ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – Ողջունելի են բոլոր անոնք որոնք կերտեցին մեր այսօրուան ազատ եւ անկախ երրորդ Հանրապետութիւնը։
Բիւր յարգանք ազատամարտիկ մեր հերոսներուն, որոնք պատմական մեր հողերու ազատագրման համար կատարեցին գերագոյն զոհողութիւնը` կեանքի գնով ազատագրեցին Արցախը, որուն շնորհիւ աւելի ապահովուեցաւ Հայաստանի անվտանգութիւնը։
Խնկելի է յիշատակը հայ բանակի անպարտելի զինուորներուն, որոնք ինկան պատերազմի ճակատին վրայ` պաշտպանելով հայ հողն ու ազգը։
Արցախի ազատագրական պայքարի սկզբնական շրջանին մեր հերոսները անհաւասար գուպար մղեցին։ Յանուն հայրենիքի` կռուեցան անոնք հաւատքով, տեսիլքով եւ աննահանջ վճռակամութեամբ։ Կռուեցան` քաջ գիտնալով, որ համայն հայ ժողովուրդը իրենց թիկունք կանգնած է։ Արի զինուորն ու անվեհեր հետախուզողը, բուժքոյրն ու պատանի սուրհանդակը` բոլորը, այո՛, բոլորը կը ձգտէին մէկ սրբազան նպատակի` վերադարձնել հայուն հողը հայ մշակին, հայ ընտանիքին։
Անոնց հոգիներուն մէջ քանդակուած էր շքեղ երազը մեծ եւ միացեալ Հայաստանին: Անոնց դիւցազնական պայքարը արժանի է հայ ժողովուրդին հաւաքական հիացումին եւ խոր երախտագիտութեան, երբ այսօր հպարտօրէն կը նշենք Հայաստանի պետականութեան հռչակումը։
Մինչ ազատագրական պայքարը ճակատագրական իր փուլին էր հասած, յաղթանակի բացուող արշալոյսի սեմին, Երեւանի մէջ երրորդ Հանրապետութեան կերտումին եռանդուն աշխատանքը կը տարուէր։ Խորհրդային նախկին վարչաձեւի փորձառու եւ հմուտ ղեկավարն ու արցախեան պատերազմի սպարապետը ուս-ուսի Հայաստանը քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ամուր հիմերու վրայ դնելու նուիրական գործին էին լծուած։ Սակայն, աւա՜ղ, հակիրճ տեւեց այս հայրենակերտ նախաձեռնութիւնը։
Դաւադիր անձեր վարձկան ոճրագործներու ձեռքով վիժեցուցին խոստմնալի սկիզբը երրորդ Հանրապետութեան։
Ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ խորհրդային կարգ մը երկիրներու նման Հայաստանը չենթարկուեցաւ քաղաքական վերիվայրումներու։ Սակայն Հայաստանն ու հայաստանցին սուղ գին վճարեցին Քոչարեան-Սարգսեան իշխանութեան շրջանին, երբ կաշառակերութիւնն ու անարդարութիւնը կազմալուծեցին երկրին զարգացումը։ Աւելորդ է կրկնել նոյնիսկ մեզմէ շատերուն՝ իբրեւ զբօսաշրջիկներու տեսած տնտեսական անիրաւութիւնները։ Մենք լուսանցքի վրայ մնացող վկաներն էինք միայն, մինչ մեր հայաստանցի եղբայրներն ու քոյրերը ապրեցան դժուարին այս պայմաններուն մէջ։ Անոնք դաժան այդ իրականութեան մէջ աւելի խոստմնալի ապագայի յոյսով սոսկ գոյատեւեցին։ Իսկ շատեր, շատ շատեր մեկնեցան արտասահման` աշխատանք ապահովելու, իրենց ընտանիքներուն կարիքները հոգալու համար։
Այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» (նորօրեայ «յեղափոխութիւններուն» անուններ տալու սովորութիւնը արեւմտեան լրատու գործակալութիւններու «գիւտ»-ն է, հաւանաբար արեւմտեան մայրաքաղաքներու հրահրումով, ինչպէս՝ Ուքրանիոյ «նարնջագոյն յեղափոխութիւնը») յուսալի էջ մը կը բանայ Հայաստանի առջեւ։ Վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնը փորձառական շրջանի մէջ կը գտնուի։ Այս իրավիճակը, սակայն, օտար միջամտութիւններու դուռ պէտք չէ բանայ։ Վարչապետն ու իր գործակիցները անկասկած գիտակից են այս սառն իրողութեան։ Սակայն այնպէս կը թուի, թէ ամպեր սկսած են կուտակուիլ երկնակամարին վրայ։ Մեր հայրենիքի գոյատեւման եւ պայծառութեան գերագոյն հրամայականն է Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան առաջին օրէն իսկ ստեղծուած ռազմաքաղաքական վարքագիծի հաւատարիմ հետապնդումը։
Քաղաքականութեան մէջ չկան մնայուն բարեկամներ, չկան մնայուն թշնամիներ, սակայն կան դրացիներ։ Աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել։
Հայաստանի նկատմամբ Արեւմուտքի, յատկապէս Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) աստիճանաբար մերձեցումը տնտեսական օժանդակութեան խոստումներով, նոր մեղրալուսինի մը սեմին կ’առաջնորդէ։ Գերմանիոյ վարչապետին պաշտօնական այցը եւ նոյնիսկ Պելճիքայի թագաւոր Ֆիլիփ Զ.-ի` իբրեւ զբօսաշրջիկի, ընտանեօք մէկշաբաթեայ այցը Հայաստան նախանշաններ են։ Երեւանի պետական աւագանին պէտք չէ խախտէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը Անդրկովկասի մէջ` աւելի հենելով դէպի արեւմուտք եւ որպէս գործիք ծառայելով Ռուսաստանի քաղաքական, զինուորական պառակտումի քաղաքականութեան։ Վերջերս, Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Լաւրով մեղմօրէն ազդանշաններ տուաւ Հայաստանի ղեկավարութեան։ Այս առնչութեամբ յատկանշական է ներկայ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութիւնը մեր պետական կազմէն ներս։ Երկար տարիներ ծառայած ըլլալով արտասահմանի մէջ` անոնք քաջածանօթ են միջազգային հարցերու բարդութիւններուն։ Աւելին, անոնք մօտէն կը ճանչնան ռուս պետականութեան գործունէութեան գործընթացը (կը խօսին սահուն ռուսերէն` իբրեւ երկրորդ լեզու անգլերէնին առընթեր):
Եզրակացնելով` մեծ երազի ճամբուն վրայ ապրիլեան շարժումը նշանակալից անկիւնադարձ մը կը ներկայացնէ համայն հայութեան համար։
Նեխած վարչակարգին փլուզումը` զուտ ժողովուրդի զայրոյթին հետեւանքով, նոր աւիշ կը հաղորդէ Հայաստանի զարգացման եւ աւելի իրարահաւասար ընկերութիւն մը ստեղծելու երթին։ Նոր վարչապետը, հեռու ամբոխավարութենէ, ցարդ յաջողած կը թուի ըլլալ՝ ժողովուրդին վստահութիւնը շահած ըլլալուն համար։ Բնականաբար պահանջները բազմաթիւ են եւ արտաքին- ներքին մարտահրաւէրները շատ։ Սակայն վարչապետը կրնայ յաղթահարել բազմերանգ այս դժուարութիւնները, դիմակալել ամէն ճնշում, եթէ հաւատարիմ մնայ միայն եւ միայն ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայելու իր սրբազան առաքելութեան:
Նիւ Եորք