«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 14 ամիսէ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացի Ճօ Ռոպինսոնը դիմած է Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն եւ խնդրած իրեն ազատել թրքական բանտէն:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:
Ռոպինսոնը բրիտանական «ITV News»-ին տուած հարցազրոյցին նշած է, որ ինքը կը գտնուի խոր ընկճախտի մէջ:
Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ռոպինսոնի խնդրանքին եւ նշած, որ ուշադիր կը հետեւի իր գործին եւ կապ հաստատած է Թուրքիոյ համապատասխան մարմիններուն հետ:
Ճօ Ռոպինսոնը Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է 2017-ին, երբ իր քիւրտ ընկերուհիին՝ Միրա Ռոժքանի հետ մեկնած էր հանգստանալու: Իր ընկերուհին նոյնպէս ձերբակալուած է: Զոյգը կը մեղադրուի ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու եւ օժանդակելու յանցանքով:
Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Ռոպինսոնը մի քանի տարի առաջ եղած է Սուրիա եւ օժանդակած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը գործող քրտական ազգային զինուած ջոկատներուն (PYD/YPG), որոնք Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական հռչակուած են: Թրքական դատարանը Ռոպինսոնը դատապարտած է 7 տարի 6 ամիս ազատազրկման: