Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Վերամուտ

ՀՐԱՉ ԻՆՃԷԵԱՆ

Հասկնալով հանդերձ յօդուածագրի զգացական պոռթկումը, անպայմանօրէն չենք բաժներ հոն տեղ գտած բոլոր միտքերը:

Նիւթը հրատապ է անկասկած եւ կը կարօտի արմատական լուծումներու, որ անշուշտ հիմնուած պէտք է ըլլայ զգացականէ անդին գիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ, որուն պակասէն կը տառապին հայ սփիւռքները:

«Խմբ.»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ահաւասիկ աշունը եկաւ։ Վերամուտ է։ Արդէն երեք ամիս վերանորոգութիւններէ ետք լիբանանահայ վարժարանը պատրաստ է աշակերտներ ընդունելու նոր տարեշրջանին համար։

Սակայն մտահոգուեցայ, երբ վերջերս քանի մը անգամ յօդուածներ, թղթակցութիւններ կարդացի, հարցազրոյցներ լսեցի մեր դպրոցներուն ծանր վիճակին մասին։ Գիտէի, բայց չէի պատկերացներ, որ այս աստիճան դժուար վերամուտի մը սեմին կանգնած է հայ վարժարանը։ Կը կարդամ, որ օրէ-օր հայ աշակերտներու նուազում կ’արձանագրուի, ծնողները իրենց զաւակները մեր վարժարաններէն հանելով՝ կը տանին օտար վարժարաններ` տնտեսական պատճառով, բայց, ըստ երեւոյթին, հայ աշակերտը միշտ չէ, որ պետական դպրոց (ձրիավարժ) դպրոց կը յաճախէ։ Այլ նաեւ Լիբանանի առաջնակարգ վարժարաններ։ Եթէ պատճառը տնտեսական է, կը նշանակէ, որ ծնողքը կրկնապատիկ կան տեղեր քառապատիկ կրթաթոշակ պիտի չի կարենար վճարել այդ առաջնակարգ դպրոցներուն:  Ես կը կարծեմ երեւոյթը պարզապէս շփացածութիւն ու մրցակցութիւն է:

Եթէ պիտի խօսիք մակարդակի մասին, ապա ըսելիք չունիմ, միայն կ’ըսեմ` ուսումնասիրեցէ՛ք լիբ. պետական քննութեանց արդիւնքները, արդէն պատասխանը առած կ’ըլլաք։

Սիրելիս, թերեւս ես վերջին անձը ըլլամ, որ իրաւունք ունենամ այս նիւթին մասին խօսելու։ Շատ փորձեցի լուռ մնալ, բայց ձախողեցայ, որոշեցի խօսիլ միայն այն ատեն, երբ հարցազրոյց մը լսեցի, ուր կ’ըսուէր` «Հայ դպրոցի այս անկումին պատճառը հայ ծնողն է։ Ով հայ ծնողներ, որոնք ձեր զաւակները օտար վարժարաններ կ’ուղարկէք, այս իրավիճակը ձեր ճիտին պարտքն է։

Ճիշդ հոս էր, երբ որոշեցի ես ալ իմ համեստ կարծիքս տալ։ Սիրելի միութենական ղեկավար, յարգելի տիտղոսաւոր բարեկամ, արդեօք ձեր զաւակներուն յաճախած վարժարանը հայկակա՞ն է, ձեր վարչական կազմի անդամներուն զաւակներուն յաճախած վարժարանները հայկակա՞ն են։ 

Վե՛րջ ու վերջ։

Վե՛րջ այս խայտառակութեան, նախ դուք ձեր ճիտին պարտքը վճարեցէք եւ գայլի աւետարան մի կարդաք խեղճ ժողովուրդին գլխուն մինչ դուք լաւագոյն օրինակները չէք:  

Հայ ծնողքը գիտակից է, սակայն երբեմն տարուող, հայ ծնողքը այնպէս մը դաստիարակուած է իր դպրոցին մէջ, որ յարգէ միշտ իր առաջնորդները։ Բայց այդ օրերուն ձեր նման առաջնորդներ չկային, բայց դաստիարակութիւնը չէ փոխուած։ Այսօր ալ հայ ծնողքը կը հետեւի իր առաջնորդին` զաւակները տանելով օտար վարժարան։ 

Ուրեմն եկէք մեր մէջ փնտռենք։ Որպէսզի սխալ տեղեր չերթանք, տնտեսական կամ բնակած շրջանի եւ այլ պատճառներ տանք, այլ դնենք մատը վէրքին վրայ։

Հայ վարժարանի պատերը նորոգելէ առաջ, նախ այդ ղեկավարները նորոգենք, կրթական պատասխանատուներ նշանակելու համար չնայինք տիտղոսներու, այլ նայինք ու չափենք կարողութիւնը: Նայինք, որ արժանի ըլլան նշանակուելու, եթէ փրկել կ’ուզէք վիճակը։

Հայ վարժարանը կառուցուած է գոյատեւելու համար, ո՛չ ծախուելու, ոչ ալ փակուելու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին