«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսթամպուլի 3-րդ օդակայանին մէջ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին աշխատանքային ծանր պայմաններու եւ դժբախտ պատահարներու հետեւանքով զոհուած է 37 բանուոր:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական gazeteduvar.com.tr-ը:
Որպէս աշխատանքային ծանր պայմաններ կը նշուին վատ սնունդը, ծանր աշխատանքային ծրագիրը, կացարանային վատ պայմանները:
Բանուորները նախորդ շաբաթ կազմակերպուած բողոքի ցոյցի ժամանակ նշած են, որ աշխատանքային օրերուն իրենց տրամադրուած ուտելիքը շատ քիչ եւ անորակ եղած է, ոչ իսթամպուլաբնակ բանուորներուն յատկացուած կացարանները շատ վատ եղած են:
Բողոքի ցոյցի մասնակից հարիւրաւոր բանուորներ բերման ենթարկուած էին գիշերով:






