Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Արմէն Արոյեան Դէպի Արեւմտեան Հայաստան Ուխտագնացութեանց Տեսանիւթերու Հաւաքածոն Կը Նուիրէ USC-ի Հայագիտականին

Առաջին անգամ 1991-ին խումբ մը ուխտաւորներ պատմական Հայաստանի բռնագրաւեալ տարածքները առաջնորդած Արմէն Արոյեան, որ յաջորդող տարիներուն ընթացքին մօտաւորապէս 100 նման ուխտագնացութիւններ կազմակերպած էր, որոշած է այդ այցելութեանց տեսանիւթերու իր հարուստ հաւաքածոն նուիրել Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական ծրագիրին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Արոյեանի մօտաւորապէս 400 ժամնոց տեսանիւթերու հաւաքածոն պիտի թուայնացուի, ցանկագրուի եւ տրամադրելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրողներու։

Նշենք, որ անոր անդրանիկ ուխտագնացութեան մասնակցած էին 7 հոգի, իսկ բոլոր ուխտագնացութիւններուն՝ 1480։

Տեսանիւթերը ցոյց կու տան ոչ միան Արեւմտեան Հայաստանի պատմական կարեւոր վայրերը, այլ նաեւ հոն արձանագրուած են ուխտագնցութեան վկայութիւնները եւ հանդիպումները տեղացիներուն հետ։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ Սալբի Ղազարեան այս հաւաքածոն կարեւոր աղբիւր մը կը համարէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի յարափոփոխ պատմութիւնները ուսումնասիրողներուն համար, ուր նաեւ յատկանշականօրէն կ՛երեւի ուխտագնացութեան մասնակցողներուն եւ տեղացիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ յարաբերութեանց եղափոխութիւնը։

Յաւելալ տեղեկութեանց համար, դիմել Armenian@usc.edu հասցէին կամ (213) 821-3943 թիւին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին