Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Հայաստանի Սահմանադրութիւնը

ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – Սահմանադրութիւն բառացիօրէն կը նշանակէ սահման դնել, կարգ ու կանոն որոշել։ Քաղաքական իմաստով սահմանադրութիւնը պետութեան հիմնական օրէնքն է, որ կը սահմանէ պետական կառուցուածքը, կառավարման եւ իշխանութեան մարմիններու համակարգը, անոնց իրաւասութիւններն ու ձեւաւորման կարգը, ընտրական համակարգը, քաղաքացիական իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական համակարգը։ Սահմանադրութիւնը օրէնսդրութեան հիմքն է։ Պետութեան գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ սահմանադրական կարգի պահպանումին կը հետեւի գերագոյն դատարանը կամ սահմանադրական դատարանը։

            «Սահմանադրութիւն» բառը գոյութիւն ունեցած է Հին Հռոմի մէջ, ուր անիկա հանրային իրաւական գործողութիւններու օրինակարգաւորումն էր։ Ընդունուած է ըսել, որ եզրը ծագած է լատինական «constitution» բառէն, որ կը նշանակէ «սահմանում», «կառուցուածք»։ Իսկ տակաւին Ք․ա․ 4-րդ դարուն յոյն մտածող Արիստոթելը «սահմանադրութիւն» հասկացութիւնը կ’օգտագործէր պետութեան կառուցուածքի, պետական իշխանութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման, անոր ժողովրդավարական եւ արդարացի ըլլալուն մասին խօսելու ժամանակ։ Հին Յունաստանի եւ Հին Հռոմի մէջ երկար ժամանակ սահմանադրութիւն կը կոչուէին նաեւ կայսրերու, միապետներու ընդունած իրաւական գործողութիւնները։

            Սահմանադրութիւնները՝ որպէս պետութեան գրուած հիմնական օրէնք, նոր ժամանակաշրջանի երեւոյթ է։ Այդպիսի առաջին սահմանադրութիւնը ԱՄՆ-ի 1787 թուականի սահմանադրութիւնն է, որ կը գործէ մինչեւ օրս, աւելի քան 200 տարուան ընթացքին կատարուած շարք մը փոփոխութիւններով։ Եւրոպայի մէջ առաջին սահմանադրութիւնները ընդունուած են 1791 թուականին, նախ՝ Լեհաստանի, այնուհետեւ՝ Ֆրանսայի մէջ։ Հնդկաստանի սահմանադրութիւնը աշխարհի ինքնիշխան պետութիւններու գրաւոր սահմանադրութիւններէն ամենածաւալունն է, որ ունի 448 յօդուած, մինչդեռ ԱՄՆ-ի սահմանադրութիւնը ամենակարճն է՝ 7 յօդուածով եւ 27 փոփոխութիւններով ու լրացումներով։ Սահմանադրութեան կը նախորդէ քաղաքական պատմութիւնը եւ անոր կու տայ պարագայական օրինականութիւն, ինչպէս նաեւ հեղինակութեան մշտականութիւն։

            Սահմանադրութիւնը պետութեան իրաւունքի ամբողջ համակարգի կանոններուն նկատմամբ ունի իրաւական բարձրագոյն ուժ։ Այսինքն՝ անիկա կը հանդիսանայ օրէնսդրական համակարգի հիմքը։ Սահմանադրական կարգերը պարտադիր են բոլորին համար։ Պետական իշխանութիւնը կ’իրականացուի սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման եւ հաւասարակշռութեան հիման վրայ։ Այլ իրաւական գործողութիւններ պէտք է համապատասխանեն սահմանադրութեան եւ հիմնական օրէնքներուն։

            Սահմանադրութիւնը ունի ոչ միայն իրաւական, այլ նաեւ քաղաքական կարեւոր նշանակութիւն՝ հանդիսանալով պետութեան բարձրագոյն փաստաթուղթը։ Երկրի քաղաքական կեանքի առաջնային մասնակիցներէն են կուսակցութիւնները։ Անոնց գործունէութիւնը չի կրնար հակասել սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն։ Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան եւ անհատի կողմէ յանցագործութիւն է։ Սահմանադրութիւնը նաեւ արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ հասարակութեան կազմակերպման ամենահիմնական սկզբունքները։

 

*     *     *

Հայկական իրականութեան մէջ

 

            Հայկական իրականութեան մէջ կ’առանձնանայ 5-րդ դարուն Վաչագան թագաւորի նախաձեռնութեամբ ընդունուած «Կանոնական սահմանադրութիւնը»։ Վաչագանը Նաւարսակի 484 թուականի պայմանագիրէն ետք Արցախ-Ուտիք իշխանութիւնը հռչակած էր որպէս թագաւորութիւն, որ ճանչցուած էր Պարսկաստանի կողմէ։ Այդուհանդերձ, կանոնական սահմանադրութիւնը հիմնականօրէն հոգեւոր կեանքի յարաբերութիւնները կը սահմանէր։

            Հայոց պատմութեան մէջ սահմանադրութեան նախագծման ամենահամարձակ փորձերէն է 18-րդ դարուն Հայաստանի ազատագրութեան Մատրասի խմբակի, մանաւանդ Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ շարադրուած «Որոգայթ փառացը», որ միաժամանակ ե՛ւ Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիր էր, ե՛ւ ապագայ անկախ Հայաստանի սահմանադրութեան նախագիծը։ «Որոգայթ փառացը» ամբողջութեամբ հիմնուած էր ժամանակի արեւմտա-եւրոպական լուսաւորական գաղափարներու վրայ։ Հրատարակուած է Մատրասի մէջ Շահամիր Շահամիրեանի որդիին՝ Յակոբի անունով 1788-89-ին, թէեւ տիտղոսաթերթին մէջ նշուած է 1773 թուական։ Ինչպէս 17-18-րդ դարերուն նախաձեռնուած՝ Հայաստանի ազատագրութեան շարք մը փորձերը, այնպէս ալ Մատրասի խմբակի ծրագիրն ու «Որոգայթ փառացը» մնացին անկատար։

            Սեփական իրաւական համակարգ եւ, առաջին հերթին, սահմանադրութիւն ունենալու իրական նախադրեալներ ստեղծուեցան 1918 թուականին՝ Արեւելեան Հայաստանի անկախացումով, սակայն անկախութեան երկուքուկէս տարին բաւարար չէր ծանր իրավիճակի մէջ գտնուող պետութեան համար սեփական սահմանադրութիւն մշակելը եւ ընդունիլը։

            1920-ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն, ապա նաեւ 1922-ին ԽՍՀՄ ստեղծումէն ետք, հայկական իրաւական համակարգը ամբողջութեամբ դարձաւ Խորհրդային միութեան համակարգի անբաժան մասը։ Խորհրդային շուրջ 70-ամեայ պատմութեան ընթացքին Հայաստանը ունեցաւ երեք սահմանադրութիւն՝ ԽՍՀՄ 1924-ի, 1936-ի եւ 1977-ի սահմանադրութիւններուն հիման վրայ։

            1991 թուականին Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով անխուսափելի դարձաւ նոր սահմանադրութեան ընդունումը։ Անիկա ընդունուեցաւ 1995-ի Յուլիս 5-ին համաժողովրդական հանրաքուէով։ Սահմանադրութիւնը ամրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան բնոյթը՝ որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական եւ ընկերային պետութիւն, հռչակեց մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, սահմանեց Հանրապետութեան կառավարման ձեւը՝ հիմնուած օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի վրայ։ Սահմանադրութեամբ ձեւաւորուեցաւ կիսանախագահական կառավարման ձեւ՝ պետութեան գլուխին՝ Հանրապետութեան նախագահին վերապահուած լայն լիազօրութիւններով։

            2001 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին անհրաժեշտութիւն յառաջացուց որոշ փոփոխութիւններ մտցնելու սահմանադրութեան մէջ։ Սակայն 2003-ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն նախագիծը չընդունուեցաւ։ Փոփոխութիւններուն յաջորդ նախագիծը հանրաքուէի դրուեցաւ 2005-ի Նոյեմբեր 27-ին եւ ընդունուեցաւ։ Այդ փոփոխութիւններով նշանակալիօրէն կրճատուեցան նախագահի լիազօրութիւնները, իսկ Ազգային ժողովի դերը ընդլայնուեցաւ։ Այսպէս, նախագահը պարտաւոր էր վարչապետ նշանակել Ազգային ժողովի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձի՝ պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ։ Ուրիշ կարեւոր փոփոխութիւն էր նախագահի լիազօրութիւնը սահմանելը՝ արձակելու Ազգային ժողովը, էապէս փոխուեցաւ արդարադատական խորհուրդի կազմաւորման կարգը, ու սահմանադրական դատարան դիմելու իրաւունք ունեցող անձանց շրջանակը ընդլայնուեցաւ։

            Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանադրութիւնը ընդունուած է 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6-ին հանրաքուէով։ Ունի 9 գլուխ եւ 117 յօդուած։ Անով հիմնովին փոխուեցաւ երկրի կառավարման կարգը՝ նախագահական վարչակարգէն անցում կատարելով խորհրդարանականի։ Գործադիր իշխանութեան առաջին դէմքը կը համարուի վարչապետը, իսկ նախագահի լիազօրութիւնները կտրուկ սահմանափակուեցան։ Հանրաքուէէն ետք բազմաթիւ ընդդիմախօսներ հանրաքուէի արդիւնքները կեղծուած համարեցին՝ նշելով, որ ընդունուած սահմանադրութիւնը օրինական չէ։

 

*     *     *

            Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը՝ անկախութենէն մինչ այսօր, մօտ 27 տարուան ընթացքին ունեցած է երեք սահմանադրութիւն։ Օրուան իշխանութիւնը Հայաստանի վարչակարգը խորհրդարանական դարձնելու անհրաժեշտութիւնը կը հիմնաւորէր ի հետեւումն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խորացման։ Այստեղ կարեւոր է յիշել, որ խորհրդարանական վարչակարգի կարեւոր նախադրեալներէն է ԻՐԱԿԱՆ կուսակցութիւններու գոյութիւնը երկրին մէջ եւ այդ կուսակցութիւններու միջեւ քաղաքական ԻՐԱԿԱՆ պայքարը, որուն հիմքը պիտի ըլլայ գաղափարախօսութիւնը։ Այս առումով գոհացուցիչ պատկեր չի պարզեր Հայաստանը։ Կուսակցութիւնները Հայաստանի մէջ առաւելաբար կը ձեւաւորուին անձերու շուրջ, կամ ալ կը ստեղծուին քաղաքական փխրուն դաշինքներ, որոնք նոյն արագութեամբ կ’անհետանան։ Հետեւաբար, կան հիմքեր պնդելու, որ Հայաստանը իր քաղաքական ու հասարակական ներկայ իրավիճակով ու ժողովրդավարութեան ընկալման մակարդակով հեռու է խորհրդարանական ԻՐԱԿԱՆ վարչակարգ ունենալէ։ Բայց օրինական այդ անցումը արդէն կատարուած է։ Իսկ ներկայ պահուն կան առաջարկներ, այս անգամ ալ նոր իրադրութիւններու լոյսի ներքոյ, Հայաստանի համար մշակել նոր սահմանադրութիւն։ Այս հարցին անդրադարձաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

            Հիմնական օրէնքները/ սահմանադրութիւնները իրենց բնոյթով համապարփակ են: Անոնք պիտի սահմանեն ու երաշխաւորեն պետութեան եւ քաղաքացիական հիմնական իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ Ընդունինք, որ որեւէ պետութեան հիմնական օրէնքները չեն կրնար վերատեսութեան ենթարկուիլ քաղաքական պահի ազդեցութեամբ։ Այդ օրէնքները յարաբերաբար կայուն են։ Հիմնական օրէնքները կը փոխուին կամ վերատեսութեան կ’ենթարկուին փորձնական բովէն անցնելէ ետք զգացուած անհրաժեշտութեամբ, կամ շարադրուածը այնքան ճիշդ եւ ընդգրկուն է, որ անհրաժեշտութիւն չի յառաջանար հիմնական վերատեսութեան ենթարկել զայն․ այդպիսին է ԱՄՆ-ի սահմանադրութիւնը։

            Իմ անձնական կարծիքս է, որ քաղաքական դաշտը Հայաստանի մէջ ունի յստականալու եւ որոշակի դառնալու կարիք։ Այսօրուան իշխանութիւնը վաղը կրնայ իր տեղը փոխել ընդդիմութեան հետ։ Ի հարկէ, ատիկա կը պատահի բոլոր երկիրներուն մէջ, յատկապէս այն երկիրներուն, ուր խորացած է ժողովրդավարութիւնը։ Իսկ պատմութիւնը կը վկայէ, որ հրապարակին վրայ ձեւաւորուած իշխանութիւնը կրնայ նոյն արագութեամբ վար բերուիլ։ Հայոց մօտ այդ փաստը կայ ոչ շատ հեռու անցեալին՝ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրինակով։ Վերադառնանք մեր նիւթին. Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ ՀԻՄԱ Հայաստանի մէջ կայ քաղաքական նոր իրավիճակ, ու այդ մէկը կ’ենթադրէ ունենալ նոր սահմանադրութիւն։ Իսկ վաղը՞… Ամէն օր եւ ամէն պահ մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուող մեր տարածաշրջանին ներկայ ու ապագայ զարգացումնե՞րը… Այս բոլորը այն հարցերն են, զորս կարեւոր է ամենայն ճշգրտութեամբ քննարկել, եւ ոչ միայն նոր սահմանադրութիւն ունենալու օրակարգով։

            Քաղաքական զարգացումներն ու փոփոխութիւնները առաջին հերթին գաղափարական եւ գաղափարախօսական են։ Այսինքն՝ անոնց հիմքը կը հանդիսանայ գաղափարը եւ նոր արժէքներու համակարգը։ Թէ խորքային ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է հայ հասարակութեան մօտ, ատիկա առանձին նիւթ է։ Բայց որ Հայաստանի մէջ դեռ յստակ ձեւաւորուած չէ քաղաքական դաշտը, որուն հիմքին պիտի ըլլայ գաղափարախօսութիւնը, կը վկայէ, որ Հայաստանը երկար ճամբայ ունի անցնելու ԻՐԱԿԱՆ ժողովրդավարութեան հասնելու համար։ Անմիջապէս նշեմ, որ կան անհատ մտաւորականներու առանձին միտքեր, որոնք մինչեւ հիմա համընդհանուր հաւանութեան չեն արժանացած, իսկ հրապարակը չի կրնար ըլլալ միտքերու ազատ արտայայտութեան եւ գաղափարներ ու տարբեր հարցեր քննարկելու տեղ։ Ազգի կողմէ նաեւ պիտի մերժուին բոլոր այն միտքերը, որոնք կապ չունին ազգայինին ու հեռու են ազգային արժեհամակարգէն։

            Հուսկ, հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ կայ անհրաժեշտութիւն նոր սահմանադրութիւն ունենալու՝ կարեւոր է անպայման նկատի ունենալ, որ անիկա իր բնոյթով ոչ թէ պիտի ձեւակերպուի պահի անհրաժեշտութեան բերումով, կամ ըլլայ անձի ու այս կամ այն խմբակցութեան շահերը ամրագրելու միտումով, այլ նոր սահմանադրութիւնը իրապէս պիտի դառնայ ամբողջ պետութեան հիմնական եւ ընդհանուր օրէնքը՝ ունենալով իրաւաբանական բարձրագոյն ուժ։ Անիկա իրապէս պիտի ըլլայ արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ։ Այդպիսի սահմանադրութիւն մը կազմելու համար ժամանակ պէտք է․ շտապելու կարիք չկայ։ Գործընթացը պիտի ըլլայ թափանցիկ, եւ քննարկումներուն պիտի մասնակցին բոլոր շահագրգիռ կողմերը, մտաւորականները, իրաւաբաններ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Ի վերջոյ, իր վճռորոշ խօսքը կ’ըսէ ժողովուրդը իր քուէով։

Եւ ուրիշ կարեւոր հարց մըն ալ. նոր սահմանադրութիւնը պիտի կազմուի ոչ թէ ուրիշ պետութիւններու սահմանադրութիւնները կրկնօրինակելով ու անոնց մասնակի փոփոխութիւններով, այլ պէտք է ըլլայ հայութեան ազգային արժեհամակարգի բաղադրիչներով՝ հայ ազգի ընկալումներուն եւ նպատակներուն համապատասխան։ Այլապէս որեւէ այլ սահմանադրութիւն կ’ունենայ ժամանակաւոր կիրարկութիւն ու անընդհատ կը փոխուի պահի ազդեցութեամբ կամ նեղ, հատուածական շահերու նկատառումով։

 

 

*) Տեղեկութիւնները համացանցային տարբեր կայքերէ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին