«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու Կեդրոնական դրամատուներու նախագահները, որոնք Հայաստան ժամանած են ՀՀ դրամի ներդրման 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը ողջունած է հիւրերը կառավարութեան մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց ՀՀ դրամի ներդրման 25-ամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու համար: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չնայած ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան՝ հայկական դրամը շարունակած է պահպանել իր կայունութիւնը, ինչը կարեւոր գործօն է տնտեսութեան զարգացման տեսանկիւնէն: Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է ԵԱՏՄ երկիրներու Կեդրոնական դրամատուներուն միջեւ սերտ փոխգործակցութիւնը՝ ֆինանսական շուկաներու զարգացման, տնտեսութիւններու յառաջմղման, նոր համակարգերու ներդրման նպատակով: Վարչապետը յոյս յայտնած է, որ ֆինանսական կառոյցներու ղեկավարներուն միջեւ կը շարունակուին արդիւնաւէտ ու կառուցողական քննարկումները՝ ի նպաստ համագործակցութեան զարգացման:
ԵԱՏՄ պետութիւններու ԿԲ նախագահները վարչապետին ներկայացուցած են փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման միտուած քայլերը, որոնք կը նպաստեն համատեղ գործընթացներու ծիրէն ներս տնտեսութիւններու, այդ կարգին՝ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման ու խորացման:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ ԵԱՏՄ ծիրին մէջ ազգային արժոյթներով փոխադարձ հաշուարկներ իրականացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ:






