ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ օտար ներդրումներէն մին էր մեր իջեւանած պանդոկը, շատ հաւանական՝ ամերիկեան, որովհետեւ ան «Հալիտէյ ինն»-ի ընտանիքին պատկանող «Տապլ թրի» պանդոկն էր: Յաճախ կը զարմանաս թէ՝ ինչո՞ւ այս կամ այն նոյն առարկան, պանդոկը կամ որեւէ այլ իր կամ ուտելիք, զանազան երկիրներու մէջ ունին արժէքներու հսկայական տարբերութիւններ, մանաւանդ՝ երբ կը յայտարարեն թէ երկրին տնտեսութիւնը ճգնաժամի մէջ է եւ անգործութիւն կը տիրէ: Բայց եւ այնպէս, Վանի բոլոր ճաշարաններուն ճաշացուցակը ամէնուրեք՝ հաճելի էր մեր քիմքերուն:
Վաղ առաւօտ արթնցանք, որովհետեւ Աղթամար պիտի երթայինք: Վանայ լիճ պիտի իջնէինք: Մեր մէջ կը գտնուէին վանեցի 3 զոյգեր, որոնց համար այս արարքը մկրտուելու աստիճան կարեւոր էր իրենց կեանքին մէջ: Անոնք նախ պէտք էր իրենց ծնողներուն ծննդավայրերը փնտռէին եւ գտնէին, իջնէին Վանայ ծով եւ ապա՝ այցելէին Աղթամարի կղզին ու եկեղեցին: Սրբոց երրորդութիւն մը:
Աղթամարի ճանապարհին հանդիպեցանք Վանի նշանաւոր բերդին, ուր դժբախտաբար կարողացանք միայն չորս դին պտտելով դիտել, այդ սէգ ու հզօր կառոյցը, որ ժամանակին եղած էր հայ ժողովուրդին սիրտը պաշտպանող մայրաքաղաքի կեդրոն, իր երկարաձիգ եւ հուժկու պարիսպներով. իսկ այժմ…. ան դարձած էր ամայի ու անմարդաբնակ, նոյնիսկ թանգարանի արժանի չդարձած հնութիւն: Թրքական դրօշը կը ծածանէր բերդին ճակատին, հաւանաբար՝ տեղ տալու համար զինուորական մէկ այլ զօրանոցի:
Շարունակեցինք մեր ճանապարհը դէպի Վանայ լիճ եւ Աղթամար:
Գեղեցիկ էր Վանայ լիճը: Արդէն երկու օր էր ինքնաշարժով կը ճամբորդէինք իր կողքէն, այս օր, զինք շոյելու, համտեսելու, այո՛ համտեսելու, լողալու եւ անոր եզրին նստելով մտորումներու եւ յուշերու մէջ տարուելու իր ծփծփուն ալիքներուն հմայքով: Զուլալ ու գաղջ ջուրը, ամբողջ լիճի տարողութեան անդիմադրելի հրաւէր կը կարդար մեզի, գոնէ՝ մեր կեանքին մէջ, կրնար ըլլալ վերջին անգամ ըլլալով, ըմբոշխնելու համար անոր հոտը, մեր ռունգերը զարթնացնող զովքն ու լիճի մակերեսէն փչող գգուող զեփիւռը եւ ապա՝ սուզուիլ անոր ջինջ ջուրին մէջ:
Վանայ ծովափէն (Վանայ լիճը յաճախ ծով կոչուած է իր մեծութեան եւ աղի ջուր ունենալուն պատճառաւ), նաւ առինք Աղթամար կղզի երթալու համար, որ կէս ժամուան ճանապարհ մըն էր: Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ ժամանակին, երբ հայ սիրահար երիտասարդը լողալով հասած է իր սիրոյն, որ կը բնակէր Աղթամար կղզիին վրայ,– իրականութիւն էր հաւանաբար,– տեսնելով այն կարճ միջոցը որ կը բաժնէր մայր ցամաքը կղզիիէն…: Սակայն, մեր պտոյտի առաջնորդը նշեց, թէ Վանայ լիճին մէջ երկար լողալը արիւնահոսութիւն կը պատճառէր ձեռքերու բազուկներուն: Իսկ պատճա՞ռը, լիճին ջուրն էր, որուն աղի քանակը եւ մասնաւորապէս անոր լպրծունութիւնը թոյլ չէին տար երկար ժամանակ լողալու անոր մէջ:
Վանայ լիճը հակառակ անոր որ կ՚ընդունի գետեր ու գետակներ իր մէջ, սակայն որեւէ տեղէ անոնք դուրս չեն գար: Իսկ լիճը որեւէ բուսականութիւն չ՚ընդունիր իր մէջ (այդ պատճառով ջինջ է իր ջուրը), եւ միայն տառեխ ձուկի տեսակն է որ կրնայ ապրիլ Վանայ լիճին մէջ եւ ո՛չ մէկ այլ կենդանի:
Օրն ի բուն այդ նաւերը մարդիկ կը փոխադրէին ցամաքէն դէպի կղզի, զբօսաշրջիկներ կամ բնիկներ, որոնց մեծամասնութիւնը քիւրտեր էին, տեղացի եւ մանաւանդ՝ Եւրոպա տեղափոխուած քիւրտեր, որոնք այցելութեան եկած էին այնտեղ: Ուրախ էին բոլորը, զուարճութիւն մը կար բոլորին դէմքերուն վրայ եւ իւրաքանչիւր երաժշտութեան կամ մեղեդիի մասնակից էին պարով ու երգով (Հայերէն ետ չէին մնար): Անոնց տարազները յատկանշական էին թուրքերէն եւ աւելի զարդարուն, գունաւոր եւ անկաշկանդ: Յաճախ կը դիտէինք այդ քիւրտ աղջիկներն ու տղաքը, զիրենք հայացնելու աստիճան, որոնց դիմագիծերը որքա՜ն յար ու նման էին հայուն: Բա՜յց, քիւրտ էին, քիւրտ:
Արդէն հեռուէն կ՚երեւար Աղթամար կղզին իր յոխորտ կեցուածքով, լիճին մէջտեղ:
Կամաց-կամաց, երկիւղով ըսենք թէ ակնածանքով, սկսանք բարձրանալ ժամանակին, 9-րդ դարուն հայոց կաթողիկոսարանի վայր Աղթամարի վանքը:
Շար. 6