ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Սեպտեմբեր 15-ին ընդունած է Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ մէկ տասնեակէն աւելի դեսպանները, որոնց այցը Հայաստան կազմակերպուած էր Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ։
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով ներկաները, ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ նման այցերը կ’ըլլան պարբերական եւ կը խթանեն բարեկամական երկիրներուն հետ համագործակցութեան հետագայ խորացումը։
ՀՀ ԱԳ նախարարը դեսպաններուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական վերջին զարգացումները, կառավարութեան ծրագիրի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գերակայութիւնները։
Նոյն օրը դեսպանները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։






