Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՀՀ անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեան մը իրագործումը, անկասկած, բոլոր ազգերու համար եղած է վարդագոյն երազ մը: Հայ ժողովուրդին պարագային, բազմադարեան մղձաւանջ մը, որուն ընդունելի միակ ելքը հանդիսացեր էին 1918-ի Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտը եւ Արեւելահայաստանի մէջ հիմնուած յաջորդական երեք հանրապետութիւնները:

            Արդարեւ, անկախութիւնը այսքա՛ն ցանկալի ԵՐԱԶ է որեւէ ժողովուրդի, որուն տիրանալու համար կ’արժէ ընծայաբերել ամէն թանկարժէք «ունեցուածք»: Ու հայութիւնն ամբողջ, անցնող հարիւրամեակին զոհեց «Աշխարհ»ին իր լաւագոյնը, որպէսզի կարենայ պահել իր յարաբերական «անկախութիւն»ը:

            Ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իւրաքանչիւր տարեդարձին՝ ազգովին հպարտացանք մեզ խանդավառող իրագործումներով ու շահուած յաղթանակներով, բայց չանտեսեցինք նաեւ այն  դասերը, զորս պէտք է քաղէինք մեր պարտութիւններէն: Սփիւռքահայ մեր սերունդը, ներկայիս, աւելի քան երբեք կը հաւատայ առարկայական ճշմարտութեան՝ ստուգատեսի իրաւասութիւններով, քան թէ  կ’առաջնորդուի երբեմնի «ազգային սնապարծութեան» երազախաբութեամբ:

            Այս հանգրուանին բոլորս ալ հրաւիրուած ենք ներկայանալու Գ. Հանրապետութեան 27-րդ դասապահին, նախորդ տարիներու վերաքաղով եւ գալիք տարիներու նոր տեսլականներով:

            Ուրախացանք ազգովին եւ առանց վերապահութեան, երբ տակաւին նորանկախ պետութիւն, ունեցանք հռչակագիր եւ Սահմանադրութիւն, ազգային բանակաշինութիւն եւ մեր սահմաններուն անձեռնմխելիութիւն, յատկապէս՝ միջազգային ատեաններուն մէջ մեզի շնորհուած քաղաքական եւ իրաւական սահմանումներով:

            Արցախի իրողական ազատագրումն ու ինքնակառավարումը, մեր յաղթական երթին շարունակութիւնն է:

            Ինչպէ՞ս յաղթահարել մեր սահմանակից հարեւան թուրք եւ ազերի վոհմակներուն բնազդային ախորժակներն ու ոտնձգութիւնները: Միջազգային բարձրակարգ դիւանագիտութեան նուրբ խաղաքարտերո՞վ, թէ՞ ռազմական մեր «գերարդիական զինանոցներով»: Երբ նորօրեայ «Աննիբալ»ը մեր «Կարգեդոն»ի դռներու սեմին կանգնած է իր արիւնռուշտ կերպարանքով, հայութեան բոլոր հատուածներուն համար, առաջնահերթը մեր հողերուն անվտանգութիւնն է: Վարչակարգերը անցողիկ են: Մնայունը՝ ՀՈՂն է հայրենի՝ իբրեւ սրբութիւն սրբոց:

            Պարտադիր պայմաններու հրամայականներով աւելի քան 10 միլիոն ժողովուրդը դատապարտուած է ապրելու հայրենիքի մէջ իր մէկ-քառորդ թուաքանակով, իսկ մնացեալը արտերկիր՝ իր մերձակայ թէ հեռակայ գաղութներով:

            Մինչ սփիւռքահայութիւնը ամենայն անկեղծութեամբ կ’ըլլար մասնակից՝ հայրենիքի ցնծալից յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն, սակայն զուգահեռաբար՝ ներհայաստանեան քաղաքական եւ ընկերային առօրեայ կեանքին մէջ քառորդ դարէ ի վեր, հայրենիքը եղաւ թատերաբեմ իշխանաւոր դասակարգի բարոյական թէ ֆիզիքական ճնշումներու հետեւանքով տեղի ունեցած անհանդուրժող ժողովրդային ընդվզումներուն եւ ընդհատումներուն: Երկար է շարքը, սակայն կարելի է յիշատակել ու դիտարկել միայն տեսանելի մասը այն սառցալերան, որ սառուցեալ ովկիանոսի մէկ ծայրամասին մէջ գոյութիւն ունի, եւ ջուրի մակարդակէն վար գտնուող մասը մեր մարդկային աչքերուն կը մնայ անտեսանելի ու խորհրդաւոր:

            Ահաւասիկ այս հարցումները, որոնք կը չարչրկեն սփիւռքահայ ԽՈՐՀՈՂ մարդուն միտքն ու հոգին.

1.- Անկախութեան առաջին տարիներուն սկիզբ առած բազմատեսակ «գոյք»երուն դէպի արտերկիր վաճառքը եւ յետագային ծնունդը նորաբոյս հարուստներու, կազմեցին Հայաստան աշխարհին նորաստեղծ աւատապետերու խմբակը:

2.- Պետութեան պատկանող կալուածներու արագօրէն կազմակերպուած սեփականաշնորհումն ու աժան վաճառքը… մենաշնորհեալներու: Սկիզբ անյագուրդ ընչաքաղցութեան:

3.- Արտագաղթը՝ իբրեւ սպիտակ արիւնահոսութիւն, երբ անցնող 25-ամեակին հայրենիքը լքեցին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր: Երեւոյթ մը, որ բարենպաստ պայմաններու ընձեռումով, կարելի պիտի ըլլար գոնէ կասեցումը հակահայ այս վտանգաւոր իրողութեան:

4.- Քաղաքական դիրքաւորումներ, հետապնդումներ եւ սպանութիւններ՝ իշխանութեան կողմէ դեռ եւս մնացած անպատժելի, իբրեւ թղթաբանութիւն:

5.- 1999 Հոկտեմբեր  27-ի քստմնելի ոճիրին գործադրութիւնը եւ ցարդ անկատար մնացած անոր ամբողջական բացայայտումն ու դատապարտութիւնը (թիւով 8 մեծանուն զոհեր):

6.- 2008 Մարտ 1-ի հանրածանօթ ողբերգութիւնը: Զոհերու թիւը՝ 10 հայ: Դատապարտում եւ արդարադատ բացայայտումներ:

7.- Մենաշնորհեալներու դղեակներուն եւ առանձնատուներուն կառուցումի փոխարժէքով, արդիականացնել ազգային բանակին ռազմական կարելիութիւնները, որպէսզի անխոցելի դառնան մեր սահմանները:

8.- ՀՀ կուտակուած արտաքին պարտքերու գումարը վճարել՝ յատուկ կարգադրութեամբ մը բանակցելով անոնց հետ, որոնք 2006-2016 հակաօրինական ձեւերով Հայաստանէն արտահանեցին 9 միլիառ 830 միլիոն տոլար, զանոնք տեղաւորելով արտասահմանի դրամատուներէ ներս (տեսնել՝ Global Financial Integrity Report 2017):

 9.- Բացառիկ հոգատարութիւն Երեւանէն դուրս գտնուող բոլոր մարզերու եւ գիւղերու, ժամանակակից դարու կենցաղային եւ տարրական պայմաններու յարգումով:

10.- Արեւաշող հայրենիք մը ունինք, ուր կրնանք լաւապէս օգտուիլ արեգակնային դրութեամբ վահանակներ զետեղել շէնքերու տանիքներուն վրայ կամ այլ բարձրադիր վայրեր ու մեղմացնել ելեկտրական հոսանքներու համար պարտադիր ծախսերը:

Սառցալերան (Icerberg) անտեսանելի մասին մէջ կը գտնուին ահաւոր բացթողումներ ու թերացումներ: Մեր նպատակն է, իբրեւ սփիւռքահայ գրող, մատնանշել ու հետապնդել առաջնահերթ հարցադրումները, սրբագրել տալ զանոնք, եւ ապա՝ անցնիլ յաջորդ Տասնեակին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին