Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՀՀ Անկախութեան 27րդ Տարեդարձին Առիթով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շնորհաւորագիրը Ուղղուած Հայ Ժողովուրդի Զաւակներուն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեզ:

21 Սեպտեմբեր 1991-ին հայրենի ժողովուրդը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ քուէարկեց ԽՍՀՄ կազմէն դուրս գալու եւ անկախ պետութիւն ստեղծելու օգտին՝ այսպիսով վերականգնելով ինքն իր ճակատագիրը տնօրինելու, ազատ, անկախ ու ինքնիշխան պետութիւն ունենալու սեփական իրաւունքը: Միասնական կամքով ու տոկունութեամբ բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարուեցան անկախութեան կերտումի ճանապարհին, ու այսօր 27-րդ  տարին է, որ  հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը անկախութեան իր  տարեդարձը կը տօնէ որպէս կայացած պետութեան տէրը, պետութիւն, որ ունի իր պետական ուրոյն սահմանը, դրօշը, քայլերգը, զինանշանը:

Անկախութեան օրուան առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով  յատկապէս կը  շնորհաւորէ Հայաստանի ու Արցախի սահմանները ամուր պահող իւրաքանչիւր հայ զինուորին, որուն  շնորհիւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ապրող մեր ժողովուրդը կը կարողանայ խաղաղ կեանքով ապրիլ, ուսանիլ ու աշխատիլ, բերք ու բարիք արարել, տնտեսութիւնը զարգացնել:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Դարձեալ շնորհաւորելով ձեզ Հայ ժողովուրդին հպարտութիւն պարգեւող այս կարեւորագոյն տօնին առիթով՝ խաղաղութիւն, երջանկութիւն ու բարեկեցութիւն կը մաղթենք իւրաքանչիւր հայորդիի ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:  

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                                             Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                                                                  Ատենապետ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին