ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հայրենիքի երրորդ հանրապետութեան անկախութիւնը այսօր կը բոլորէ իր 27-րդ տարին:
1991 թուի 21 Սեպտեմբերին, Խորհրդային Միութեան փլուզումին հետեւանքով, Հայաստան անկախութիւն կը յայտարարէր 70 տարիներու խորհրդային լուծէն:
Երկիր մը, հայրենիք մը կ՚անկախանայ պատրաստովի վճռականութեամբ, քաղաքական, տնտեսական և դիւանագիտական մարզի մէջ պատրաստուած հմուտ ղեկավար տարրերով: Հայաստանը, մեր կարծիքով, չունէր ո՛չ մէկը անոնցմէ. որովհետեւ, այս անկախութիւնը անսպասելի էր, պատճառները կապուած ըլլալով Խորհրդային Միութեան փլուզումին հետ և Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը բնաւ չէր կանխատեսած անկախութեան նման պատրաստութիւն: Բայց եւ այնպէս, տուեալ իրողութիւն մըն էր, աստուածատուր նուէր մը, առաջադրուած հայրենիքի պետութեան համար, ուր այլընտրանք պէտք չէր ըլլար եւ հռչակուեցաւ Հայաստան երկրի անկախութիւնը երրորդ հանրապետութիւնով:
Արեւմտեան հոսանքի երկիրներ ուրուրներու նման խուժեցին առաջինը ճանչնալու Հայաստանի անկախութիւնը, ներառեալ՝ Թուրքիան… իր նախապայմաններով, եւ Հայաստան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ դարձաւ լիիրաւ անդամ… իր ներկայ սահմաններով:
Կեանքի ասպարէզ մտած տատամսող եւ անփորձ պատանիի քայլերով Հայաստան ոտքի կը կանգնէր նոր պետութիւն կերտելու համար: Դժուարին օրեր եւ տարիներ կը դիմակալէր հայրենի երկիրը, գազանացած շրջապատի մը մէջ, որոնք արեան հոտ առած գիշատիչ գազաններու նման պատրաստ էին յօշոտելու անտէր ու միայնակ մնացած Հայաստանը: Հայաստանը միայնակ չէր սակայն: Ողջ սփիւռքահայութիւնը, իր կուսակցութիւններով եւ զանազան կազմակերպութիւններով, շատերը իրենց սկզբունքային հաւատամքները հակասելով, օգնութեան կը փութային թիկունք կանգնելու հայրենիքին, իր ազատագրման եւ երկրի վերակերտման պայքարին մէջ:
Հայրենի ժողովուրդին համար եղունգներով մաքառումի ժամանակաշրջան եղան առաջին տարիները, ո՛չ միայն երկրի կառուցման, այլ նաեւ անոր պահպանման ջանքերով: Հայրենիքը իր անկախութեան առաջին օրէն սկսեալ ունեցաւ կողոպուտ ու թալան, հալածանքներ, շահագործումներ ու անօրինութիւններ առաջին երեք իշխանութիւններու օրով, որոնք կրնային Հայաստանն ու հայրենի ժողովուրդը հասցնել աւելի բարեկարգ ու բարւօք տնտեսական կարգավիճակի:
Հայաստանի եւ Արցախի պետական կայունուցման ալեկոծ շրջանին մէջ կատարուած ներքին անիրաւութիւնները կարծէք բաւարար չէին յետ կասեցնելու հայրենի երկիրներուն յառաջխաղացքը, որուն վրայ կը հասնէր Արցախեան ազատագրման մարտը եւ պայքարը: Համայն հայ ազգի ժողովուրդ մը, հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, միածին հայրենասիրական ոգիով տոգորուած, առանց գաղափարախօսական խտրականութեան, կը փութար պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները խուժաններու ոտնձգութիւններէն, որոնք կը սպառնային կործանել հայ ազգի վերջին պատուարը, հայ ժողովուրդի հայրենիքը:
Հայ ազգը, իր համայն զաւակներով, մեծապէս պարտական է խոնարհելու այն մարտիկներուն շիրիմներուն առաջ, որոնք իրենց արեան գնով պայքարեցան հայրենիքի ազատագրման պատերազմին, այսօր՝ մեզի շնորհելու համար ազատ անկախ հայրենիք մը:
Հայաստանի անկախութեան 27-րդ տարին է որ պիտի տօնենք այս 21 Սեպտեմբեր ամսուն:
27 տարիներ սպասեց հայրենի ժողովուրդը այս տարին տօնելու համար իսկական անկախութեան առումով: Անցեալ Մայիսին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը լոյս եւ յոյս սփռեց հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, ժողովրդավարական նոր հորիզոններ բանալով իշխանութիւններուն վարչակազմին մէջ որպէս երկրի իշխանութեան ուղեգիծ, թափանցելու եւ հասնելու համար երկրի նախկին իշխանաւորներու եւ ղեկավարներու սիրտերուն ու միտքերուն մէջ, անոնց հասկցնելու համար թէ՝ այստեղ ժողովուրդն է որ կը խօսի, կը գործէ եւ կ՚արդիւնաբերէ պետութեան համար, երկրին համար, իրենց ընտանիքներուն համար, որպէսզի Հայաստանը դառնայ հզօր պետութիւն:
Յաճախ կը տեսնենք եւ կը լսենք քննադատութիւններ եւ առարկութիւններ հայրենիքի ներկայ պետական վարչական փոփոխութիւններուն, նորանոր օրէնքներու կիրարկման եւ այլ քաղաքական եւ տնտեսական փոփոխութիւններուն հանդէպ: Կասկածելի՞ են արդեօք նման փոփոխութիւններ կամ բարեփոխումներ պետութեան մը կառավարութեան կազմին մէջ, հաւանաբար՝ այո՛, եթէ բոլոր անոնք ձեռնածալ շարունակեն քննադատել եւ բողոքել նման ժողովրդավարական փոփոխութիւններու, փոխան՝ մասնակից դառնալու այդ զարթօնքին:
Ժողովրդավարական ուղին այնքան հեշտ, այնքան ալ դժուարին ճանապարհ մըն է, ուր համայն հայ ժողովուրդ մը պարտի իր շինիչ եւ կառուցողական ներդրումը նուիրել հայրենիքին առանց ակնկալութեան եւ անհիմն առարկութիւններու:
Քեզ բարի տարեդարձ՝ Հայաստա՛ն: Մնաս հզօր ու անսասան:






