Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Իսթամպուլի 3-րդ Օդակայանին Մէջ Շինարարական Աշխատանքներու Ժամանակ 37 Բանուոր Զոհուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսթամպուլի 3-րդ օդակայանին մէջ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին աշխատանքային ծանր պայմաններու եւ դժբախտ պատահարներու հետեւանքով զոհուած է 37 բանուոր:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական gazeteduvar.com.tr-ը:

Որպէս աշխատանքային ծանր պայմաններ կը նշուին վատ սնունդը, ծանր աշխատանքային ծրագիրը, կացարանային վատ պայմանները:

Բանուորները նախորդ շաբաթ կազմակերպուած բողոքի ցոյցի ժամանակ նշած են, որ աշխատանքային օրերուն իրենց տրամադրուած ուտելիքը շատ քիչ եւ անորակ եղած է, ոչ իսթամպուլաբնակ բանուորներուն յատկացուած կացարանները շատ վատ եղած են:

Բողոքի ցոյցի մասնակից հարիւրաւոր բանուորներ բերման ենթարկուած էին գիշերով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին