Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Արիա Վոգըլ» Սթիւտիոն Իւրաքանչիւր Սանի Մէջ Կը Զարգացնէ Նաեւ Անհատականութեան Դրսեւորման Սկզբունքը. Անահիտ Կօշկարեան

Զրոյցը վարեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Խորհրդային Հայաստանը նշանաւոր էր արուեստի բոլոր բնագաւառներու մէջ իր առաջնակարգութեամբ: Հայ երիտասարդը հոն կը դաստիարակուէր արուեստի ազդեցութեամբ ու ոգիով: Մենք ուրախ ենք, որ Հայաստանի Անկախացումէն ետք ալ նոյն աւանդութիւնը շարունակուեցաւ եւ այսօր հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու նիւթական ծանրաբեռնութեան Հայրենի ծնողքը տակաւին հաւատարիմ իր մշակոյթին իր զաւակները հեռու չպահէր արուեստի աշխարհէն: Այս բանը նաեւ շնորհիւ արուեստին նուիրուած դաստիարակներու, որոնք իրենք ալ իրենց կարգին, հակառակ նիւթական անբաւարարութեան, իրենց արուեստը կը փորձեն փոխանցել մատղած սերունդին, որպէսզի միշտ ունենանք երիտասարդ, արուեստագէտ եւ խոստմնալից Հայրենիք:

Ի տես այս երեւոյթին «Զարթօնք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Էջմիածին քաղաքին մէջ գործող, Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած «Վերածնունդ» միջազգային X մրցոյթփառատօնին դափնեկիր ու առ այդ, որպէս մրցանակ Վիեննա այցելած ու այնտեղ երաժշտական ակադեմիային մէջ վարպետութեան դասեր առնելու հնարաւորութիւն ունեցած   «Արիա Վոգըլ» Սթիւտիոյի պատանի արուեստագէտներուն անձնուէր ղեկավար Անահիտ Կօշկարեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցի բովանդակութիւնը, մենք ալ մեր կարգին քաջալերելու համար Հայ պատանին մնալու հաւատարիմ իր աւանդոյթներուն:

«Զ.»

– Խնդրեմ, համառօտ պատմականը ըրէք «Արիա Վոգըլ» սթիւտիոյին:

– «Արիա»-յի փաստացի պատմութիւնը կը սկսի 2017 թուականի Սեպտեմբեր 7-էն: Երաժշտանոց հիմնելու միտքը յղացուած է 2015-ին: Նախապատրաստական որոշ աշխատանքներէ ետք հաստատուն իր դռները բացաւ եւ գործունէութեան մասին յայտարարեց 2017-ի Սեպտեմբեր 7-ին:

– Ինչո՞ւ «Արիա»:

– Անունը ընտրուեցաւ «Արիա», որովհետեւ երաժշտական եզր է եւ բառացիօրէն կը նշանակէ երգ:

– Ինչո՞վ կը տարբերի «Արիա»-ն այլ երաժշտական դպրոցներէ:

Երաժշտանոցին մէջ սաները կ’ուսանին երգեցողութիւն, պար եւ դերասանի վարպետութիւն: Անիկա պետական երաժշտական դպրոցներէն կ’առանձնանայ նիւթերու եւ ծրագիրի տարբերութեամբ եւ, ըլլալով երաժշտական մասնաւոր հաստատութիւն, ունի ծրագրային լայն եւ ազատ ընտրութեան հնարաւորութիւն՝ մեկնելով աշակերտներու հնարաւորութիւններէն: Այստեղ իւրաքանչիւր աշակերտ մասնագէտներէն կը ստանայ խոր գիտելիքներ բոլոր նիւթերէն եւ, ի յաւելումն անոր, ունի ինքնարտայայտուելու, ստեղծագործելու, սեփական ձեռագիրը յղկելու հնարաւորութիւն եւ ազատութիւն: Այստեղ աշխատող մասնագէտներու խումբը, բացի մասնագիտական գիտելիքներու դասաւանդումէն, իւրաքանչիւր սանի մէջ կը զարգացնէ նաեւ անհատականութեան դրսեւորման սկզբունքը: Կը կարեւորուի տարբերուող, չկրկնօրինակող մտածելակերպի զարգացումը իբրեւ անհատ կատարող եւ խումբի անդամ:

 – Ո՞վքեր կրնան աշակերտել «Արիա»-յին:

– Երաժշտանոցին մէջ կրնայ սորվիլ երաժշտական ունակութիւններով օժտուած ոեւէ երեխայ: 

– Խնդրեմ խօսեցէ՛ք ընդամէնը միամեայ «Արիա»-յի իրագործումներուն մասին:

– Երաժշտանոցի սաները 2018-ի Ապրիլին մասնակցեցան Կիւմրիի մէջ «Վերածնունդ» միջազգային X մրցոյթ- փառատօնին, որ շուրջ 3200 մասնակից ունէր  35 երկրէ, եւ երգեցողութեան անուանակարգին մէջ դարձան 1-ին, 3-րդ (եռակի) 4-րդ (կրկնակի), 5-րդ (կրկնակի) կարգի մրցանակակիրներ՝ բերելով 8 մրցանակ: 

Մրցոյթէն ետք, իբրեւ անուանակարգի յաղթողներ՝ ստացան Վիեննա ճամբորդելու եւ Վիեննայի երաժշտական ակադեմիային մէջ վարպետութեան դասեր առնելու հնարաւորութիւն, ուր եւ եղան Օգոստոսի վերջին օրերուն: Վարպետութեան դասերը ստացան Վիեննայի երաժշտական ակադեմիոյ նախագահ Պորիս Փերենուէն եւ փրոֆէսոր Մարիա Լափթեւայէն: 

Բացի համերգներէ՝ Յուլիսին երաժշտանոցի «Արիա» համոյթը համագործակցեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ՝ մասնակցելով «Սփիւռքի հայ համայնքներու մշակութային օրերը Հայաստանի մէջ»  ծրագիրին: 

Կրնա՞ք խօսիլ «Արիա»-յի ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Այս պահուն կ’աշխատինք «Արիա» համոյթի համերգային երգացանկի ընդլայնման վրայ, որ իր մէջ կը ներառէ հայ հոգեւոր երգեր, հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ, երգեր հայական եւ համաշխարհային ժամանակակից երգացանկէն: 

Յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ կը մտնեն մասնակցութիւններ միջազգային այլ մրցոյթներու եւ համերգներու:

***

Կենսագրական. Անահիտ Կօշկարեան

 «Արիա Վոգըլ» Սթիւտիոյի ղեկավարը` Անահիտ Կօշկարեանը ծնած է Էջմիածին (04.01.1985-ին): Ուսանած է Ռ. Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը, այնուհետեւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ:

Ղեկավարած է Էջմիածինի սբ. Մարիամ Աստուածածին, սբ. Հռիփսիմէ, Երեւանի սբ. Սարգիս եկեղեցիներու երգչախումբերը:  

Դասաւանդած է երգեցողութիւն Էջմիածինի Մ. Եկմալեանի անուան N1 երաժշտական դպրոցին մէջ, «Արեւներ» մանկապատանեկան երգեցողութեան համոյթին մէջ, «ԲեմելՍ» մանկապատանեկան թատերական երաժշտանոցին մէջ: Կը դասաւանդէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Էօրնեկեան հանրակրթական  դպրոցէն ներս՝ ղեկավարելով նաեւ դպրոցի երգչախումբը: Կը հանդիսանայ միջազգային աւելի քան 25 մրցոյթներու դափնեկիրներու ղեկավար: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին