ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ
«Օտար աշխարհը մի հիւղ չի տար քեզ,
Բայց թէ պալատ էլ տայ արեւի տակ,
Թէ հայրենիքում մի խրճիթ չունես՝
Մոռացուած որբ ես օտար լուսնի տակ»:
Յովհաննէս Շիրազ
«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանը մեր հայրենիքն է ու ան միայն հող, ջուր, երկինք ու երազ չէ: Հայաստանը հայուն ոգեղէն ու հոգեւոր արժէքներու բնօրանն է, ուրկէ կը սնանի սփիւռքի վրայ տարածուող հայ ժողովուրդը, որ իր ուժը կ’առնէ հայրենիքէն եւ կ’ապրի անկէ ոգեշնչուած:
Հինգ տարի առաջ, երբ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կատարած այցելութենէս կը վերադառնայի, առաջին օրէն հոգեվիճակս «տակնուվրայ» եղած էր, նոր գաղափար մը «կը խանգարէր» առօրեաս, տարօրինակ զգացում մը հետս կը վերադառնար Լիբանան՝ Մեծ եղեռնէն ճողոպրած մեր մեծհայրերուն ու մայրերուն ապաստան տուած մայրիներու ասպնջական երկիրը, որուն հանդէպ հայ ժողովուրդը միշտ ալ երախտապարտ պիտի մնայ: Ներաշխարհս փոթորկած էր, Հայաստան կատարած այցելութիւնս շա՜տ միտքեր յառաջացուցած ու բուռն զգացումներ արթնցուցած էր մէջս: Անշուշտ ես ալ հայրենիք այցելող ջախջախիչ մեծամասնութեան նման հմայուած էի Հայաստանի բնութեամբ, գեղեցկութեամբ, կառուցուածքով եւ նոյնիսկ անոր քաղաքակիրթ երկրի կարգավիճակով: Խորհեցայ, թէ զբօսաշրջիկի ակնոցով դիտուած ժամանակաւոր ու անցողիկ հրապոյր մըն էր զգացածս, ռութինէ դուրս ելած եւ վայելքի պահեր ապրած ըլլալու գինովութիւն մը, որմէ շուտով պիտի սթափէի: Բայց այդպէս չեղաւ, այդ գրաւչութեան զգացումը նոյն ուժգնութիւնը պահեց եւ չզիջեցաւ նոյնիսկ աշխարհի գեղեցկագոյն քաղաքներ Փարիզի ու Հռոմի դիմաց: Երեւանը միշտ մնաց դէպի իրեն կանչող իմ ջերմ ու բարի քաղաքը, իմ սրտի մայրաքաղաքը:
Այս հինգ տարուան ընթացքին զանազան առիթներով հինգ անգամ եւս գտնուեցայ հայրենիքի մէջ: Ամէն անգամ ան մէկ աստիճան աւելի վեր էր յարաճուն բարգաւաճումի սանդուխներուն վրայ: Վերջին երկու այցելութիւններուս ընթացքին այլեւս Հայաստանը զբօսաշրջութեան վայր չէր ինծի համար, այլ հարազատ օճախ, որուն իւրաքանչիւր քարը զիս «տուն» կը կանչէր:
Հայաստանի վերաբերեալ կեցուածքս արդէն վաղուց բիւրեղացած է. համոզուած եմ, որ Հայաստանը հայուն համար զբօսավայր չէ, այլ իր բոյնը եւ հանգրուանը: Համոզուած եմ, որ հայը այլեւս պատճառ չունի սփիւռքներ հիմնելու եւ զարգացնելու, պատճառաբանութիւն չունի օտար հողերու վրայ բնակելու, օտար երկիրներու մէջ որպէս երկրորդ կարգի քաղաքացի ապրելու: Այս մտածումներս հիմնաւորուած են էական եւ գլխաւոր հարցով մը՝ հայապահպանութեան հոլովոյթով: Իր պապենական հողէն տեղահանուած եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփիւռք կազմած հայը ունի հիմնախնդիր մը՝ հայրենիքէն դուրս հայ մնալու եւ հայօրէն ապրելու, որ կը դրսեւորուի ունենալով հայկական դիմագիծ, պահելով հայկական ինքնութիւնը, հայոց լեզուն ու մշակոյթը, հայկական արժէքները:
Սփիւռքի մը գոյութիւնը ինքնին տակաւ առ տակաւ ձուլում կը պարտադրէ. այդ մէկը ինքնաբերաբար, երբեմն նոյնիսկ անզգալաբար տեղի կ’ունենայ, ինչ որ լաւագոյն պարագային միայն կարելի է դանդաղեցնել հայօճախներու կենսունակութեամբ եւ հայօրէն գոյատեւելու կամքով: Ես անձնապէս համոզուած եմ, թէ որքան ալ ջերմեռանդօրէն կառչած մնանք մեր արմատներուն, թէ որքան ալ հետամուտ ըլլանք լաւագոյնս պահպանելու մեր ինքնութիւնը եւ անոր առհաւատչեան եղող ժառանգութիւնը, առանց մատի ետեւ պահուըտելու պէտք է արձանագրենք, թէեւ շատ անգամներ կը դրժենք եւ չենք ուզեր բարձրաձայն ընդունիլ, որ սփիւռքները ժամանակաւոր են եւ ուշ թէ կանուխ բոլորս ալ պիտի լուծարուինք, ինչքան ալ տոկալու եւ յարատեւելու մեծ ճիգեր թափենք: Հայկականութենէն ծուէն մը արդէն կը պակսի ամէն օր, եւ միախառնուելու հոսանքին դէմ տոկալը գրեթէ անհնար սկսած է դառնալ: Վաղ թէ ուշ գրեթէ ամբողջական ձուլումը անխուսափելի պիտի ըլլայ եւ սփիւռքահայուն ինքնութիւնը հետզհետէ պիտի տժգունի, պիտի գունաթափի, եւ իրենց ապրած տեղական մշակոյթներուն եւ մթնոլորտներուն հետ յարաբերութեան մէջ եղող հայկական գաղութները պիտի կերպընկալեն անոնց բարքերը, եւ անոր հետեւանքով մեր մայրենի լեզուին նահանջը պիտի հասնի գագաթնակէտին, օտարացումը պիտի արձանագրէ բոլոր ժամանակներու բարձրագոյն տոկոսը, եւ մեր ազգային ու մշակութային արժէքները աստիճանաբար պիտի թաղուին պատմութեան փոշիին տակ:
Այս առնչութեամբ կը ներկայացնեմ երեւոյթ մը, որ մեծապէս ուշադրութիւնս գրաւած է Հայաստանի մէջ: Երեւանի կեդրոնը եւ արուարձաններու ճամբաներուն վրայ դրուած են ցուցատախտակներ, որոնք կը կրեն հայ ականաւոր անձնաւորութիւններու՝ գրագէտներու, գեղանկարիչներու, զինուորականներու, եկեղեցիներու եւ վանական համալիրներու մասին ամփոփ երկլեզու տեղեկութիւններ: Ասոնք կու գան ո՛չ միայն օտարին ծանօթացնելու մեր մեծութիւնները եւ պատմական հարստութիւնները, այլ նաեւ հայուն կու տայ զանոնք միշտ իր յիշողութեան մէջ վառ պահելու հրամայականը: Այս երեւոյթը պարզ հարցում մը յառաջացուց մտքիս մէջ. եթէ հայրենիքի մէջ այս միջոցին օգտակարութեան կը գիտակցին, ապա ասոր քանի-քանի՜ բազմապատկուածին կարիքը կայ Սփիւռքի մէջ:
Այս վիճակը յոռետեսութենէ աւելի իրատեսութիւն կրնայ ըլլալ: Եւ ի տես այս իրականութեան՝ ես աներկբայօրէն կը հաւատամ, որ հայապահպանութեան ամէնէն ազդու եւ անփոխարինելի միջոցը ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆ է: Ոեւէ մէկուն համար չկայ աւելի հարազատ տուն, քան իր սեփական տունը, չկայ աւելի հանգստաւէտ քաղաք, քան իր քաղաքն ու իր երկիրը, չկայ աւելի հայրենաշունչ վայր, քան իր հայրենիքը: Հետեւաբար, հայուն ամենահարազատ, ամենահանգստաւէտ, ամենահայրենաշունչ եւ ամենահայաշունչ տունը ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ է, ուր եթէ ազգովին պայքարինք համաշխարհայնացման կլանիչ ճիրաններուն դէմ, համեմատաբար չկայ հայոց լեզուի անդնդախոր նահանջ, չկայ ազգային ու մշակութային արժէքներու սրընթաց գունաթափում, չկայ հայկականութեան առյաւէտ կորուստ: Մենք ուրիշ ճար չունինք. Հայաստանն է մեր սկզբնակէտը եւ վերջնակէտը, հո՛ն է մեր հանգրուանը… եւ վե՛րջ:
Հայրենադարձութիւնը հրատապ անհրաժեշտութիւն ու ազգային հիմնահարց է, եւ մենք փոխադարձաբար պէտք ունինք իրար: Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ հայրենիքը կը գոյատեւէ իր բնակչութեամբ, բայց հարկ է շեշտել, որ մենք անոր հողին, ջուրին եւ օդին ուժը մենք պիտի չկարենանք զգալ աշխարհի ո՛ր բարձունքին վրայ ալ որ գտնուինք: Այս միաձուլուած կարիքէն մեկնելով է, որ 1940-ական թուականներու վերջաւորութեան կազմակերպուեցաւ լայնամաշտաբ հայրենադարձութիւն: Այսօր ալ, այդ թուականէն եօթանասուն տարի ետք, հայրենադարձութիւնը կը շարունակէ մնալ լիարժէք անհրաժեշտութիւն: Եւ այսօրուան հայը նման չէ քառասունական թուականներու հայուն, որ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ անկարող ու անօգնական էր, իրեն օգնութեան ձեռք մեկնողի պէտք ունէր, մինչ այսօր ան լաւապէս կազմաւորուած ու ինքզինք հաստատած է եւ շատեր առանց դժուարութեան կրնան, միայն մէկ որոշում կայացնելով, իրենց բնակութիւնը փոխադրել հայրենիք, իրենց ուժականութիւնը ներդնել հայրենիքի մէջ ու սատարել անոր բարգաւաճման:
Ճիշդ է, չենք կրնար հերքել, որ մեր հայրենիքը դիւրին կեանքի պայմաններ չ’ընձեռեր իր քաղաքայիններուն, հոն ապրիլը կը պահանջէ զոհողութիւն, անզիջող հաստատակամութիւն, վճռականութիւն եւ խոր համոզում: Դժբախտաբար, պետականութեան բացակայութենէն երկար տարիներ տառապած մեր հայրենիքը անկախութենէն ետք ալ չունեցաւ այդ իշխանութիւնը, որ երկիրը ներքնապէս զօրացնելով գործուն դեր ունենար աշխարհասփիւռ հայերը ներգրաւելու, անոնց հայրնադարձութեան մղող պայմաններ ստեղծելու եւ քաջալերելու: Ղեկավարներ միշտ ալ խօսեցան հայրենիքի հզօրացման, բնակչութեան թիւի աճման, արտագաղթը դադրեցնելու եւ ներգաղթը զարգացնելու կարգախօսներու մասին, բայց գործնական ծրագիր չէ մշակուած, ուստի չէ գործադրուած: Ցաւօք սրտի, հայրենաբնակ հայութիւնը ինքն ալ չէ հաւատացած երկիրը կառավարող իշխանութեան կարողականութեան եւ անաչառութեան, հետեւաբար հայրենիքէն որեւէ ճամբով եւ որեւէ պատճառով դուրս գալու երազանքը փայփայած է եւ օտար վայրերու մէջ դրախտ գտնելու պատրանքը մշակած է անընդհատ: Եւ այսպիսի մտայնութեամբ հայը, բնականաբար, չէր կրնար Սփիւռքի մէջ իր ազգակիցներէն ոեւէ մէկուն քաջալեր հանդիսանալ՝ վերադառնալու իր բնօրրանը:
Սակայն այսօր կարծես սառցահալի նախանշաններ կը յայտնուին: Ասոր վառ օրինակը կը հանդիսանայ նոյնինքն հայրենաբնակ հայը, որ տակաւին երէկ դժգոհանքով, անհանդուրժողականութեամբ եւ յոռետեսութեամբ կը խօսէր հայրենիքին եւ անոր վերաբերող ամենադոյզն մանրամասնութեան իսկ վերաբերեալ, այսօր անոր աչքերուն, արտայայտութիւններուն, խօսքերուն ու արարքներուն մէջ յստակօրէն կարելի է նկատել յոյսի նշոյլը՝ ժողովրդավար, ինքնիշխան, բարգաւաճ, օրէնքի գերակայութեամբ արդար, տնտեսական ու ընկերային ոլորտներուն մէջ հաւասար հնարաւորութիւններով, եւ երկրին ու սեփական ժողովուրդին շահերը գերադասուած Հայաստան մը տեսնելու:
Ք. ա. 5-րդ դարուն ապրած չինացի փիլիսոփայ Կոմփիւկիոսի տեսութիւնն է, որուն ականատես կը դառնանք կարծես: Ան ըսած է, որ լաւ իշխանութիւնը այն է, որուն կը հաւատայ ժողովուրդը, եթէ մինչ այդ զանց առնենք բանակի եւ առատ սնունդի երաշխիքը: Ուրեմն, ժողովուրդին յոյս տուողը, կրնանք ըսել, նոր Հայաստան մը ստեղծելու հաւատքն ու վստահութիւնն է: Հայաստանաբնակ հայը այսօր աննախադէպ լաւատեսութեամբ եւ վստահութեամբ կ’ըսէ, որ «մենք հանգիստ կը զգանք, որովհետեւ որեւէ պահու կրնանք դիմել իշխանութեան, մեզի լսող կայ», որ «սաղ լաւ է, սփիւռքին ուղարկած փողերն ալ ճիշդ տեղը պիտի հասնին», որ «ժողովուրդը քիչ մը չէ, այլ շատ ուրախ է», որ «ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, ի հարկէ անմիջապէս կարելի չէ, ժամանակ պէտք է տանք, բայց լաւ կ’ըլլայ, ի հարկէ լաւ կ’ըլլայ, թող ամէն մարդ գայ, բոլորին հարենիքն է հոս»: Ահաւասիկ այսպիսի արտայայտութիւններ եկած են փոխարինելու «ի՞նչ կայ Հայաստան, որ հոս կու գաք» աւանդական դարձած անոնց հարցումը: Անշուշտ այս բոլոր լաւատեսութիւնը կ’ամրագրուի միայն ժամանակի ընթացքին եւ զանազան ոլորտներու մէջ կեցուածքներու եւ դէպքերու լոյսին տակ, որուն բոլորս կը սպասենք ակնդէտ:
Սակայն մինչ այդ մէկ բան անսակարկելի է եւ անվիճելի. ինչ որ ալ ըլլան պարագաները, հայրենիքը պէտք ՉԷ շփոթել իշխանութեան հետ, հայրենիքը մնայուն է, մինչ իշխանութիւնները՝ փոփոխական, իշխանաւորներն ալ գնայուն: Ովքեր ալ ըլլան իշխանութեան գլխուն, ի՜նչ փոյթ, Հայաստանը մէկ է եւ անոր հանդէպ մեր կեցուածքը անփոփոխ է ու ենթակայ չէ որեւէ պայմանաւոր շահախնդրութեան: Ուստի, մեր բոլորին երազանքը պէտք է ըլլայ գործնականօրէն հասնիլ այն լուսաւոր օրուան, երբ իւրաքանչիւրս խիզախ որոշում կայացնելով վերադառնանք հայրենիք՝ «սփիւռքը հզօր պէտք է պահենք» կոչեր հնչեցնող բոլոր կողմերուն հրաւէրները շեղելով եւ ուղղելով դէպի հայ ազգին միակ տունը՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, որ մեր օրինական ապաստանն է եւ հայ ժողովուրդի յարատեւութեան երաշխիքը:
Պէյրութ






