Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Արժանահաւատ Հայրենասիրութիւն

ՌՈԶԷԹ ԱԼԵՄԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

            «ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – Անհատը կը ձգտի ազատութիւն ձեռք բերել, անկաշկանդ կեանք մը վարելու համար: Գիտակից մարդիկ լաւագոյնս օգտուելով ազատութեան ընձեռած բարիքներէն կը փորձեն նուաճել բարձունքներ, սատարելով իրենց եւ իրենց շրջապատի եւ նիւթական եւ բարոյական վերելքին: Ոչ գիտակիցներու համար ազատութեան ընթացքը տարբեր է. Չարաշահելով զայն սանձարձակ կեանքի յորձանուտին մէջ կ՝ընկղմին:

            Ժողովուրդներ եւ երկիրներ ալ ի գին մեծ զոհողութիւններու կը պայքարին անկախութիւն ձեռք բերելու, աւելի բարօր եւ ազատ կեանք մը ապահովելու համար իրենց ազգին, պահպանելու հաւատքը, լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները:

            Անկախութեան տիրանալու համար քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ ընկերային ազդակներու դրական դրսեւորումը մեծ անհրաժեշտութիւն է: Բոլոր ուժերու միահամուռ գործակցութեամբ կարելի է իրականացնել Մեծ Երազները : Առաջնորդներու եւ ժողովուրդին միջեւ ստեղծուած սերտ կապի միջոցով անկախութիւնը պայծառ երկնակամար մը կրնայ ստեղծել,  այլապէս երկրին մթագնած ու աղիտալի վտանգ կրնայ պատճառել:

Զարգացած, օրինապահ, կարգ ու կանոնի ենթարկուող հաւաքականութիւններ, անկախութեան տիրանալէն ետք, կ՝արժեւորեն իրենց շահած գանձը, կը գուրգուրան եւ կը փորձեն լաւագոյն ձեւով տէր կանգնիլ:

Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը վեց հարիւր տարի պայքար մղելէ, արիւն թափելէ ետք տիրացաւ ազատ եւ անկախ հայրենիքին: 1990-ական թուականներուն երբ Երեւանի մէջ ուսանող էի, ականատես եւ մասնակից եղայ Ազատութեան հանրահաւաքներուն: Ի հարկէ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայուն համար անմոռանալի օրեր էին: Ոգեւորութիւն, հայրենասիրութիւն, հայրենի Արցախի ազատագրում, միացման կոչեր: Կաշառքով կամ այլ զարտուղի միջոցներով կարելի չէր նման հարիւր հազարաւորներ նոյն նպատակին համար ի մի հաւաքել: Թերեւս քաղաքականութիւնը տարբեր մեկնաբանութիւններ տայ, սակայն գլխաւոր նպատակը Անկախ Հայաստանի մը տեսլականն էր , որ այդ օրերուն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը իր տարբեր խաւերով, ոտքի հանեց:

Պետութիւն, ազատ ու անկախ, փոքր ժողովուրդներու գոյատեւման ապաւէնը կը հանդիսանայ: Հետեւաբար,  21 Սեպտեմբեր 1991-ը, հպարտութեամբ եւ բերկրանքով դիմաւորեցինք իբրեւ մեր երազի իրականացում, փայլուն ապագայի երաշխիք, Արցախի միացման հաւաստիք, Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրման հաստատ նախաքայլ:

Սակայն յաջորդող օրերը այնքան ալ փայլուն եւ բարօր չեղան:

Այն հարիւր հազարները, որոնք անկախութեան կոչեր ըրին, պայքարեցան յանուն հայրենիքի, յանկարծ տարբեր պատճառներով (քաղաքական կամ տնտեսական) ճամպրուկները հաւաքեցին ու հեռացան հայրենիքէն ու հողէն:

Կը խուսափիմ քաղաքական բացատրութիւններ տալէ կամ ժողովուրդին « դժուար» վիճակէն չհասկցողի դերը ստանձնելէ. Սակայն մէկ ճշմարտութիւն կայ, տարիներ առաջ անկախութիւն պահանջողները, հայրենի ազատ հողին տենչացողները տուն տեղ ծախեցին հասան Ովկիանոսէն անդին:

Սէրը ընդհանրապէս շարունակական գործընթաց է , ուր զոհողութիւնն ու հաւատքը միասնաբար կը գործեն:Հայրենասիրութիւնն ալ կ՝ենթադրէ գերագոյն նուիրում հայրենիքի ամենէն փոքր մանրամասնութեան նկատմամբ:

Արդե՞օք հայրենաշունչ երգերը եւ բաժակաճառերը, բաւարար ազդակներ եւ չափանիշներ են հայրենասիրութեան: Կամ կը մնան հայրենաբաղձութեան ծիրէն ներս:

21 Սեպտեմբերի անկախութեան հռչակումը,  հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման դրաւ մեծ դժուարութիւններու: Սակայն, յաղթանակած ժողովուրդը դատարկեց հայրենիքը, իսկ հոն մնացողները ենթարկուեցան մեծ զրկանքներու, իսկ շատեր ալ օգտուելով առիթէն ուռճացուցին իրենց դրամատնային հաշիւները:

Հայաստանի  թէ Սփիւռքի մէջ մեծապէս կարիքը ունինք ԱՐԺԱՆԱՀԱՒԱՏ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ: Հողին կառչած մնալու, երկիրը իր ժողովուրդով սիրելու, գուրգուրալու: Ոչ միայն ակնկալելու ենք , որ առաջնորդներ կամ պետական ղեկավարներ բարեխիղճ ու պարկեշտ վերաբերմունք ցոյց տան, նաեւ ժողովուրդի իւրաքանչիւր մասնիկ իր դրական կեցուածքով, անկոտրում կամքով, արդար աշխատանքով նպաստէ հայրենիքի կայունութեան եւ վերելքին:

Անկարելին կարելիի վերածելէ ետք, հայրենի հողը, գիւղը, դպրոցը, հարազատը լքելը ընդունելի երեւոյթ չէ: Սխրանքներ իրագործած զինուորին, բանուորին, բանաստեղծին, ուսուցիչին դիմաց հարկատու ենք: Հաւաքական ուժով է որ միայն կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները:

Իսկ այսօր, յաճախ կը խօսուի հայրենադարձութեան մասին: Հոյակապ նախաձեռնութիւն, սակայն որքանով պատրաստ է Սփիւռքահայը հաւասարապէս ընդունելու հայրենիքի լաւն ու վատը: Առանց լաւապէս ճանչնալու Հայաստանն ու հոն գործող օրէնքները եւ ժողովուրդին կենցաղը, կրկին անգամ հայրենաբաղձութեան զգացումէ մղուած շատեր կը գաղթեն Հայաստան, կարճ ժամանակ ետք վշտացած հեռանալու եւ երբեմն ալ երկրորդ անգամ վերադառնալու:

Եթէ հաւատացեալ ես, եկեղեցի պիտի յաճախես, սրբութիւններուն տէր պիտի կանգնիս:

Եթէ հայրենասէր ես, Հայաստանը հաճոյքի եւ հանգստեան գօտի չէ, արժանահաւատ հայրենասիրութիւն պիտի ունենաս:

Եթէ հայ ես, պիտի հպարտանաս քու ինքնութեամբդ եւ պատրաստ պիտի ըլլաս պարտաւորութիւններդ կատարելու:

Եթէներու շարքը կարելի է երկարել…

Ինչպիսի վարչակարգ որ ալ ըլլայ, մէկ իրականութիւն կը մնայ անխախտ. Հայաստանը իր ժողովուրդով կրնայ գոյատեւել, եւ ժողովուրդը պահելու համար իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք:

Շնորհաւոր Անկախութեան Տօնդ հայ ժողովուրդ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին