, քաղաքական հասարակական ճիշդ ուղեգիծ որդեգրելու։
Սակայն յաջորդ տասնամեակներուն, դիրքի ու պաշտօնի չարաշահումները երկիրը դարձուցին դրամատիրական նորայայտ կեղեքումներու ազատ ասպարէզ։
Օրէնքը կախեալ էր իշխանութեան տրամադրութենէն։ Կը գործադրուէր ըստ իշխանաւորի ցանկութեան, այնպէս ինչպէս ժամանակին խալիֆան եղած էր բացարձակ իշխանութիւն, որուն կամքը ունեցած է օրէնքի ուժ։ Երկրին մէջ մարդիկ բաժնուած էին երկու դասակարգի՝ կառավարող եւ կառավարուողներ, տիրապետող եւ տիրապետուող ազգեր։ Ցաւալին այն է, որ այս անգամ օտարը չէ մեր երկիրը կեղեքողը, օտարը չէ աւերին պատճառը, այլ հայրենիքի պաշտպանները՝ «հերոսացուած» անձինք։
Անոնք, որ կոչուած էին ապահովելու երկրին կայունացումը եւ հաստատելու օրէնքի գերակայութեամբ գործող իշխանութիւն։
Հողին լեզուէն չհասկցող մարդիկ ի գործ դրին մարդկութեան մեքենան՝ նախ խեղճացնելով մարդկանց, յետոյ նուաստացնելով։ Իսկ եթէ պէտք էր դժգոհութեան ձայնը լռեցնել, անոնց դէմ ուղղեցին զրպարտիչ մեղադրանքներ՝ զիրենք խոշտանգելու կամ մահուան դատապարտելու մութին մէջ։
Ինչո՞ւ կը մոռնանք, որ պատմութեան մէջ ամէն բռնապետութիւն ու կայսրութիւն անխուսափելիօրէն դատապարտուած է կործանման։ Տեսական այս դրոյթը հիմնաւորուած է պատմական այն դատողութեամբ, որ ամէն բռնապետութիւն ու կայսրութիւն իր ճգնաժամային պահերուն փլուզուած է ժողովուրդին ազգային ազատագրական շարժումներու հարուածներուն տակ։
Նման յաղթանակի հասած իւրաքանչիւր ժողովուրդ այդ օրը կը համարէ իր պատմութեան ամենահերոսական էջը։ Հայաստանի ժողովրդական յեղափոխութեան յաղթանակը այսպիսի հերոսական նոր էջ մը արձանագրեց Հայոց պատմութեան մէջ։
Հայրենի ժողովուրդին տարիներով լուռ մնացած մտքերը, նուիրականացած ձգտումներն ու անհանգիստ ապրումները յանկարծ ժայթքեցան։
Ցաւալի կեղեքումներու եւ չարաշահումներու ենթարկուած մարդիկ պոռթկացին, յուզուեցան, զայրացան, հիացան ու հերոսացան՝ ձեռք բերելու իրենց յեղափոխութեան յաղթանակը։
Երկրի ղեկը տրուեցաւ անարդարութեան դէմ մարտնչող, բանտի խուցերուն մէջ առնականացած իսկական հերոսին, քաջարի ու անվեհեր առաջնորդին՝ Նիկոլ Փաշինեանին։
Ան որ իր յանդուգն ելոյթներով, իր անկեղծ խօսքերով ու գաղափարներով կը պաշտպանէր ժողովուրդին շահերը։ Վսեմ գաղափարի տէր մարդն է, որ կը գիտակցի, թէ մարդկային ու հանրային խաթարուած յարաբերութիւններու մէջ, աւերուած երկրին մէջ պահանջները հասած են նուազագոյնին։
Եթէ մարդկային հասարակութեան մէջ ամենամեծ բարոյականութիւնը ազատութիւնն է, մարդուն նկարագիրն է, ապա բնական է, որ ազնիւ նկարագրով մարդը չի հանդուրժեր դիմակով քողարկուած մարդոց խօսքերը։
Երկար տարիներու իր պայքարին մէջ Փաշինեանը երբեք դիմակ չօգտագործեց, երբ իր շուրջը դիմակաւորուած մարդիկ շատ էին, որոնք պայմանաւորուած էին ոչ միայն ժամանակի թելադրանքով, այլեւ իրենց բնոյթով, իրենց բուն խառնուածքով։
Անոնք տեսլականներով տարբեր են։ Ազնիւ մարդը չի կրնար հաշտուիլ կեղծիքի եւ թաքուն բռնարարքներու հետ, կարիք չունի դիմակ օգտագործելու։
Ինքը՝ Փաշինեանը, այն է, ինչ կար։ Բաց ու անկեղծ է իր ժամանակին առջեւ։ Նոյն մարդն է, ինչպէս կեանքին, այնպէս ալ քաղաքականութեան մէջ։ Մէկը, որ խոր հաւատքով ու համոզումով կը հաստատէ իր ծրագիրը։ Այն ինչ կ’ապացուցէ, որ իր հոգիին բոլոր թելերով կապուած է իր հայրենիքի ներկային ու ապագային։ Որովհետեւ ինքը նախ մարդ է ու քաղաքացի, ամբողջական հայն է, որ ունի երազներ ու ծրագիրներ։
Փաշինեանի բացառիկութիւնը կը բնութագրուի իր մարդկային նկարագիրով, հոգեբանական կերտուածքով եւ մտածողութեան բնոյթով։
Նկարագիրը եւ քաղաքական հասունացումը չէ պայմանաւորուած դափնիներու քանակով, ոչ ալ տիտղոսներով։
Փաշինեանը ունի տեսլական, կ’ընթանայ գալիքի տեսիլքով, նոր երազներու ճամբուն վրայ…
Եզրայանգում
Հայրենի հողը ունի իր տարերային թափը եւ ծանրակշիռ կարողութիւնը:
Հայ ժողովուրդին իղձերն ու երազները կրնա՞ն դառնալ իրականութիւն։
Եթէ հայրենի հողը լի է անցեալի փառքով, կառուցուած քաղաքներու, բերդերու եւ տաճարներու յիշատակներով։
Եթէ հայրենի հողը մինչեւ այսօր իր ընդերքին մէջ պահած է հայ ժողովուրդի պատմութեան յեղաշրջուող ժամանակներու ուժեղ ոգին, ազգային երազներու եւ ձգտումներու հեռահաս տեսիլքներ։
Հայրենի հողը լի է չիրականացուած երազանքներով։
Միթէ արեւին տակ կա՞յ թիզ մը հող, որ հերկած ու շէնցուցած չըլլան մեր նախնիները։
Հետեւաբար իրաւունք չունինք չհաւատալու, որ հայրենի հողը ունի իր տարերային թափը բացայայտելու կատարուած իրողութիւններ ու արարքներ։
Եւ ունի իր ծանրակշիռ կարողութիւնը նոր հուն բանալու հայ ժողովուրդի հանրային քաղաքացիական կեանքին մէջ։
Հոն ուր պէտք է իշխէ բնութեան օրէնքը՝ արդարութիւնը։
Այդ հունն է, որ կը բանայ ճամբան քաղաքակրթութեան, որ կը կոչուի մարդկութիւն։ Այդ հունն է, որ կ’ընթանայ դէպի ապագայ։
Հայրենի հողը կը տրուի հողի լեզուէն հասկցող ժողովուրդին եւ անշահախնդիր քաղաքական գործիչներու, անբասիր հայրենասէրներու, որոնք պատրաստ են անձնուրաց զոհաբերութեամբ ծառայելու իրենց հայրենիքին
Այս օրերուն ցնցող բացայայտումները տխուր պատկերը կը ներկայացնեն անցնող տասնամեակներուն կատարուած չարաշահումներուն։ Նման չարաշահումներ կան քիչ մը ամէն տեղ։ Սակայն մեր սխալները այնքան շատ են, որ ձեռքբերումները կը մնան անտեսանելի:
Ի՞նչպէս բացատրել բռնութիւն ու չարաշահում հայրենիքիդ ու ժողովուրդիդ դէմ։
Չենք ուզեր հաւատալ, որովհետեւ այդ չէ մեր հաւատքը հայրենիքի հանդէպ։
«Հայաստան՝ սրբութիւն սրբոց» մեր հաւատամքը մեր արեան մէջ կը խլրտայ մանկութեան օրերէն։
Որքան դառն է իրականութիւնը, երբ օրէ-օր կը բացայայտուին նոր ու դառն ճշմարտութիւններ։
Դժուար է հաւատալ, որ այսօր կ’այլափոխուի դարերու ծանր տառապանքներով յարատեւած ժողովուրդի մը պատկերը։
Ժողովուրդ, որ նոյնիսկ բռնակալներու լուծին տակ եղած է ինքնիշխան, նոյնիսկ իր պարտութիւնը եղած է յաղթանակ։ Իր գոյերթը միշտ եղած է յաղթական՝ իր սեպուհ նկարագիրով եւ մարտունակ ոգիով։
Այո՛, մենք այն ժողովուրդն ենք, որ գոյատեւման պայքարով կրցած է կերտել իր պատմութիւնը։ Ժողովուրդ, որ ունի տեսլական եւ կը ձգտի իրականացնել իր սրբազան առաքելութիւնը՝ ապրելու ու գոյատեւելու որպէս քաղաքակիրթ ազգ եւ ժողովուրդ։
Այսօր պատմական նոր ժամանակաշրջան մը թեւակոխած է հայրենի ժողովուրդը, որ կը պահանջէ վստահութիւն իշխանութիւններու եւ ապագայի նկատմամբ։
Նոր իշխանութիւնը պէտք է ներշնչէ այդ վստահութիւնը, որպէսզի չկրկնուին տխուր երեւոյթները եւ լսելի դառնայ հանրութեան ձայնը։ Իշխանութիւնը պատասխանատուութիւն է, խորութեամբ պէտք է հասկնալ այդ պատասխանատուութիւնը։
Այս բոլորին համար հարկաւոր են տիտանական ջանքեր՝ մեծ հաւատքով, նուիրումով ու փոխըմբռնման վստահութեամբ գործելու։
Հողի լեզուէն հասկցող մարդիկ պէտք են։ Անոնք որոնք կը հաւատան, թէ հայրենի հողը ունի իր տարերային թափն ու ծանրակշիռ կարողութիւնը նոր արշալոյս մը բանալու հայոց հայրենիքին երկնակամարին վրայ։ Որպէսզի հայ ժողովուրդին չիրականացուած երազները դառնան իրականութիւն։
Հայ բանաստեղծին խօսքերը այսօր կը հնչեն որպէս պատգամ՝ «Ո՜վ գալիքի երգասաններ, չմոռնաք որ դուք պիտի սերմեր ցանէք․․․ յանուն գալիք օրուայ․․․»:
Հալէպ






