Երկուշաբթի, 16. 03. 2026

spot_img

Արփինէ Յովհաննիսեան ԵԽԽՎ Յանձնաժողովին Մէջ Բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Սահմանամերձ Համայնքներու Գնդակոծման Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան վեհաժողովի դիտարկման  յանձնաժողովի նիստի ընթացքին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Կոթի գիւղի վրայ կրակ բանալու, ատոր հետեւանքով ՀՀ քաղաքացի Սուրէն Սեփխանեանը վիրաւորուելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքացիական այլ բնակավայրերու գնդակոծման վերաբերեալ: Արփինէ Յովհաննիսեան այս մասին գրած է ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:

«Օգտուելով Հայաստանի վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններէն` ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը փորձեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւոր անյաջողութիւնները բարդել հայկական կողմին վրայ: Բազաթիւ անգամներ ըսած եմ եւ չեմ խորշիր եւս մէկ անգամ կրկնելէ` արցախեան հարցին մէջ մենք աւելի քան միասնական ենք:

«Ինչ կը վերաբերի յանձնաժողովի օրակարգային հարցերուն, ապա օրակարգին համապատասխան յանձնաժողովի խնդրանքով ներկայացուցած եմ Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումները: Հաշուի առնելով յանձնաժողովի գործունէութեան գաղտնապահական կարգը` կայացուած որոշումներու, յանձնաժողովի դիրքորոշման մասին կը տեղեկացնեմ, երբ ատոնք գաղտնազերծուին»,- գրած է Յովհաննիսեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին