Նասրալլա Ելոյթ Ունեցաւ Աշուրայի Առիթով
«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սուրիա վերադառնալ ցանկացող գաղթականներու նոր ցանկ մը Լիբանանի Ընդհանուր անվտանգութեան ներկայացուեցաւ Հըզպալլայի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ Հըզպալլայի պաշտօնատար մը:
«Մենք այսօր Սուրիա վերադառնալ ցանկացող գաղթականներու նոր ցանկ մը ներկայացուցինք Ընդհանուր անվտանգութեան պետ Ապպաս Իպրահիմին»,- լրագրողներուն փոխանցեց նախկին երեսփոխան Նաուաֆ Սահելի:
Նշենք, որ այսօր Աշուրայի յիշատակի օրն է: Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա այս առիթով հեռարձակուած ելոյթ մը ունեցաւ յիշատակը ոգեկոչող բազմութեան մը առջեւ: Նասրալլա իր խօսքին մէջ փոխանցեց այս յիշատակի օրուան ընկերահոգեբանական իմաստը: Նասրալլայի խօսքը նաեւ ըստ սովորութեան ընդգրկեց քաղաքական կեցուածքներ ու նամակներ ուղղուած իր դաշնակիցներուն ու մրցակիցներուն: ան բուռն կերպով քննադատեց ԱՄՆ քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ:






