«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիան ծանր զինասարք ուղարկած է Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ զինասարքը հասած է Զիսր Էշ Սուգուր քաղաքը, ուր տեղակայուած է թրքական ԶՈՒ դիտակէտերէն մէկը:
Թրքական զինուած ուժերը Սուրիոյ հիւսիսը ունի 12 դիտակէտ:
Սուրիական Իպլիպի մէջ կռուող ընդդիմադիր գրոհայիններուն զինասարքերու հերթական խմբաքանակի մատակարարումը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը հիմնաւորած է տեղի խաղաղ բնակչութեան պաշտպանելու անհրաժեշտութեամբ:
Սոչիի մէջ մեկնարկած է Էրտողան-Փութին հանդիպումը, որուն ժամանակ նախագահները հիմնականօրէն պիտի քննարկեն իրավիճակը սուրիական Իտլիպի մէջ:






