«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի հրապարակուած մեկնաբանութիւններուն մէջ նշեց, որ ինքը չի կրնար ընդմիշտ սպասել նոր կառավարութան ձեւաւորման՝ առանց ստոյգ պարզելու, թէ ի՛նչ գործնական միջոցներու պիտի ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ:
«Աուն նկատել կու տայ, որ վարչապետի պաշտօնակատարը, ի հեճուկս «ժամկէտանց» դրութեան, դեռեւս հնարաւորութիւն ունի կազմաւորելու նոր կառավարութիւնը»,- կը հաղորդէ «Ալ Ժումհուրիա» օրաթերթը:
Նախագահական գրասենեակը աւելի ուշ հաղորդում մը հրապարակեց՝ ըսելով, որ լուրը որոշ սխալներ կը պարունակէ եւ անստոյգ է: Այնուամենայնիւ, թերթը յաւելեալ պարզաբանում չէ կատարած:






