Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Հունա Ալ Գահիրա»

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Հին թաղերու փողոցներուն մէջ, աղմկոտ սրճարաններէն եկող ռատիոյի խօսնակներու բարձր ձայնը, երբեմն ընթացիկ յայտագիրը յանկարծ կ’ընդմիջէր եւ «Հունա ալ Գահիրա» ըսելով ունկնդիրներուն կը յիշեցնէր, որ կայանի ձայնային սփռումը Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէէն կը կատարուէր:
Գահիրէն լուսինով, արեւով, երգերով ու կառքերու ջղային երթեւեկով մեծ քաղաք էր: 
Ան բազմամարդ ալ էր, եւ սրածայր մզկիթներու մուէզիններու կանչերով Միջին Արեւելեան էր, ուր կրօնքը ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ դեր կը խաղար, ու Գուրանի բառերով շէյխերու միապաղաղ աղօթքներն ալ, առաւօտները երկնքի արեւին հետ, մոլեռանդներու սիրտերը կանուխէն կը տաքցնէին: 
Այն օրերուն մենք Գահիրէ կը բնակէինք եւ առտուները, երբ զով օդերուն քաղաքը դեռ կէս քունի մէջ ըլլար, ու արեւին առաջին ճառագայթներն ալ մեր տան պատշգամի ապակիներէն ներս մտնէին, ես արդէն արթնցած կ’ըլլայի, որովհետեւ դպրոցիս օթոպիւսը կանուխէն կու գար:

Սակայն ինձմէ առաջ մայրս խոհանոցին մէջ արդէն ոտքի վրայ կ’ըլլար: Ան կ’ուզէր որ առտուները լաւ նախաճաշ ընեմ, եւ ամէն օր կանուխէն, գաւաթի մը մէջ շաքարով հաւկիթի դեղնուց կը զարնէր:

Ես անկողինիս մէջ պառկած ու կէս արթուն վիճակի մէջ, երբեմն իր տուած դգալի հարուածներուն « Թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք» ձայնը կը լսէի եւ միտքով անոնց թիւը կը համրէի…:
Հարուածներուն թիւը համրելով կը բարձրանար, բայց մայրս ատով չէր բաւարարուէր, որովհետեւ մինչեւ դեղնուցին ճերմակի մօտ բաց գոյնի վերածուիլը, դեռ կը շարունակէր դգալի հարուածները…: 

Ես դեղնուցին հոտը չէի սիրեր, ուտելէն ալ ձանձրացած էի, եւ մօրս ամէն օր գաւաթին մէջ ինծի երկարած զարնուած հաւկիթը չէի ուզեր տեսնել այլեւս: 

Բայց ան կը պնդէր եւ 

– Կե՛ր, օգտակար է, պէտք է լաւ նախաճաշ ընես,- կ’ըսէր: 

Ես գաւաթը ձեռքս բռնած՝ յուսահատ դուրսի ուրախ արեւին 
կը նայէի, եւ դգալը բերանս տանելէ առաջ, հօրս նոր գնած ռատիոն կը բանայի, որպէսզի գոնէ երգեր կամ օրուան նորութիւնները լսելով ուտելս դիւրացնէի:
Բայց ռատիոյի առաջին յայտագիրը, որ ամէն օր այդ ժամուն նոր կը սկսէր, միշտ շէյխի մը Գուրանի «Պիսմիլլահ իլ րահման իլ րահիմ»-ով կը բացուէր, որուն վերջին «րահիմ» բառին վրայ, շէյխին կարդացող ձայնը միշտ կը ծանրանար, անխտիր կ’երկարէր, եւ յետոյ կարծես համրուած ստոյգ երկվայրկեաններէ վերջ, շէյխը դադար կ’առնէր ու լուռ կը սպասէր:

Ես Գուրանին «Նահաուի» կամ գրական լեզուով արաբերէն բառերը շատ չէի հասկնար, եւ շէյխին խռպոտ ձանն ալ հաճելի չէր գար ականջներուս:

Այդ վայրկեաններուն ռատիոյին կայարանը փոխել կը փորձէի, բայց կոճակը ուր որ դարձնէի, ամէն տեղ նոյն շէյխի ձայնին կը հանդիպէի: Բարկացած յաճախ կը գոցէի, բայց երբեմն ուրիշ ընտրութիւն չունենալով բաց կը ձգէի գործիքը…: 

Գործիքը երբեմն բաց ձգելով, երբեմն ալ գոցելով, ատեն մը վերջ զարմանքով նշմարեցի, որ սկսած էի անտարբեր դառնալ շէյխին ձայնին եւ երգածին …: Դժուար էր վարժուիլ շէյխին ձայնին եւ Գուրանին…: 

Սակայն ես անոնց վարժուէի կամ ոչ՝ Գահիրէն ծննդավայրս էր, «Պիսմիլլահ»-ներու պատկանող քաղաք էր, եւ ժողովրդական թաղերու հին փողոցներուն մէջ, աթթարներու խանութներուն առջեւ տարածուած Միջին Արեւելեան սիրած համեմներուս եւ տեղական բոյսերուս յատուկ հոտով, գեղեցիկ էր: 

Ան հին էր, եւ գիշերային հանդէսներու մէջ միշտ ներկայ եղող կիսամերկ պարուհիներով եւ արեւելեան երգերու երկարող ներածականներով եւ անվերջանալի « Եա Լէյլի, Եա Լէյլի »-ներով անժխտելիօրէն Միջին Արեւելեան համ ունէր եւ շրջանի մահմետական երկիրներուն մաս կը կազմէր: 

Հոն մայրամուտէն վերջ, ժողովրդական թաղերու մէջ կեանքը կը փոխուէր, եւ սովորական էր այդ ժամէն յետոյ, վրան բաց կամ ապակիներով գոց ձեռնասայլեր տեսնել, որոնց վրայ եղանակի աժան պտուղներ կամ կերակուրներ ծախող վաճառորդներ, փողոցներու մէջ տեղէ տեղ կը կենային եւ յաճախորդներու կը սպասէին:
Սայլակներուն մէջ, կազի «Լիւքս» լամբարներու զօրաւոր լոյս ունեցողները, եւ ապակիներով գոցերը, հեռուէն կը նշմարուէին եւ գիտցուած էին թէ Քոշարի կը ծախէին: 
Տէրերը սայլակներուն առջեւ կեցած՝ մէջտեղի մասէն խոշոր շերեփով պնակներու մէջ Քոշարի կը լեցնէին, եւ շուրջերը հաւաքուած յաճախորդներն ալ, ձեռնասայլին լամբարներու զօրաւոր լոյսին տակ ոտքի կեցած կ’ուտէին:

Քոշարին մաքարոնով, բրինձով, ոսպով, տապկուած սոխով եւ զօրաւոր համեմներով պատրաստուած ժողովրդական կերակուր էր, որ, հակառակ գիշերուան համար ծանր ըլլալուն, շատ կը ծախուէր, որովհետեւ սիրողներ շատ կային: Բայց անոնցմէ զատ կային նաեւ ուրիշ յաճախորդներ, որոնք բաղդատմամբ աւելի սուղ Քոշարիին, առտուան եւ կէսօրուն աժան ֆուլը կը նախընտրէին …:

Սակայն Գահիրէն միայն Քոշարիով, կամ ալ երգերով եւ յատկապէս Ուրբաթ օրերու մզկիթներու «Ալլահու Աքպարներով», ու համեղ կերակուրներով չէր որ Միջին Արեւելքի կեանքին մաս կը կազմէր:

Գահիրէն բարքերով, ապրելակերպով, ձայներով եւ գոյներով, հինէն ի վեր Միջին Արեւելեան քաղաք եղած էր, եւ հոն ապրող ժողովուրդն ալ, կեանքի առօրեայի կամ ընտանեկան խնդիրներու մեծամասնութեան մասին , վարժուած էր Գուրանի եւ շրջանին մէջ տարածուած մտայնութեան ձեւով շարժիլ:

Այն ժամանակ Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածութեան մէջ, մանչ զաւակ ունենալը շատ կարեւոր էր, եւ կիներու համար ալ տղայ ծնիլը մեծ բախտ ու պատիւ կը նկատուէր : Բայց հակառակ որ դիւրին չէր, եւ կարելի ալ չէր այսօրուան պէս ծնելիք երախային սեռը առաջուընէ գիտնալ, մարդերը զանազան պատճառներով «տղա՜յ, տղա՜յ» կը նախընտէին , եւ միշտ մանչ զաւակ կ’երազէին, որովհետեւ կը խորհէին թէ, անոնք ընտանիքներու եւ անուններու շարունակութեան վստահ երաշխիք էին, միչդեռ աղջիկները «ուրիշ»ներուն տուները երթալու եւ անոնց պատկանելու սահմանուած էին …: 

Ընտանիքներու հայրեր միայն մանչ զաւակներով կ’ուրախանային եւ կը հպարտանային …:

Այդպէս էր շրջանին մէջ գտնուող ժողովուրդներուն մտայնութիւնը այն օրերուն , եւ հոն ապրող տարբեր ազգերու պատկանողներն ալ շատ չէին տարբերեր իրարմէ:
Հոն շուկաներու կամ տուներու մէջ, նոյնիսկ պարզ լուրերը երկու սեռերու բաժնուած էին : Երբ լաւ ըլլային, տղայ կ’ըլլային, ապա թէ ոչ՝ աղջիկ : Իսկ կարեւոր լուրի ժամանակ ալ, գրեթէ բոլորին մօտ սովորութիւն դարձած էր առաջ 
– Տղա՞յ, թէ աղջիկ, – հարցումը ուղղել լուր բերողին: 
Այդպէս էր կեանքը եւ սովորութիւնները այն օրերուն, ուր հինէն եկած այս մտածելակերպը, արդէն երկար ժամանակներէ ի վեր, խորունկ արմատ նետած էր ժողովուրդներու սրտին մէջ :

Հայրս ալ շատերու պէս Միջին Արեւելքի մէջ ծնած եւ պզտիկ տարիքէն նոյն նախապաշարումներով մեծցած՝ չէր կրնար ուրիշներէ բացառութիւն կազմել, եւ հետագային ալ երբ Գահիրէի երկնքին տակ օր մը մօրս կը հանդիպի, եւ զանգակներու ձայնով երկուքը այր ու կին կը դառնան, կ’երազէ տուն կազմել եւ շուտով զաւակներ ունենալ: Սակայն իր յատուկ նախընտրութիւնը մանչ զաւակ ունենալ էր եւ ատեն մը վերջ երբ մայրս յղի կը մնայ, հայրս, յուսալով, որ գալիքը տղայ պիտի ըլլար, առանց մօրս գաղափարը հարցնելու, ինքնիրեն, ծնելիք երեխան իր հօրը անունով Տիգրան կոչել կ’որոշէ…:

Այն օրերուն հօրս համար անհրաժեշտ էր ընտանիքին անունը յաւերժացնելը, իսկ տեղացի ժողովուրդին համար ալ ա՛յնքան կարեւոր էր մանչ զաւակ ունենալը, որ պզտիկը ծնելէն յետոյ, տեղացիները ծնողներուն բուն անունը գործածելէ աւելի, երեխային անունը տալով, այսինչ երեխային հայրը կամ մայրը ըսելով կը խօսակցէին անոնց հետ: 

Հայրս ալ այս ձեւ մտածելով, հպարտութեամբ կը խորհէր որ երբ սպասուած երեխան ծնէր, իր տեղացի բարեկամներէն «Ապու Տիգրան» կամ ալ «Տիգրանին հայրը» պիտի կոչուէր….:

Տղուն անունը որոշելէ յետոյ, հայրս գաղափարը միտքին մէջ դեռ երկար ամիսներ կը փայփայէ, եւ անհամբեր մօրս ծննդաբերութեան օրուան կը սպասէ: 
Օրեր կ’անցնին, ամիսներ կ’անցնին եւ գարնան սկիզբը առաւօտ մը երբ դեռ չտաքցած օրերու հովերը ծառերու տերեւները կը սրսփացնէին, եւ երկնքի պայծառ արեւն ալ, անոնց վրայ տեղ տեղ ոսկիի պէս կը փայլէր, մայրս մայրանոցին մէջ աղջիկ զաւակ մը կը ծնի եւ քանի մը օր յետոյ, խանձարուրի փաթթուած երեխայի մը լացը մայրամուտի ժամերուն հետը տուն կը բերէ:

Յուսախաբուած եւ վիրաւորուած՝ հայրս չ’ուզեր օրօրոցին մօտենալ:

– Յակո՛բ, եկուր, տե՛ս՝ որչափ գեղեցիկ է աղջիկդ,- կ’ըսէ մայրս, բայց հայրս օրօրոցէն հեռու կը մնայ:

Մայրս եւ Աքապի հօրաքս դեռ կը փորձեն զինք համոզել, բայց հայրս անդրդուելի կը մնայ եւ իր ապրած ժամանակներու մտածելակերպով, չգոհացած ու բարկացած, տունէն կ’երթայ եւ գիշերը ուշ կը վերադառնայ: Մայրս մինակ մնացած՝ կը համբուրէ քոյրս, կաթ կու տայ, եւ օրօր կ’երգէ:

Քանի մը օր վերջ երբ մայրս եւ հօրաքս պզտիկին անուն տալու համար հայրս օրօրօցին քով կը կանչեն, ան դեռ առանց մօտենալու, 

– Քանի որ անունը Տիգրան չեղաւ, թող Տիգրանուհի ըլլայ ,- կ’ըսէ հեռուէն…:

Մայրս շատ չի հաւնիր Տիգրանուհի անունը, բայց բան չըսեր եւ գիտնալով հօրս բնաւորութիւնը, կ’որոշէ քանի մը օր սպասել:

Մօտաւորապէս շաբաթ մը վերջ, հայրս օրօրոցին մօտերը եղած ժամանակ քոյրս յանկարծ կու լայ: Հայրս հետաքրքրութենէ մղուած օրօրոցին շղարշը ծայրէն կը վերցնէ, եւ երբ քրոջս վարդի պէս կարմրուկ թուշերով դէմքը կը տեսնէ, չի դիմանար գիրկը կ’առնէ, կը համբուրէ եւ մօրս դառնալով.

– Աննի՛կ, այս աղջիկը վարդի պէս գեղեցիկ է … Ես տասը տղու հետ չեմ փոխեր կ’ըսէ ու մօրս երեսը կը համբուրէ:

Այն օրը երկուքը պզտիկ աղջկան անունը Տիգրանուհիի տեղ Վարդուհի կը դնեն: Դրացիներէն Օմմու Սապրին եւ Օմմու Այտան տուն կու գան, կը շնորհաւորեն մայրս, եւ անկէ յետոյ մօրս «Օմմու Ուարտա» կամ «Վարդուհիին մայրը» ըսելով կը կանչեն:
Անկէ յետոյ կ’անցին դեռ շատ օրեր ու երկար ամիսներ, եւ մօտաւորապէս երեք տարիներ յետոյ, մայրս մայրանոցին մէջ այս անգամ իր առաջին տղայ զաւակը կը ծնի, եւ տարիներ առաջ ծնած առաջին աղջկան պէս, անոր ալ լացը հետը տուն կը բերէ: 
Նորածինի լացին հետ տարիներ առաջ մեր տան մէջ եկած տաք արեւը երկու կը դառնայ, եւ երեք տարեկան քոյրս կը համբուրէ նոր եկած պզտիկ արեւը: 
Հայրս կ’ուրախանայ, երախային անունը Տիգրան կը դնէ եւ այն օրը օրօրոցին քովէն չի հեռանար: 

Դուրսը փողոցին մէջ կեանքը սովորականին պէս կը վազէ, արեւը քալող մարդոց ետեւէն շուքը ասֆալտին վրայ կը ձգէ, եւ մայրաքաղաքի ռատիոկայանի խօսնակը կը շարունակէ սրճարաններու բարձր բացուած ռատիոյի գործիքներէն յայտագիրներ ընդմիջել եւ «Հունա Ալ Գահիրա» հաղորդել…

Հայրս՝ կամ «Ապու Տիգրանը», այն օրը մասնաւոր հաճոյքով կը լսէ փողոցի սրճարանէն եկող խօսնակին ձայնը, շղարշով կը գոցէ երախային երեսը, եւ գոհ շուրջի կեանքի հոսանքէն, կը ժպտի ու ծռելով կը շարժէ առջեւի պզտիկ օրօրոցը…:

Քամփինաս, Պրազիլ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին