«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գերմանիոյ Deutsche Bank մեծագոյն դրամատունը կը ծրագրէ Լոնտոնէն 450 միլիառ եւրօ արժողութեամբ գոյքեր տեղափոխել Ֆրանքֆուրթ Եւրոպայի կեդրոնական դրամատան կողմէ ճնշումին կապակցութեամբ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Սեպտեմբեր 16-ին յայտնած է «Financial Times» թերթը:
Հրատարակութեան տուեալներով՝ ԵԿԴ-ը կը պնդէ, որ Deutsche Bank-ը պէտք է 75 տոկոսով նուազեցնէ իր դրամագլուխը Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, որպէսզի Լոնտոնի իր մասնաճիւղը համապատասխանէ այն չափանիշներուն, որոնք սահմանուած են եւրոպական դրամատուներու՝ երրորդ երկիրներուն մէջ գտնուող մասնաճիւղերուն համար: Մեծ Բրիտանիան նման երկիր կը դառնայ 2019 թուականի Մարտին Եւրամիութենէն դուրս գալէ ետք: Ինչպէս կը ճշդուի, Լոնտոնի մէջ Deutsche Bank-ի գոյքերը կը կազմեն մօտաւորապէս 600 միլիառ եւրօ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:






