Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Ծանր Իրավիճակը Կը Քննարկուի ԵԱՀԿ / ԺՀՄԻԳ Համաժողովին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ / ԺՀՄԻԳ համաժողովին Սեպտեմբեր 17-ին քննարկուած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ծանր իրավիճակը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:

Համաժողովի ազրպէյճանցի մասնակից, իրաւապաշտպան Էմին Հուսէյնովը նշած է, որ Ազրպէյճանը մարդու իրաւունքներու խախտման երկար եւ դժբախտ պատմութիւն ունի։ Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան վիճակը 2014-էն սկսեալ, երբ տեղական եւ միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու նկատմամբ քրէական տարբեր գործեր յարուցուեցան, աւելի վատթարացաւ:

«Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կապուած լուրջ խնդիրները կը շարունակեն մնալ նաեւ այսօր: Հասարակական կազմակերպութիւններէն շատերը երկրէն ներս գործունէութիւն ծաւալելու ժամանակ այսօր ալ կը շարունակեն անցնիլ մեծ դժուարութիւններէ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները բազմիցս ցոյց տուած են, որ կ’անտեսեն մարդու հիմնարար ազատութիւնները»,- նշած է իրաւապաշտպան Էմին Հուսէյնովը:

Վարշաւայի մէջ Սեպտեմբեր 10-էն մեկնարկած ԵԱՀԿ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան ու ժողովրդավարութեան վերաբերեալ տարեկան համաժողովին մասնակցած է նաեւ ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան Էմին Հուսէյնովը: Մշտապէս ալիեւեան ռեժիմի քննադատութեամբ աչքի զարնող Հուսէյնովը Վարշաւայի մէջ հանդիպած է Լեհաստանի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն, խորհրդակցութիւններ ունեցած հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:

Հանդիպումներէն ետք ազրպէյճանցի իրաւապաշտպանը հայերուն հետ ճաշած է Վարշաւա գտնուող Golden Apricot ճաշարանին մէջ, որ հայերուն սիրելի վայրն է:

Իրաւապաշտպանի՝ հայերուն հետ ունեցած ընթրիքը զայրոյթ յառաջացուցած է Ազրպէյճանի իշխանական եւ հասարակական ծիրէն ներս, ինչը իր արտայայտութիւնը գտած է մամուլի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին