Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Հոգաբարձութեան Խորհուրդի Ժողովին

14 Սեպտեմբեր 2018-ին Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն ներս տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեան խորհուրդի հանդիպումը։ Հոգաբարձութեան խորհուրդին անդամ է նաեւ մեր Ս. Աթոռը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին՝ յիշեալ հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յանձնախումբի փոխատենապետ Հոգշ. տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։

Հոգաբարձութեան խորհուրդի նիստի գլխաւոր օրակարգն էր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին նոր տնօրէնի ընտրութիւնը։ Գաղտնի քուէարկութեամբ խորհուրդը թանգարանի տնօրէն ընտրեց պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեանը։

Հայր սուրբը 17 Սեպտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ նորընտիր տնօրէնին հետ, եւ անոնք միասնաբար քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երկու թանգարաններուն միջեւ ապագայի ծրագիրներն ու փոխգործակցութեան կարելիութիւնները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին