Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան
«ԶԱՐԹՕՆՔ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կարելի է պնդել, թէ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ՝ Տոնըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք իր կատարած քայլերուն եւ առած որոշումներուն խնդրով աշխարհը ամէնէն շատ կը հետաքրքրուի-կը խօսի արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր ձեռնարկումներուն մասին: Չեմ ակնարկեր տնտեսութեան առումով իր որդեգրած ուղիներուն, որովհետեւ տնտեսութիւնն ու քաղաքականութիւնը պորտային փոխադարձ, բազմապիսի եւ անբաժանելի կապերով հանգուցուած են իրարու:
Այո՛, արտաքին քաղաքականութիւնը, որովհետեւ արտասահմանին ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ ասիկա, քանի որ ասոր հետեւանքները կոհակային դրութեամբ թէ ուղղակիօրէն կ’ազդեն աշխարհի միւս բոլոր երկիրներուն:
Նոյնն է պարագան բոլոր միւս մեծ թէ շրջանային պետութիւններուն:
Արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ է որ այս պետութիւնները իրենց դիրքերը կը հաստատեն, կը զօրացնեն, կը բարեփոխեն եւ կ’ազդեն աշխարհի քաղաքատնտեսական եւ մշակութաընկերաբանական զարգացումներուն վրայ:
Հասկնալի է, ասոնք միակ ազդակներն ու գործօնները չեն, այդուհանդերձ մեծ եւ յաճախ «անփոխարինելի» է անոնց դերը՝ ըստ պարագաներու:
Կովկասի երեք ժողովուրդներուն եւ անոնց պետութիւններուն՝ ազերիներուն, հայերուն եւ վրացիներուն, ներառեալ Թուրքիոյ՝ Ա. համաշխարհայինէն իվեր արձանագրուող պատմութեան արագ ակնարկ մը կը հաստատէ որ վերը ըսուածը կիրառելի է ոչ-մեծ պետութիւններու եւս, փոքր եւ շատ կարեւոր յաւելուածով մը: Այդ յաւելուածը կը հաւաստէ թէ փոքր ժողովուրդներ եւ պետութիւններ (իսկ Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Հայաստանը եւ Վրաստանը փոքր ժողովուրդներ էին Ա. Համաշխարհայինի աւարտին) համաշխարհային կամ շրջանային անցումային հանգրուաններուն կարելիութիւն կ’ունենան իրենց ազգային մեծ երազները (այսինքն՝ երկրի յառաջացում, պետութեան աշխարհագրական ընդարձակում, պետականակիր ազգի ու պետութեան գոյատեւումի եւ յարատեւումի առաւելագոյն գործօններու ձեռքբերում) քայլ մը կամ հանգրուան մը (կամ աւելի) յառաջ (կամ ետ) տանելու՝ շնորհիւ մանաւանդ իրենց խելամիտ արտաքին քաղաքականութեան:
Ինծի համար միշտ ալ հարց պիտի մնայ թէ մենք ինչու՛ կորսնցուցինք Կիլիկիան, աւելի ճիշտը՝ ի՞նչ էր մեր դերը՝ Կիլիկիոյ հայկական կորուստին մէջ: Ու՞ր վրիպեցանք, ու՞ր սայթաքեցանք. ու՞ր ի՞նչ սխալներ գործեցինք եւ եթէ կ’ուզէք՝ ի՞նչպէս Քեմալ եւ թուրքը յաջողեցան բռնախլել Կիլիկիան:
Կարկինը աւելի լայն բանալու պարագային նոյն հարցումին տարբերակը կարելի է ուղղել այլուր: Ինծի համար առնուազն գիտական լուրջ հարցադրումի նիւթ է թէ կայի՞ն քայլեր զորս կրնայինք առնել որպէսզի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իր սահմաններուն մէջ շարունակէր ունենալ ցարական Ռուսաստանի հայկական տարածքները, կարելի՞ էր արդեօք աւելի շրջահայեաց, ողջմիտ քաղաքականութիւն վարել: Երեւան-Մոսկուա բանակցութիւնները կարելի՞ էր այնպէս մը ընել, որ խեղդող սահմաններով Հայաստան մը չգրաւուի արշաւող խորհրդայնացումին կողմէ, այլ՝ աւելի մեծ Հայաստան մը իւրացուի խորհրդայիններուն կողմէ:
Ինծի կը թուի՝ թէ քաղաքական արեւելումները յաճախ երկրորդական նշանակութիւն ունին երբ հարցը կը հասնի երկրի մը գոյատեւումին, լինել-չլինելուն: Տեսէ՛ք Էրտողանի Թուրքիան, նայեցէ՛ք անոր արեւելումը այսօր: Կրնայ ըսուիլ որ ան կը պահէ արեւմտեան արեւելումը, կրնայ հակաճառուիլ որ որդեգրած է արեւելեան արեւելում: Ես համոզուած եմ որ ան որդեգրած է – հինէն իվեր, վերջին հարիւրամեայ իր պատմութիւնը վկայ – ի՛ր պետականութիւնը ամէն գնով պահպանելու եւ ուրիշներու հաշուոյն զօրացնելու, մէկ քայլ (քայլեր) յառաջմղելու գերագոյն արեւելումը:
Եւ անշուշտ, այս արեւելումը կ’ենթադրէ համապատասխան քաղաքական նաւարկութիւն:
Հայ ժողովուրդին մօտիկ թէ հին անցեալի պատմութիւնը բաւարար փաստեր կը փոխանցէ մեր ճակատագրին մէջ մեր ունեցած դերակատարութեան եւ մեր սորվելիք դասերուն առնչութեամբ:
Ինծի կը թուի թէ Այսրկովկասի տարածքները գրաւելով եւ յառաջացնելով մէկ միաւոր ու զայն կոչելով Ուիլայաթ Արմինիա՝ Արաբական Խալիֆայութիւնը հաշիւի առած էր Թէոդորոս Ռշտունիի արաբամէտ քաղաքականութեան կրկնութեան հաւանականութիւնը:
Ժամանակակից օրինակներէն կարելի է յիշել ղարաբաղեան ազգային ինքնորոշման պայքարը, կարելի է արձանագրել նաեւ Վերին Շահումեանի՝ Ազատի, Կամոյի, Գետաշէնի եւ շրջակայ հայ գիւղերու, աւաններու ճակատագիրերուն մէջ արտաքին քաղաքականութեան վճռորոշ ազդակը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 27 տարեկան է արդէն. անցնող տարիներուն համար վերապահութեամբ յաջողութիւն կը նկատեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչում-դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը աշխարհի բազում երկիրներու կողմէ, որովհետեւ ասիկա համաշխարհային քաղաքական ընտանիքին բնական եւ ընդունուած ընթացակարգն է: Նուաճումը, յաջողութիւնը այդ երկիրներէն ոմանց մէջ հայկական դեսպանատուներու հաստատումն էր եւ այդ դեսպանատուներուն օգտաշատ ու արդիւնաւէտ յարաբերութիւն-գործակցութիւնը թէ՛ այդ երկիրներու պետական շրջանակներու եւ թէ՛ այնտեղի հայօճախներուն հետ: Արձանագրուեցան այլ յաջողութիւններ եւս՝ ամէն անգամ որ կարելի եղաւ չէզոքացնել ազրպէյճանական եւ թրքական հակահայ նախայարձակ բանաձեւ մը: Եղան նաեւ հակառակ պարագաները եւս: Ողջունելի էր (եւ է) ՀՀ-Սփիւռք համագործակցութիւնը՝ միջազգային ընտանիքին եւ պետութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ:
Կան եւ այլ բազմաթիւ պարագաներ: Նպատակս չէ, սակայն, այստեղ վերլուծել Հայաստանի Հանրապետութեան 27ամեայ արտաքին քաղաքականութիւնը: Ըրածս արագ եւ թերի ակնարկ մըն է, կարգ մը ընդհանուր գիծեր մատնանշելով:
Կը կարծեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին անկախ քաղաքականութեամբ գործելու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, լուսանցքային: Գէթ ատիկա կ’երեւի անցնող 27 տարիներու ակնարկային հայեացքէ ետք: Ուստի, եթէ ՀՀի հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, ապա պէտք է գուրգուրալ, շատ ուշադիր օգտագործել ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առկայ դրամագլուխը:
Ինծի կը թուի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան թաւշեայ յեղափոխութեան արտաքին քաղաքականութիւնը նոր խարխափում-քաշքշուքի մը մէջ մտնելու կողքին էական վրիպում մը արձանագրեց շեշտակիօրէն տկարացնելով իր արտաքին քաղաքականութեան դրամագլուխներէն մին:
Խօսքս կը վերաբերի Խաչատուրովի դէմ կատարուած (մեղմ բառերով) յայտարարութեան: Ղարաբաղեան տագնապին մէջ հայկական կողմին կարեւորագոյն եւ հզօրագոյն կռուաններէն մին Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ԱՊՀի անդամագրութիւնն է: Նման կարեւոր կռուան է Եւրոպայի հետ գործընկերութեան փաստը:
Բոլորս ականատես ենք երկրագունդի աշխարհակարգին մէջ կատարուող տեղաշարժերուն: Վերջին տասնամեակներուն աշխարհը անցաւ երկբեւեռութենէ միաբեւեռութեան, իսկ ներկայիս նոր փնտռտուքներու մէջ է ան: Բոլորս ականատես ենք նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Մ. Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի դիրքերու մակընթացութեան:
Անցումային երկարատեւ երկունքի այս օրերուն, երբ Փութինի Ռուսաստանը իր դիրքերը առաւել կ’ամրապնդէ, երբ Եւրոպան՝ Ռուսաստանի եւ Մ. Նահանգներու դիմաց կը ջանայ կոմպլեմէնտարային քաղաքականութիւն (ականջը խօսի ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին) վարել, մինչեւ հիմա low profile գործող ՀՀի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չունէր պոչը սխալ ուղղութեամբ շարժելու:
Կարելի է նայիլ Թուրքիոյ գործունէութեան. այս օրերուն Իտլիպի տագնապը գլուխ ցցած է. Թուրքիան՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ – վերջին հանգրուանին – երկար ճամփայ անցնելէ ետք, կը հակադրուի անոնց՝ Իտլիպի խնդրով, զօրք կը մտցնէ եւ Իտլիպի ճակատագրին վճռումին մէջ իր շահը կը ջանայ բարձրացնել: Բոլոր պետութիւնները ունին կարողութիւնը իրենց ո՛չը ըսելու ամէ՛ն ինչի մէջ: Պարզ է, սակայն, որ բոլոր պետութիւնները չունին նոյն կարողութիւնը իրենց ո՛չը պահպանելու:
Աւելին, երբ այս օրերուն Ազրպէյճան ԱՊՀ մտնելու կեղծ կամ իրաւ տրամադրութիւն կը յայտնէր, ՀՀն անմիջապէս վեթոյի խօսք բարձրացուց: ՀՀն «հաւասար» անդամ է Ռուսաստանի կողմէ գլխաւորուած ԱՊՀին մէջ, ուր գտնուող երկիրները միանշանական հայաստանամէտ չեն: Իր ներկայացուցիչին կողքին իրեն թիկունք պիտի կանգնի՞ ԱՊՀի մէջ առաջնային դիրք ունեցող Խաչատուրովը՝ որուն հանդէպ անվստահութիւն յայտնեց նոյնինքն ՀՀն:
Հայեր կը յոխորտան որ հայկական գորգը աշխարհի հնագոյնն է իբրեւ արհեստ: Երկրորդական է այս պարագային ասոր ճշմարտացիութիւնը: Գորգի մը յառաջացումը, անոր ծնունդը երկար գործընթաց կ’ենթադրէ: Աշխարհի վրայ ոչ մէկ քաղաքական կացութիւն կը փոխուի պատահաբար, յանկարծակիօրէն: Նայեցէք Սուրիոյ տագնապին մէջ Ռուսաստանի եւ Իրանի դերերուն զօրացումին հոլովոյթներուն:
Սուրիոյ մէջ ռուսական եւ իրանական գորգին հիւսումը դեռ աւարտին չէ հասած: Գործընթացը կրնայ շրջուիլ: Բայց յստակ է որ ռուսական եւ իրանական քաղաքականութիւնները Սուրիոյ մէջ կ’ընթանան քայլ առ քայլ, հանգոյց առ հանգոյց, տող առ տող: Ըսել կ’ուզեմ խորապէս եւ շրջահայեացօրէն սերտուած: Մենք պարտինք գորգ հիւսելու համբերատարութեամբ, հաշւումներով, ծրագրաւորումով, հետեւողականութեամբ, կեդրոնացումով, անշեղօրէն եւ վճռակամութեամբ գործել մեր ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին, այլեւ պետականակերտման ամէնաէական յանձնառութեան մէջ…:
Հազարամեայ պատմութեամբ հպարատացող Հայրենի եւ Սփիւռքի հայութենէն, 27ամեայ երիտասարդ Հայաստանի Հանրապետութենէն, հազարամեայ իրագործումներու ժառանգորդ հայ եկեղեցիէն, աւելի քան մէկդարեայ աւանդով ներկայացող հայ կուսակցութիւններէն, հարիւրամեայ (կամ տասնամեակներու) գործունէութիւն ծաւալած հայկական հաստատութիւններէն, հանրային օղակներէն եւ ինքզինք հայ սեպող իւրաքանչիւր անձէ ակնկալելի է որ առաւել սերտուած գործեն:
Յիրաւի, grace periodը, աչք գոցելու, վնաս չունի, մաալէշ ըսելու ժամանակը աւարտեցաւ հայկական իրականութեան համար: Այսուհետեւ զի իւրաքանչիւր սխալ քայլի համար մեզի կրնայ պարտադրուիլ գին վճարել…:
Խելամտիլը հրամայական է այլեւս:






